1895-ի աշնան, ճիշդ այն ամսուն, երբ սուլթանական դաւադրութիւնը
կազմակերպւած էր ընդհանուր կոտորած առաջ բերելու համար հայաբնակ գաւառներու մէջ, Սերոբ
բաւական զօրաւոր խմբով մը, երկինքէ իջածի պէս, ոտք կը դնէր հայրենի հողին վրայ: Անոր
Սոխորդ հասնելու երկրորդ օրը լուր կուգայ թէ Բաղէշը կոտորւեր եւ շրջակայ գաւառներուն
մէջ ալ ջարդի սարսափ կը տիրէ: Սերոբ իր խումբի 27 տղաքներէն 15-ը կը բաժնէ կոտորածի
ահը կեցող գիւղերուն մէջ, խոստանալով որ վտանգի րոպէին ուր է ուր չէ օգնութեան կը հասնի.
իսկ ինք 12 հոգով կըսպասէ Սոխորդ գիւղի մէջ: Բաղէշի կոտորածի գուժերուն երկրորդ օրը,
Սոխորդը յանկարծ սեւ ամպերու պէս կը շրջապատւի կատաղի քիւրդերով, որոնք կուզէին այդ
գիւղին առաջին հարւածը տալ եւ տկարացնել զայն, միւս մնացած գիւղերը այլեւս հեշտ էր
ջարդել, թալանել ու աւերել: Քիւրդերը սակայն երբէք մտքերնէն չէին անցներ որ այնտեղ
յեղափոխականներ կարող էին գտնւիլ. միմիայն կը մտածէին գիւղացիներու մասին, որոնք իրենց
կարծիքով, ինչքան ալ կտրիճ ըլլային, անզէն՝ բան չէին կրնար ընել 5-600 զինւած քիւրդերու
դէմ: Ատոր համար ահագին պատրաստութիւններ տեսած էին նախօրօք, էշեր, սայլեր, ձիեր բերած
էին հետերնին, որպէսզի գիւղին ճոխ աւարն ու կողոպուտը կարենան բեռնալ եւ իրենց վրաները
փոխադրել: