Pages

26 October, 2024

Զաւարեանի Հոգին. Սիամանթօ

Ահաւասիկ մօրդ արցունքն իմ ճակտիս,
Եւ իր աղերսն ու հեծեծանքը աչքերուս մէջ.
Ահաւասի՛կ զաւկիդ զարմանքն ու զարհուրանքը հոգիիս հետ՝
Եւ քե՛զ կուգամ քու մաքուր մահդ ողջունելո՜ւ...

Եւ ես կ'ողջունեմ քեզ, ո՜վ Լոռիի լռին զաւակ,
Որ Սանահինին դէմ՝ դուն քու հոգիդ ծաղկեցուցիր.
Եւ ես կ'ողջունե՛մ քեզ Արարատի ազնի՛ւ որդի,
Արագածի՛ հարսնեղբայր, եւ Արաքսի՛ արգասիք...

Եւ ես կ'ողջունեմ քեզ, ո՛վ յանկարծամահ ուղեւոր,
Եւ փառքերէ փախստական եւ րոպէի տարագիր,
Ակնթարթի՛ մէջ ոգեւորող եւ լոյսէն արագ մահացեալ
Եւ այսպէս թո՛ղ ողջունեմ քեզ, մահւանդ առջեւ երգելո՜վ...

Եւ ես կ'ողջունե՛մ քեզ, ո՜վ մարդկային հայելի,
Որուն մէջ մին իր հրաշքին ծանօթացաւ.
Եւ որուն մէջ ուրիշ մը իր սեւ դէմքէն էր շանթահար...
Եւ որուն մէջ անթիւներ առաքինութեամբդ օծուեցան...

Եւ թող ողջունեմ քեզ, ո՜վ հոգիի ուսումնարան,
Ուր մարդերն սկսան մէկզմէկու վրայ խորհիլ.
Եւ ես կ'ողջունեմ քեզ, ո՜վ բարեհամբաւ բանտարկեալ,
Երբ քո քաղցի օրերուդ դուն քու սիրտդ կրծոտեցիր...

Եւ ես թո՛ղ ողջունեմ քեզ, երէց եղբայրը մեր ամենուն,
Մեր ամենուն խնկարկու, մեր ամենուն մտրակիչ,
Եւ անկաշկանդ հռետոր եւ մաքսաւորաց հալածիչ...
Եւ դուն տաճարներ մաքրագործող ընկերային Նազովրեցի...

Եւ ես կ'ողջունեմ քեզ, ըմբոստութեանց կարմիր դրօշ,
Որ գերիին եւ անխիղճին համար՝ նոյն ժամանակ ծածանեցար,
Եւ դեռ քաղցրօրէն դուն ձիթենի խաղաղութեան,
Եւ մրրիկէ մը տարւած բազմապտուղ եւ բարի ծառ...

Եւ ես կ'ողջունեմ քեզ, խորհրդանիշ պայծառութեան,
Դո՛ւն մարդերու խղճի նժար,
Դո՛ւն մարդերու մտրակիչ եւ մարդերէն մարտիրոս.
Եւ դուն, անոնց անգին նոխազ, եւ դուն անոնց անգին գերի...

Եւ ես՝ իմ սէրերո՛վս կ'ողջունեմ քեզ, թափառական այցելու,
Դուն՝ ուրիշին ուղեցոյց, դուն ուրիշին արահետ,
Դուն ուրիշին ոտքի հող, եւ ուրիշին գլխի պսակ,
Եւ ուրիշին ողջակէզ, եւ ուրիշի համար ամրոց...

Եւ նորէ՛ն քեզ կ'ողջունեմ, ո՜վ ձեռքէ ի ձեռք շրջող՝
Հոգէ սափոր անպերճան,
Որուն մէջէն ժողովուրդ մը յուսահատ՝
Քու հոգիիդ հուրը խմեց...

Ու դարձեալ կ'ողջունեմ քեզ, ո՜վ տառապանքի բեռնակիր,
Հասարակաց դուն ուղղամիտ սպասաւոր.
Ժողովրդի ժամկոչ, զրկեալներու իրաւաբան,
Եւ պարագլուխ խոնարհ եւ անդադար մշակ եւ մեծարժէք բանւոր.

Եւ նորէ՛ն քեզ կ'ողջունեմ, գերերջանիկ գիւղատնտես,
Երբ քու գութդ ուրիշին համար գարո՜ւն էր...
Երբ ամառդ առատութի՜ւնն էր թշուառին,
Երբ աշունդ արդի՛ւնք էր եւ քու ձմեռդ արեգա՛կ...

Եւ ամեն խիղճ թող ողջունի քեզ, ո՜վ մաշած ծունկով ճգնաւոր,
Գաղափարի եւ գիտութեան մեծահմուտ տարածիչ,
Անխոնջ ցանող հայ դարերէն մեր ժառանգած յոյսերուն
Եւ յոյսի վկայ, յոյսի եղբայր, յոյսէն գինո՛վ գործաւոր:

Եւ ամեն ոք թող ողջունէ քեզ, ով անօրի ճանապարհորդ,
Որ իր ցուպն ի ձեռին ուրիշին համար միայն մուրաց.
Եւ թո՛ղ ողջունեն քեզ, ո՛վ զգացմանց յստակ ջրվէժ,
Որուն սիրտը աղբիւր մըն է մէն մի ծարաւի հանդէպ...

Եւ մարդերն թող ողջունեն քեզ, ո՜վ հազւագիւտ լուսարար,
Որ իր կաթիլ մը իւղովն ուրիշին կանթեղը կը վառէր...
Եւ նորէն քեզ կ'ողջունե՛մ, ո՜վ նուիրական կտաւագործ,
Որ ի՛ր անձին պատանքէն ուրիշին պատրոյգ միա՛ն կտրեց...

Եւ վերջապէս իմ ձեռքերս դէպի երկինք թող ողջունեմ քեզ՝ ո՛վ Խրիմեանի մը հոգւոյն եղբայր,
Դուն լոյսի՛ սրինգ, լոյս աչքերով հողէն ելած ուրւական,
Լոյսին վազող առաքինի, լո՛յս բաժանող Հայրենասէր,
Լոյսին դիմաց ծնրադիր եւ լոյսին համար մահացող մարդ...

Սիամանթօ
Դրօշակ – Մայիս-Յունիս 1914

Ալիք (Թեհրան) – 1981, Թիւ 271