21 April, 2024

Թրքական Ցեղասպանութիւնը Եկեղեցական Ճակատի Վրայ

Պետական գրաւոր հրամանագրերու համաձայն, Թուրքիա 1914-1918 բռնագրաւեց եւ կողոպտեց Հայոց պատկանող բազմաթիւ շէնքեր, նաեւ 2050 հայ եկեղեցիներ ու 203 վանքեր եւ աւերեց զանոնք:

20 April, 2024

Քրիստափոր եւ Ա. Ահարոնեան

Քրիստափոր Միքայէլեանը, Հ. Յ. Դաշնակցութեան հիմնադիրներից մէկը, շատ մեծ չափով օժտուած էր մի յատկութեամբ, որ ընդհանրապէս քիչերին է տրուած՝ անկախ նրանց տաանդի մեծութիւնից: Մեր կուսակցութեան մէջ եղել են մարդիկ, որոնք այս կամ այն մարզում աւելի շնորհալի են եղել, քան Ք. Միքայէլեանը: Հ. Յ. Դաշնակցութիւնն ունեցել է շատ աւելի տաղանդաւոր գրչի մարդիկ ու բեմասացներ, քան այդ կուսակցութեան նշանաւոր հիմնադիրը: Սակայն այդ կուսակցութեան մէջ ոչ ոք չի ունեցել այն, ինչ որ ունեցել է Ք. Միքայէլեանը եւ որի հետեւանքով էլ ամբողջ գլխով բարձր է եղել իր շրջապատից: Նրա այդ յատկութեան մասին շատերից եմ լսել:

19 April, 2024

Յուշ Մը Դանիէլ Վարուժանէն

Օսմանեան Սահմանադրութենէն (1908) վերջ, դպրոցական արձակուրդներուն, ծննդավայրս՝ Պարտիզակ ժամադրավայր եղած էր հայ մտաւորական ընտրանիին: Բոլոր անոնք, որ անգամ մը եկած այցելածծ էին այդ գեղեցիկ գիւղաքաղաքը, շինուած՝ լերան մը ստորոտը, բլուրի մը կողին, չէին մոռնար հմայքը «Ս. Մինաս»ի բարձունքին եւ իր սառնորակ վճիտ ջուրին, համայնապատկերը Վերի Արտերէն երեւցող սքանչելի վերջալոյսին, Լուսաղբիւրին, Դեղնութեան աղբիւրին, Ցատքան ջուրին (պզտիկ ջրվէժ մը), Պզուկ անտառին, հանրային պարտէզին, որոնց առինքնող գեղեցկութիւնները աւելի գերազանց ու բնական կը գտնէր փրոֆ. Աբրահամ Տէր Յակոբեան, քան Զւիցերիոյ նմանօրինակ տեսարանները, անոնցմէ շատերը արուեստական նկատելով: Անոնց կախարդիչ հրապոյրը կը պարտադրէր այցելուները՝ յաջորդ տարին եւս ժամադրուելու հոն, իբրեւ հիանալի ամարանոց, մտաւորական հաւաքավայր եւ հոգեպարար ուխտատեղի:

12 April, 2024

Արշաւիր Շիրակեան. գրեց Կարօ Սասունի

«Կտակն էր նահատակներուն» գիրքին հեղինակը եւ արտակարգ իրական վէպին հերոսը նոյն մարդն է – Արշաւիր Շիրակեան:

Բացառիկ տեղ մը կը գրաւէ պատուհասող այս բազուկը Հ. Յ. Դաշնակցութեան արդարադատ ահաբեկիչներու շարքին:

07 April, 2024

Ռոստոմի Ճառը

1917 թ. ապրիլ 6-ին, Թիֆլիսում, բաց անելով Հ. Յ. Դաշնակցութեան ռայօնական ժողովի հանդիսաւոր նիստը՝ Ռոստոմը արտասանեց հետեւեալ ճառը.-

Ընկերնե՛ր, բաց եմ անում Դաշնակցութեան առաջին ազատ Ռայօնական ժողովը ազատ Ռուսաստանում: Մենք ունեցել ենք շատ ազատ միջավայրերը, ուր գործել է մեր կուսակցութիւնը.- Ամերիկա, Եգիպտոս, Բալկաններ, Պարսկաստան եւ Տաճկաստան: Եւ եթէ մենք այսօր աւելի զուսպ ենք ու չենք խանդավառւում ուրիշների պէս, պատճառն այն է, որ մենք տեսել ենք Տաճկաստանի «ազատութիւնը», որ այնքան աղէտաւոր եղաւ մեզ համար:

03 April, 2024

Յեղափոխական Սուրհանդակը՝ Սեդօ Մուրատեան

Սեդօ Մուրատեան (սուրհանդակ Մուրատեան) ծնած է մօտաւորապէս 1850 թուականին, Մշոյ Առաղ գիւղը, ուր 70 հատ ընտանիք կար: Չորս եղբայրներու երէցն էր: Սեդոյի հայրը Մուրատ ջաղացպան էր: Որովհետեւ Մուրատի ջաղացքը կը գտնւէր գիւղին ծայրամասը, յեղափոխականներ, ինչպէս Արաբօ, Մխօ Շահէն, Սեւ Արօ, Գոլոս Յովհաննէս (մկրագոմեցի) և ուրիշներ հոն էին միշտ: Այս մթնոլորտին շնորհիւ Սեդոյի մէջ բոյն կը դնէ յեղափոխական ոգին:

23 March, 2024

Դաւաճաններ. Սիամանթօ

Մեռելներ կան որ պէ՜տք է
անգամ մը եւս մեռցնել...

Ահաւասիկ հրէշածին հայ Յուդայ մը եւս որ նողկանքի օր մը ծնեցաւ...:
Բայց ո՜վ գիտէ, ո՞ր խաւարչտին, ո՞ր զզուելի եւ ո՞ր խուժանամատոյց աղիճին արգանդէն,
Եւ ի՜նչ անէծքի, ի՜նչ դժնէ վարութեան, ի՜նչ քսմնտելի գիշերուան մը գարշանքին մէջ,
Իր դժխեմ հայրը, կարողացաւ, չարաշուքօրէն այդ գեհենի որդին սաղմնաւորել:

20 March, 2024

Տիգրան Պզտիկեան (1882-1910)

Պէյրութէն հասած հեռագրէ մը խորունկ ցաւով կ'իմանանք թէ Ատանայի Պզտիկեան ընտանիքի զաւակներէն Տիգրանը մեռած է Պէյրութի հիւանդանոցին մէջ ուր կը գտնուէր քանի մը ամիսներէ ի վեր:

18 March, 2024

Ք. Միքայէլեանի Մահը

Յեղափոխական կուսակցութիւնները յանուն սխալ, միակողմանի հասկացւած յեղափոխականութեան յաճախ զոհեր են տալիս՝ գործի տեսակէտից ոչ միայն անօգուտ, այլ եւ վնասակար:

Ընկեր Դրաստամատ Կանայեանի Յուղարկաւորութիւնը

Ողբացեալ Ընկերոջ Աճիւնը Կը Հանգչէր «Հայրենիք»ի Սրահը

Աւելի քան 1500 հայրենակիցներ՝ Պոսթընէն եւ արուարձաններէն, ինչպէս նաեւ նահանգին զանազան շրջաններէն, շաբաթ եւ կիրակի օրերը, մարտ 10 եւ 11, յարգանքով խոնարհեցան ողբացեալ ընկեր Դրոյի դագաղին առջեւ, որ կը հանգչէր «Հայրենիք»ի սրահին մէջ, բազմաթիւ ծաղկեպսակներով շրջապատուած պատուանդանի մը վրայ: