Ոչ պաշտօնական. Այստեղ կը հրապարակուին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան պաշտօնաթերթ «ԴՐՕՇԱԿ»-ի, եւ տարբեր երկիրներու մէջ, տարբեր ժամանակներու հրատարակուած Հ. Յ. Դաշնակցութեան պատկանող պաշտօնական կամ ոչ-պաշտօնական մամուլէն պատմական եւ կարեւոր լուրեր, յօդուածներ, տեղեկութիւններ:
31 July, 2020
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՕՐԻԵՆՏԱՑԻԱ - Մեր Ուղին
25 July, 2020
Քրիստափոր Միքայէլեան եւ Խանասորի Արշաւանքը
1897-ի սկիզբները Թիֆլիզի մէջ կը կայանար Դաշնակցութեան Բ. Ընդհ.
ժողովը, որը, սակայն, Երկրէն եւ արտասահմանէն չմասնակցող կարգ մը մարիններուն բողոքին
վրայ, համարուեցաւ Ռուսաստանի ընդարձակուած շրջանային ժողով: 1898ին միայն կարելի եղաւ
գումարել Բ. Ընդհ. ժողովը, որը երեք ամիս տեւեց եւ սահմանադիր ժողովի մը երեւոյթը առաւ,
իր տուած որոշումներով, մշակած կանոնագիրներով եւ մասնակցող վայրերու եւ ընկերներու
լրութեամբ:
21 July, 2020
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՕՐԻԵՆՏԱՑԻԱ - Առարկայական Մօտեցումի Մը Համար
Կը հարցնենք ուղղակի.– Ի՞նչ է հայ ժողովուրդի քաղաքական գերագոյն նպատակը:
Եւ կը պատասխանենք անվարան.– Հայ Դատի լուծումը:
Միացեալ Հայաստանի եւ անկախ ու ամբողջական հայութեան վերակերտումը: Վերահայացումը Հայկական լեռնաշխարհի եւ հայրենացումը տարասփիւռ հայութեան:
01 July, 2020
Վահան Նաւասարդեանի Քաղաքական Կտակը
Ասկէ եօթի տարի առաջ, 1949-ին, մեր անմոռանալի եւ մեծ ընկերը՝ Վ. Նաւասարդեան՝ կը հրատարակէր մեծարժէք գործ մը, «Բոլշեւիզմը եւ Դաշնակցութիւնը» խորագրին տակ:
Գրքին մէջ առանձին գլուխ մը նուիրուած է մեր առօրեայ պայքարներուն («Ինչո՞ւ կը պայքարինք»): Այդ գլուխէն կը քաղենք հետեւեալ հատուածը, զոր կրնանք նկատել մեր հանգուցեալ ընկերոջ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿՏԱԿԸ, գրուած՝ յուզիչ եւ սրտագրաւ ոճով, այլ նաեւ հայրենասիրական ջերմ շունչով.