Նկարը՝ Դաշնակցութեան Օրուայ Տօնակատարութիւն, Պէյրութ, 1950 թուական: Նստած՝ Լեւոն Շանթ, կը բանախօսէ Կարօ Սասունի |
Սրահը զարդարուած էր կանաչներով եւ բեմը՝ Հ. Յ. Դաշնակցութեան մեծադիր եւ իւղաներկ զինանշանով:
Ոչ պաշտօնական. Այստեղ կը հրապարակուին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան պաշտօնաթերթ «ԴՐՕՇԱԿ»-ի, եւ տարբեր երկիրներու մէջ, տարբեր ժամանակներու հրատարակուած Հ. Յ. Դաշնակցութեան պատկանող պաշտօնական կամ ոչ-պաշտօնական մամուլէն պատմական եւ կարեւոր լուրեր, յօդուածներ, տեղեկութիւններ:
Նկարը՝ Դաշնակցութեան Օրուայ Տօնակատարութիւն, Պէյրութ, 1950 թուական: Նստած՝ Լեւոն Շանթ, կը բանախօսէ Կարօ Սասունի |
Հայոց Հայրիկը վախճանեցաւ նոյ. 9-ին պայքարի, երազներու և տարիներու բեռին տակ կորաքամակ և «վշտակիր»: Հայ ժողովրդի պատմութեան մէջ եզականօրէն վճիտ և հոյակապ դէմք մըն է, որ կրցաւ իր հմայքով և անկեղծութիւնով ետևէն քալեցնել ամբողջ ժողովուրդի մը եռանդը, իղձը, յոյսերը և գիտակցութիւնը:
Մէկ դար առաջ՝ առասպելական մեր նախահայր ըմբոստ Հայկի ո՛չ Հայաստանը կար եւ ո՛չ ալ հայութիւնը: Չկար նոյնպէս ասորաց Շամիրամի ցանկացած Արա Գեղեցիկը՝ իր չնաշխարհիկ Հայաստանով: Տիգրան Մեծի, Արտաշէսի կայսրութիւնը փոշիացած էր, իսկ Խորենացու «հանուրց հիւսիսականաց վեհագոյն» Հայաստանը դարձած էր ողջակէզ Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ տիրապետութեանց:
Իր Վերջին Բառերը
–«Հաւաքուած ենք տօնակատարելու Հ. Յ. Դաշնակցութեան 72-րդ տարեդարձը:
«Ինչո՞ւ, սակայն, հայ ժողովուրդը համախումբ կը մասնակցի այս հանդիսութիւններուն եւ կը գուրգուրայ Հ. Յ. Դաշնակցութեան վրայ:
«Որովհետեւ՝ ծնունդն է ան Հայոց տառապանքին եւ ազատագրական երկունքին:
«Կարելի չէ բաժնել Հ. Յ. Դաշնակցութեան պատմութիւնը՝ Հայոց ժողովուրդի պատմութենէն. այնքա՜ն նոյնացած են անոնք իրարու:
«Բազմաթիւ օտար ու մեծ ազգերու մեծ կուսակցութիւնները՝ անհետացած են քաղաքական բեմերէ. մինչ Դաշնակցութիւնը...»:
-Հայ Ժողովուրդ եւ Հ. Յ. Դաշնակցութիւն Նոր Ու Ծանր Հարուածի Մը Կենթարկուին
-«Հայրենիք»ի Ներհուն Խմբագրին, Խորաթափանց Գրագէտ-Հրապարակագրին եւ Կուսակցութեան Կորովի ու Անձնուէր Գործիչին Յեղակարծ Կորուստով
Միսաք Թորլաքեան, քաջարի հայ երիտասարդը, որ անցեալ Մարտ 15-ին Պօլսոյ մէջ գնդակահար անշնչացուց հայ ժողովուրդի գլխաւոր դահիճներէն մէկը, Պէհպուտ խան Ճիւանշիր, Պաքուի քսան հազար հայերու կոտորածին գլխաւոր պատասխանատուն, և որուն դատավարութիւնը տեղի կ'ունենար ամիսներէ ի վեր Պօլսոյ անգիլական զինուորական ատեանին առջև, անպարտ արձակուած է:
Դեկտ. 24-ին մայոր Գիբոնը մեկնում է Շուշի, որպէսզի այնտեղից հեռագրով հաղորդի Անդրանիկի եւ նրա զօրամասի առաջարկները: Մայոր Գիբոնի հետ Շուշի է անցնում եւ հարւածող զօրամասի բժիշկ Ռուբէն Տէր-Ստեփանեանը, որ խօսում էր անգլիերէն եւ ֆրանսերէն: Նոյն օրը Շուշի են մեկնում եւ Շուշիւ եւ Գանձակի գնդերի մնացորդ զինւորները, այլ եւ Զանգեզուրում փակւած ղարաբաղցի մասնաւոր անհատները, թւով 400 հոգի: