Բաւական վատ վիճակի մէջ հասած նամակ, որ կը գտնուի Հ.Յ.Դ. կեդրոնական
արխիւի Ամերիկայի կազմակերպութեան յատկացուած 1918 թուականի թղթածրարին մէջ. նամակին
թուականը թիւրիմացաբար կարդացուած է 1918. Պէտք է ըլլայ 1915. այդպէս ալ կը հետեւցուի
բովանդակութենէն: Հեղինակը, ինչպէս ձեռագիրն ալ ցոյց կու տայ, Ռուբէն Տէր Մինասեանն
է, Տարօն-Սասունի հին գործիչներէն, եւ ղեկավարներէն մէկը 1915 թ. Սասնոյ ինքնապաշտպանութեան:
Եօթը ամիս Սասնոյ լեռներուն մէջ թուրք ջարդարարներուն դէմ անհաւասար ու հերոսական կռիւներ
մղելէ ետք, յաջողած էին ինք եւ Վահան Փափազեան (Կոմս) ճեղքել պաշարման շղթաները ու
շուրջ 30 մարտիկներով անցնիլ Կովկաս: Այս նամակը, այլապէս յուզումնալի, գրուած է ուրեմն
իր ապրած ոդիսականէն երեք ամիս ետք: Ուղղուած է Արսէն Միքայէլեանին, բուն անունով Տէր
Յովհաննիսեան Արսէն (1885-1941), դաշնակցական երիտասարդ բայց եւ վաստակաւոր գործիչներէն,
որ յիշեալ թուականին Ամերիկայի Կեդր. կոմիտէի գործիչներէն էր: Նախապէս, 1914 թ. Սեպտեմբերին
ուսումնասիրական գործով ան եղած էր Տարօնի շրջանը. այդ տեղէն նաեւ կու գար իր մտերիմ
ծանօթութիւնը Ռուբէն Տէր Միասեանի հետ:
Ոչ պաշտօնական. Այստեղ կը հրապարակուին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան պաշտօնաթերթ «ԴՐՕՇԱԿ»-ի, եւ տարբեր երկիրներու մէջ, տարբեր ժամանակներու հրատարակուած Հ. Յ. Դաշնակցութեան պատկանող պաշտօնական կամ ոչ-պաշտօնական մամուլէն պատմական եւ կարեւոր լուրեր, յօդուածներ, տեղեկութիւններ: