Ժամանակը անցաւ, սակայն
չմարեցաւ այն օրերու յիշատակը: Անհամար ձերբակալութիւններէ, բանտերէ ու աքսորներէ վերջ
կառավարութիւնն ու հարուստներ մեռած կը կարծէին յեղափոխական ոյժը Պոլսոյ մէջ եւ կը
պատրաստուէին ազատ շունչ քաշել: Շահբազը, այդ ստոր արարածը, յանդգնեցաւ յեղափոխութեան
դէմ դաւաճանել. սողացող հայ լրտեսներ ամեն կողմ կը վախտային. հարկ էր սարսափեցնել անոնց,
հարկ էր ապացուցանել, որ «Դաշնակցութիւնը» թեւատարած կը հսկէ եւ արծւի աչքեորվ կը դիտէ
իր շուրջ անցած դարձածները:
Չորս ահաբեկիչներու Գարաքէօյի հերոսական կռիւը եւ անոնց եղերական մահը յաւիտենական դատապարտութիւնն եղան վաշխառու Եղիային: Այնուհետեւ ուրիշներ կայծակի արագութիւնով գետին գլորեցին լրտես Մարգարը, որոյ գոյութիւնը յեղափոխական մարմնոյն խոշոր արատ մ'էր: Իրերու այսքան արագ յաջորդող դէպքերը, դեռ ցանկալի ազդեցութիւնը չէին ըրած, վատութեան սերմը ցած հոգիներու մէջ միշտ գոյութիւն ունէր. հարկ էր, որ արիւնոտ սուրը շողար նաեւ անոնց գլխուն:
90 թւականին լուսարար Օննիկի ըրածները, նոր մատնութիւնով մը, աւելի ծանրակշիռ կերպարանք կըստանային: Այս անպիտանը համարձակած էր Մայր-Եկեղեցին ապաստանած ահաբեկիչը կառավարութեան մատնել, որու վրայ կառավարութիւնը Գումգաբուի փողոցները ձիաւոր ու հետեւակ զինւորներով լեցուց եւ հայերը սարսափով սկսան յիշել 86-ի եւ 90-ի օրերը:
Իրիկուն մըն էր: Օննիկ գինետուն մը նստած, ալքօօլի գոլորշիներուն մէջ կուզէր խեղդել իր խղճի խայթը. դուրսը ոստիկաններ եւ զինւորներ սպառազէն՝ ամայացած փողոցներու մէջ կը դեգերէին, սրճարանները դատարկւած եւ բոլոր կասկածելի կամ ըստ երեւոյթին անգործ մարդիկ ձերբակալւած էին: Ձիերու անընդհատ դափրտոցը, զէնքերու շաչիւնը, նոյն իսկ իրենց տուներուն մէջ երկչոտ քաղքինիներու սիրտը դող կը հանէին: Օննիկ հակառակ այնքան հսկողութեան, դարձեալ անապահով կզգար ինքզինքը եւ կը սոսկար Դաշնակցութենէն:
Մարտիրոսը դաւաճանի դիակը իր ոտքին տակ փռելէ յետոյ, առանց շփոթելու, ատրճանակը ձեռքը սեղմած՝ դուրս սլացաւ եւ առաջին հանդիպած ոստիկանն ու զինւորը երկու գնդակով գետին տապալեց: Ճամբան բաց էր, Մարտիրոս հեռացաւ եւ բաց տան մը դռնէն ներս մտաւ: Տնեցիք տեսնելով օտարոտի արիւնաշաղախ երիտասարդը, սկսան աղաղակել: Ձիաւոր զօրքեր այդ միջոցին պաշարեր էին բնակարանը. ահաբեկիչը կատաղի առիւծի պէս խոյացաւ անոնց վրայ եւ մէկը գլորերլէ ետքը կրկին խոյս տւաւ: Հալածումը սոսկալի էր: Ամէն կողմէ «անձնատուր եղի՛ր» կը պոռային. ինչ որ քաջերու համար այդ բառը գոյութիւն չունի: Ձիաւորները խիստ մօտեցած էին, ատրճանակին մէջ գնդակ մը միայն մնացած էր. «Ես ձեզի պէսներուն անձնատուր չեմ ըլլար» գոչեց խրոխտ ահաբեկիչը եւ վերջին գնդակն ալ իր բերնին մէջ պարպեց ու մեռաւ հերոսի նման,ն ախընտրելով վայրկենական վեհանձն մահը թրքաց բարբարոսական անլուր չարչարանքներէն եւ գազանութիւններէն:
Այս գեղջուկ հոգիի յիշատակը հիացմունքով կը լեցնէ ամեն յեղափոխականի սիրտ: