Ընկ. Նիկոլ Հիւանդ Էր Երկար Ժամանակէ Ի Վեր
1920-ի հայ-թուրքական պատերազմին ընկեր Նիկոլ, այն ատեն հայկական բանակի սպայ, ծանր կերպով վիրաւորուած էր: Երկար դարմանումէ ետք թէեւ իր վէրքը բուժուեցաւ, բայց մեր ընկերը այլեւս կէս հաշմանդամ էր: Իր մարմինէն թափանցած գնդակը այնպիսի աւերում էր առաջ բերած ներքին օրկաններու մէջ, որ 1920-էն ի վեր ընկեր Նիկոլ ենթակայ էր դանդաղ բայց անընդհատ ներքին թունաւորումի:
Ընկեր Նիկոլի հուժկու կազմը ամէն օր աւերումի կ'ենթարկուէր: Վերջին օրերը մեզ հասած տեղեկութիւնն այն էր որ անոր առողջական վիճակը այնքան ծանրացած է, որ ոեւէ վայրկեան ծանր դժբախտութիւն կրնայ պատահիլ իրեն: Եւ ահա կու գայ իր եղերական մահուան գոյժը, որ չի կրնար չհամակել անկեղծ վիշտով բոլոր անոնք, որոնք ճանչցածծ են մեր սիրելի ընկերը:
Ընկ. Նիկոլ Օդաբաշեան անձնասպանութեամբ վերջ տուաւ իր կեանքին: Նախ քան իր վճիռը գործադրելը, մեր տարաբախտ ընկերը հետեւեալ նամակը ուղղած է Հ. Յ. Դ. Նիւ Եորքի կոմիտէին:
4-28-43
Հ. Յ. Դ. Ընկերներին
Սիրելի ընկերներ,
Ներողամիտ եղէք, որ վերջին անգամ ձեզ մնաք բարեւ չասացի. այս երկտողովս կը գամ ձեզնից հրաժեշտ առնելու:
Ամէն բան վերջ ունի: 22 տարի է այս գնդակի առաջ բերած աւերից տառապած եմ, բայց վերջապէս քիչ մը տանելի էր. ցաւը այս վերջին ամիսները շատ սուր կերպարանք ստացաւ:
Մասնագէտների դիմեցի, ոչ մի բանի առաջ կանգ չառի որ առաջը առնեմ, բայց գնալով աւելի սաստակացաւ. Գիշեր ցերեկ հանգստութիւն չունէի, թէեւ չէի ցոյց տալիս, բայց էլ անտանելի է:
Փոխանակ գիշեր ցերեկ տառապելու, աւելի լաւ է միանգամից վերջ տանք. արդէն տանջուածս բաւ է:
Ուրեմն մնաք բարեւ, իմ սիրելի ընկերներ, ծանօթներ եւ բարեկամներ:
Նիկոլ
«Հայրենիք», Պոսթոն
45-րդ Տարի, Թիւ
9439
Կիրակի, Մայիս
23, 1943