Այս անունով ծանօթ էր ան. Մեր ընկերը, մեծանուն յեղափոխականը,
որ երեք օր առաջ օտար հողին յանձնուեցաւ Փարիզի մէջ:
Հատ մըն ալ կ'աւելնայ նոյն հողին վրայ «հայոց մեծաց» գերեզմաններէն. հոն՝ ուր հին օրերէն կը հանգչի Կիլիկիոյ տարաբախտ ու հայրենասէր թագաւորներէն Լեւոն Զ-ը (Սէն Տընի). իսկ Փէռլաշէզի մէջ՝ Ազգային Սահմանադրութեան հիմնադիրներէն՝ գրագէտ ու ազգային անմահ գործիչ՝ Գրիգոր Օտեանը, հայկ. Ազատագրութեան աասպետական դէմքերէն՝ Անդրանիկ, Հայկ. Հանրապետութեան արժանայարգ վարչապետներէն՝ Ա. Խատիսեան եւ հայ գրականութեան փառքերէն՝ Ա. Ահարոնեան: