Բժիշկ Համօ Օհանջանեանի անակնկալ մահով, Հ. Յ. Դաշնակցութենէն անվերադարձ կը բաժնուի հին ու վաստակաւոր ընկեր մը, իսկ հայ ժողովուրդը կը կորսնցնէ իր հայրենասէր ու անձնուէր զաւակներէն մէկը:
Ոչ պաշտօնական. Այստեղ կը հրապարակուին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան պաշտօնաթերթ «ԴՐՕՇԱԿ»-ի, եւ տարբեր երկիրներու մէջ, տարբեր ժամանակներու հրատարակուած Հ. Յ. Դաշնակցութեան պատկանող պաշտօնական կամ ոչ-պաշտօնական մամուլէն պատմական եւ կարեւոր լուրեր, յօդուածներ, տեղեկութիւններ:
Բժիշկ Համօ Օհանջանեանի անակնկալ մահով, Հ. Յ. Դաշնակցութենէն անվերադարձ կը բաժնուի հին ու վաստակաւոր ընկեր մը, իսկ հայ ժողովուրդը կը կորսնցնէ իր հայրենասէր ու անձնուէր զաւակներէն մէկը:
Անցեալ
շաբաթ, Յուլիս 31 թուակիր հեռագիր մը կը հաղորդէր մահը մեր լեգենդական հերոսներու
հոյլին վերջին մնացորդին՝ Սեպուհին, որ անիմանալի թիւրիմացութեամբ մը ամերիկահայութիւնը
կոչեց զայն–«Զօրավար» Սեպուհ:
Կռւի դաշտէն
հեռու, անծանօթ երկքնի մը տակ, հայրենիքին կարօտը քաշելով, բայց մինչեւ վերջին րօպէն
յոյսերով ու յուզումներով լեցուն, աչքերը փակեց շատերէն սիրւած Պարոյրը՝ գերեզմանի
խորհրդաւոր լռութեանը համար:
2 յուլիս, 1904
Յունիսի
30-ն էր: Հայկական աշխարհի զանազան ծայրերից եկած 61 հայ քաջեր, հաւաքւած Օլթիի շրջանի
. . . . . գիւղը՝ սպասում էին զինւորական խորհրդի վերջնական որոշման:
Գնում էինք կատարելու մի խոշոր ձեռնարկ, որ երկար ժամանակ խնամքով ուսումնասիրւած ու կազմւած էր:
«Հայե՛ր յիշէք չմոռանաք այսօրը,
Յուլիս ամսի 25ին կատարեցէք մեր տօնը»:
Պատմութիւնները ժամանակներու մօտաւոր կրկնութիւններն են:
Եւ ղարաբաղ լեռնաշխարհին մէջ այսռր տեղի ունեցող ցեղային անկախութեան կռիւները մէկ զարգացած, մեծցած ձեւն են անցեալ դարու 97ական թուականին ձեռնարկուած Խանասորի արշաւանքին, որուն քսանևհինգ ամեայ տարելիցը կը վերջանայ 1921, Յուլիս 25-ին:
Յուլիս 21-ն է արդէն:
Արշաւախումբը կազմ ու պատրաստ է:
Տեղ հասաւ վերջապէս «լրտեսող» ջոկատը, որ գնացել էր ճանապարհները եւ թշնամու դիրքն ուսումնասրիելու: Բանակը տենդային անհամբերութեամբ սպասում է առաջ խաղալու հրամանին...
Ձախին՝ Սուլթան Համիդի դէմ մահափորձի կառքը (Աղբիւր՝ «Հ.Յ. Դաշնակցութիւն ԱԼՊՈՄ, 1890-1960). Աջին՝ Եըլտըզի պալատը եւ մզկիթը) |
Հրէշը մի անգամ էլ դուրս սողաց մահւան ճիրաններից, ոճիրը մի անգամ էլ յաղթանակեց տէրրօրիստի ահաբեկող շանթերի դէմ...
Տասնեակ տարիներից ի վեր ամբարւած թոյնը դուրս ժայթքեց ահաւոր որոտումով և սասանեցրեց Եըլդըզի շրջակայքը: Մի վայրկեան աւելի ուրշ, մի քանի քայլ աւելի մօտ 0 և թագակիր մարդասպանը պիտի շնչասպառ գետին փռւէր իր ամբողջ կամարիլլայով...
Եւ վերջապէս դուն ալ օրերուն ամենէն զարհուրելին եւ վայրկեաններուն ամենէն արդարը տեսա՛ր, տեսա՛ր ու զառանցեցիր եւ քու խաւարող ու հրէշային աչքերդ հազիւ հազ կրցար ծածկել հպատակներուդ անմեղ արիւնին մէջ փտտած կմախաձեւ ձեռքերովդ...
Թրքական աղբիւրէ կը հաստատեն ծովային նախկին նախարարին սպանութիւնը:
Կը լսենք թէ Ճեմալ փաշա Յուլիս 2ին Աֆղանիստանէն մեկնած է Կովկաս, ուրկէ պիտի մեկնէր Պերլին զինուորական եւ քաղաքական խիստ կարեւոր խնդիրներու մասին խորհրդակցութիւններ կատարելու համար:
Նկարները՝ ՀՅԴ Պատմութեան Թանգարան-Հիմնադրամին |
Սարդարապատի յաղթութիւնից յետոյ, Արամ փաշան յայտարարեց Ազգային Խորհրդի մէջ, թէ վրացիները, ատրբէջանցիները եւ հայերը առանձին կառավարութիւններ են կազմած Թիֆլիզի մէջ եւ թէ Հայաստանի կառավարութիւնը յաջորդ օրը պիտի հասնի Երեւան:
Օր մը լսեցինք, թէ Ատրպէյճանի յայտնի Ազայեւը Պոլիս եկած է: Այս մարդը հետապնդելու վրայ էինք, երբ Պոլիս եկաւ նաեւ Պէյպուտ խան Ճիվանշիրը, Ատրպէյճանի ներքին նախարարը, ջարդերու յայտնի կազմակերպիչ ու հայակեր, Ատրպէյճանի Թալէաթը: Եկած էր իբրեւ բոլշեւիկեան առեւտրական ներկայաացուցիչ, թերեւս այս պատրուակի տակ դուրս էր ելած Պաքուէն եւ իր հարստութիւնը դուրս հանած: Անոր գալով Ազայեւը մոռցանք:
Զմիւռնիայում վերջես տեղի ունեցած դէպքերի առիթով՝ Հ. Յ. Դաշնակցութեան տեղական Կ. Կօմիտէն մահւան էր դատապարտել մի քանի լրտեսների:
Դրանցից ամենայայտնին՝ Մաքսուտ Ասլանեան սպանւեց յուլիսի 2/15-ին, ցերեկով, քաղաքի հրապարակի վրայ: Տէռօրիստները ազատ են:
Նոր ստացայ վերջին տարիների ինձ ամենամեծ վիշտ պատճառող լուրը – բժիշկ Յովսէփ Տէր-Դաւիթեանի մահուան գոյժը:
Մշոյ արդէն իսկ անտանելի վիճակը կրկին ծանրացաւ: Կառավարութիւնը ջանք չի խնայեր մեր բնաջնջումը օր առաջ տօնելու: Քրդերու վոհմակներ ազատ համարձակ իրենց սուրը կը շարժեն Դաշտին մէկ ծայրէն միւսը: Վերջին քանի մը օրերու մէջ պատահած սպանութիւներու թիւը 30-ի կը հասնի: Խասգիւղի մէջ սպանւած են 3 հոգի՝ Պետրոս Սահակեան, Կարօ Մակարեան և Ամպօ Յովսօյեան. Մոկունք գիւղէն 8 հոգի, Հացիկ գիւղէն 11, Ալվարինճ գիւղէն 3, Շմլակէն 1:
Ոչ ոք չէր յուսար որ թիւրք շրջանի մէջ մեծացած, թիւրքերի թաղերին մէջ բնակած և ընդհանրապէս թրքասէր ճանաչւած սափրիչ Ստեփանի որդին, կարող էր երբևիցէ կատաղի յեղափոխական դառնալ, բայց Թիւրքիան, այդ տենդային ու հիւանդ երկիրը այդպիսի անակնկալների մի ճոխ խառնարան . երեկւայ անտարբերը այսօր թունդ գործիչ է դառնում, թրքասէրը՝ ազգասէր, յեղափոխականը մատնիչ, լրտեսը յեղափոխական, որոնք գոյութեան կռւի մէջ միշտ իրարու հրահրելով, առանձին կրակ են տալիս յեղափոխական Ոգուն, որը առկայծում ու թափանցում է ամենաանծանօթ, ամենամուտ անկիւններն իսկ:
Նկարները՝ Անտոն (Խաչիկ Ասլանեան) եւ Փիթըր Սոկոլով |
(Նամակ Էտիրնէէն)
Ամսոյս 6-ին հայ-բուլղար յեղափոխական խումբ մը յարձակում գործեց քաղաքէս քառորդ ժամ հեռու գտնւող Տէրտլի Մուսթաֆա պէյի ագարակին վրայ: Խումբը, որ նպատակ ունեցած է Էտիրնէյի վալին գերի բռնել՝ լուր առած էր որ վալին նոյն օրը խնջոյքի հրաւիրւած էր յիշեալ ագարակին մէջ:
1 Յուլիս 1956
Համաժողովրդային յարգանքի աննախընթաց եւ մեծվայելուչ արտայայտութիւն մը պիտի մնայ յուղարկաւորութիւնը մեր անմոռանալի եւ վաստակաւոր ընկերոջ՝ Վահան Նաւասարդեանի, որուն մարմինը հողին տուինք երէկ, ընկերներու, համակիր բազմութեան եւ բարեկամներու արցունքին մէջ: