Մեռելներ կան որ պէ՜տք է
անգամ մը եւս մեռցնել...
Ահաւասիկ հրէշածին
հայ Յուդայ մը եւս որ նողկանքի օր մը ծնեցաւ...:
Բայց ո՜վ գիտէ, ո՞ր խաւարչտին, ո՞ր զզուելի եւ ո՞ր խուժանամատոյց աղիճին արգանդէն,
Եւ ի՜նչ անէծքի, ի՜նչ դժնէ վարութեան, ի՜նչ քսմնտելի գիշերուան մը գարշանքին մէջ,
Իր դժխեմ հայրը, կարողացաւ, չարաշուքօրէն այդ գեհենի որդին սաղմնաւորել: