18 March, 2023

Սարգիս Սարուխանեան

Մայիս 18ին Պարսկաատանի Համատան քաղաքին մէջ ինքնաշարժի արկածի զոհ գնաց Հ. Յ. Դաշնակցութեան հինաւուրց զինուոր Սարգիս Սարուխանեանը, որուն եղբօր որդին, տարաբախտ Վահան Սարուխանեանն ալ Մայիսի 6ի գիշեր, Սալմաստի ահեռլի երկրաշարժի ժամանակ, Մահլամ գիւղին մէջ փլատակներուն տակ մնացած էր:

Սարգիս Սարուխանեանը ծնած էր Սալմաստ գաւառի Ղալասար գիւղին մէջ 1875ին: Այդ գիւղին մէջն ալ ստացած էր իր նախնական ուսումը: Գիւղական հասարակ ընտանիքի զաւակ էր: 1890ական թուերու սկզբին, երբ Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը իր յեղափոխական կեդրոններէն մէկը կը դարձնէր Սալմաստը, Սարգիսը կը դառնար մեր կուսակցութեան ուխտեալ եւ հաւատարիմ զինուորներէն մէկը եւ տասնեակ տարիներով կուսակցական ու յեղափոխական գործի կը լծուէր, Սալմաստի յեղափոխական գործերու վարիչ ընկ. Սամսոն Թադէոսեանի ձեռքին տակ աշխատանքներ կատարելով:

Մասնակցած է շարք մը հայդուկային կռիւներու, որոնք տեղի կ'ունենային սահմանագլուխին վրայ:

Խանասորի պատմական արշաւանքին (1897 յուլիս 25) ալ մասնակից եղած է: 1890-1900ական թուականներուն Սալմաստի յեղափոխական գործերու եւ շարժումներուն մէջ Սարգիսը անդուլ աշխատանք կատարած է իբր զինուոր, թիկնապահ, պահեստապետ, սուրհանդակ եւ այլն:

Պատերազմէն յետոյ, երբ Սալմաստի հայութիւնը քաղաքական դէպքերու բերումով հեռացաւ դէպի Կովկաս եւ այլուր, Սարգիսը հաստատուեցաւ Թաւրիզի մէջ: Սալմաստը հայերով լեցուիլ սկսաւ 1922էն սկսեալ եւ տարուէ տարի շէնցաւ, բայց դժբախտաբար վերջին երկրաշարժը հիմնովին քարուքանդ ըրաւ այդ գեղեցիկ գաւառը:

Սարգիսը ընտանեկան շատ ծանր պայմաններու մէջ ապրեցաւ: Կինը մեռաւ, երկու փոքերու խնամքը ծանրացաւ իր վրայ, իսկ ինք մնաց անգործ եւ տնտեսական ծանր պայմաններու ենթակայ:

Հ. Յ. Դ. Ատրպատականի կազմակերպութիւնը տարիներ շարունակ նիւթական համեստ օգնութիւն ցոյց տուաւ իր հինաւուրց զինուորին եւ անոր զոյգ զաւակներուն, որոնցմէ փոքր տղան՝ Մուշօն խուլ ու համր է:

Սարգիսը գործելէ եւ աշխատելէ աւելի կը սիրէր կարդալ: Անվերջ գիրք ու թերթ կը կարդար եւ «Վրէժ»ի գրադարանի մշտական ընթերցողն էր: Վառ յիշողութեամբ եւ ոգեւորութեամբ կը պատմէր Սալմաստի յեղափոխական դէմքերու եւ դէպքերու մասին իր յուշերը, որոնցմէ մաս մը գրի առած եմ: Հանդէսներուն եւ դասախօսութեանց կը հետեւէր ուշի ուշով եւ տարիներու ընթացքին լսելով ու կարդալով միայն կրցած էր ինքնազարգացման համեստ պաշար ձեռք բերել:

1929ի աշնան Թաւրիզէն գնաց Համատան, ուր կ'ապրէր մեր կուսակցական ընկերներու աջակցութեամբ:

Երկար ժամանակ իրմէ նամակ չառինք: Եւ ահա մայիս 18ին հեռագիր մը կը հաղորդէր թէ Սարգիս Սարուխանեանը ինքնաշարժի արկածի մը զոհ գացած է:

Այդպիսի դժբախտ արկածի մը զոհ գնաց նաեւ խմբապետ Խնկօն, անցեալ տարի յունիսին:

Սարգիս Սարուխանեանի մահով, կ'անհետանայ նաեւ Հ. Յ. Դաշնակցութեան հինաւուրց եւ համեստ զինուորներէն մէկը:

Յարգա՜նք իր յիշատակին եւ հանգիստ իր տանջուած ոսկորներուն:

Մայիս
«Յառաջ», Փարիզ
Զ. Տարի, Թիւ 1279
Երեքշաբթի, 3 Յունիս 1930