Ցաւով կը տեղեկանանք, որ Յունուար 9ին Պրիւսէլի մէջ մեռած է ընկեր Արշակ Մուշեղեան (Եզիտ) երկարատեւ հիւանդութենէ վերջ: Յուղարկաւորութիւնը կատարուած է ձեռամբ Յովհ. Ծ. Վրդ. Նալպանտեանի:
Հանգուցեալ ընկերը բնիկ Պիթլիսցի էր եւ ծանօթ «Պիթլիսցի Արշակ» անունով:
Կանուխէն մտած էր կուսակցութեան շարքերը եւ նուիրուած յեղափոխական աշխատանքի:
Յիշատակութեան արժանի է մասնաւորապէս իր գործունէութիւնը Պոլսոյ մէջ, համաշխարհային առաջին պատերազմի վաղորդայնին, Զինադադարի շրջանին:
Հայ եւ օտար լրտեսներ ու դաւաճաններ Մեծ Եղեռնի օրերուն թուրք ջարդարար կառավարութեան հաշուոյն աշխատած էին եւ պատճառ դարձած բազմաթիւ հայերու սպանութեան եւ բանտարկութեան:
Քսան կախաղաններ բարձրացած էին Պայազիտի հրապարակին վրայ 1915 Յունիսին՝ Հնչակեան ստոր մատնիչի մը պատճառաւ:
Պիթլիսցի Արշակ եղաւ մէկը այն վրիժառու բազուկներէն, որոնք արժանի պատիժը տուին դաւաճաններուն:
Պոլսէն տարագրուելէ վերջ, պահ մը մնաց Փարիզ, յետոյ հաստատուեցաւ Պրիւսէլ, ուր ապրեցաւ մինչեւ իր մահը: Շուրջ 65 տարեկան էր: