Ոչ պաշտօնական. Այստեղ կը հրապարակուին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան պաշտօնաթերթ «ԴՐՕՇԱԿ»-ի, եւ տարբեր երկիրներու մէջ, տարբեր ժամանակներու հրատարակուած Հ. Յ. Դաշնակցութեան պատկանող պաշտօնական կամ ոչ-պաշտօնական մամուլէն պատմական եւ կարեւոր լուրեր, յօդուածներ, տեղեկութիւններ:
31 May, 2021
Ներբող. Սրտանց՝ Զօրավար Դրոյին
26 May, 2021
Տէռօր. Ներկարար Ծատուր և խայըրսըզ Կարապետ
Հ. Յ.
Դ. Զմիւռնիոյ Կօմիտէի որոշմամբ՝ մայիս 13/26-ին մահւան պատժի ենթարկւեցին յայտնի
լրտեսներ՝ ներկարար Ծատուր և խայըրսըզ Կարապետ, առաջինը՝ իր տան մէջ, երկրորդը՝ հրապարակի
վրայ, խուռն բազմութեան ներկայութեամբ:
24 May, 2021
Վեհաշուք Յուղարկաւորութիւն Ս. Վրացեանի
Պէյրութ շատոնց նման յուղարկաւորութիւն տեսած չէր: Աւելի ճիշդը՝ երանաշնորհ Զարեհ կաթողիկոսի յուղարկաւորութենէն ի վեր: Ու մինչ եղերաբախտ հայրապետին սգակիրներուն հոգին ալեկոծող զգացումները սէրը, վիշտը եւ ափսոսանքն էին, ընկ. Սիմոն Վրացեանի դագաղին հետեւող ծովածաւալ բազմութեան ապրումը եղան յարգանքը, երկուղածութիւնն ու երախտագիտութիւնը:
21 May, 2021
Հերոսին Մահը. Սողոմոն Թէհլիրեան
Երէկ, հեռագիր մը կը գուժէր մեր ազգային, անզուգական հերոսներէն՝ Սողոմոն Թէհլիրեանի մահը, Սան Ֆրանսիսքոյի լաւագոյն հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ:
Քանի մը օրէ ի վեր, տեղեկացած էինք թէ կաթուած մը անգործութեան դատապարտած էր իր մէկ կողմը, թէեւ բարելաւման նշաններ կը տեսնուէին:
Ինչպէս Դաշնակցական Եղայ. Սիմոն Վրացեան
21 Մայիս 1969ին, Լիբանանի մէջ մահացաւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան վերջին վարչապետ, 1921 թուականի «Հայրենիքի Փրկութեան Կոմիտէի» ղեկավար, ՀՅԴ Բիւրոյի երկար տարիներու անդամ, վաստակաշատ մտաւորական Սիմոն Վրացեանը: Կը ներկայացնենք իր մէկ յօդուածը հրապարակուած 1947 թուականին:
20 May, 2021
Գոմսայ Կորիւնը
ՄԵՐ ԶԻՆՒՈՐԱԿԱՆ
ԶՈՀԵՐԸ
ՏԱՐՕՆ
Գոմսայ Կորիւնը
Գոմսայ Կորիւնը յայտնի էր եւ Իսրօ անունով: Բնիկ Մշոյ Գոմս գիւղէն էր, հարուստ ընտանիքէ: Կրթութիւնը կառնէ Ս. Կարապետի դպրոցը: Քսան տարեկան Իսրօն կը դառնայ գիւղապետ, շնորհիւ Հրայրի կը դառնայ Դաշնակցական, անոր աշակերտն ու երկրպագուն: Դաւաճան Աւրանաց Կարապետ վարդապետի տէրօրը կը գործադրէ, կը մասնակցի ֆէտայիներու կռիւներովնշ կը ձերբակալւի եւ Մուշի մէջ կը բանտարկւի 101 տարւան պատիժով, բայց կը ծակէ բանտին պատը եւ կը փախչի Սասուն, ուր նեցուկ կը դառնայ Հրայրին:
17 May, 2021
Դէպի Հայկական Աստուածատաճարը
Նկարները՝ ՀՅԴ Պատմութեան Թանգարան-Հիմնադրամին |
Ամէն ինչ, ամէն ինչ նրա մէջ մատնում էր հերոսին:
Տաք կարեկցութիւն դէպի իրաւազուրկն ու թոյլը, ֆանատիկ սէրը՝ դէպի իր ցեղն ու նրա գուրգուրած ազատութիւնը, բիբլիական անշահասիրութիւն ու համեստութիւն, վտանգի ու մահուան բացարձակ անգիտացում, ռազմական անսահման էնտուզիազմ. ահա հերոսը, ահա Քեռին...
11 May, 2021
Պաշտօնական Ազդեր. ՀՅԴ Բագւի Կենտրօնական Կօմիտէ
I