Ժողովրդականութիւն վայելող մեր ականաւոր ընկեր Ռուբէնը իր «Հայ
յեղափոխականի մը յիշատակները» գրւածքում «Հայրենիք» ամսագրի մէջ այսպէ՛ս է արտայայտւում
Նիկօլ-Դումանի մասին - «Դումանը քաջածանօթ անձնաւորութիւն մըն է. անոր կեանքն այնքան
հարուստ է արկածներով եւ անոր դերը մեր յեղափոխական շարժման մէջ այնքան մեծ է ու բազմակողմանի,
որ պէտք էր ամբողջ առանձին հատոր մը նւիրել զինքը եւ իր գործը ներկայացնելու համար:
Այստեղ կը բաւականանք միայն ըսելով, որ Դումանը Դաշնակցութեան ամենահին մրաւորական
ֆէդային էր: Ան հեղինակութիւն էր մեր բոլոր ֆէդայինեուն համար, ամենահամեստ զինւորէն
սկսած մինչեւ Հրայրը, Գէորգ Չաւուշն ու Անդրանիկը, բոլորն ալ հաւասար սիրով պատրաստ
էին ենթարկւելու այդ Ղարաբաղցի լեռնականին պողպատէ կամքին»:
Ոչ պաշտօնական. Այստեղ կը հրապարակուին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան պաշտօնաթերթ «ԴՐՕՇԱԿ»-ի, եւ տարբեր երկիրներու մէջ, տարբեր ժամանակներու հրատարակուած Հ. Յ. Դաշնակցութեան պատկանող պաշտօնական կամ ոչ-պաշտօնական մամուլէն պատմական եւ կարեւոր լուրեր, յօդուածներ, տեղեկութիւններ:
24 September, 2019
13 September, 2019
Յովսէփ Աստուրեան (Թոփալ Տէրտէր)
Հայ կաթօլիկ տարրը, մանաւանդ երիտասարդութիւնը ընդհանուր առմամբ,
եթէ ոչ հակառակութեամբ, բայց մեղադրելի անտարբերութեամբ վերաբերւեցաւ հայկական վերածնութեան
այս ճգնաժամին: Մեծամասնութեամբ սնած ու կեանքի մէջ մտած կրօնական խաւարակուռ Միաբանութիւններու
առաջնորդութեան տակ, նւիրւած անձնական գծուծ շահերու, յառաջդիմելու ասպարէզ ընտրած
պաշտօնէութիւնը,- հայ կաթօլիկ երիտասարդութիւնը, հայկական խնդիրը կարծես Լուսաւորչական
հարցը ըմբռնելով, հեռո՜ւ հեռու՝ փախած է մարդկային պարտականութիւններու ամէնէն սուրբն
ու նւիրականը կատարելէն:
12 September, 2019
Արշակ Ղազարոսեան (Սեպուհ)
Արժանաւոր զինւորներէն մէկն էր նա: – Վանեցի արհեստաւորի զաւակ՝ ծնած Պօլսոյ մէջ, 1880 թւականին: Կենտրոնական վարժարանը ուսումն ստանալէն վերջ՝ չորս տարի է վեր կը յաճախէր բժշկական վարժարանը, ուրկէ շրջանաւարտ ըլլալու երկու տարի մնացած էր: Յիշեալ վարժարան աւատելու գլխաւոր նոատակն էր՝ կառավարական պաշտօնով հաստատւիլ հայաբնակ գաւառի մը մէջ եւ այդ պատրւակաւ «գործի» պաշտօնեայ մ'ըլլալ: Խրոխտ նայւածքն ու քալւածքը իր կամքի ոյժը կը մատնէր, իր յաղթանդամ ու հուժկու կազմւածքը կը պարփակէր սիրտ մը բարի, սիրող ու զոհւող որով ծանօթներուն ու ընկերներուն համակրանքը գրաւած էր:
09 September, 2019
Կռիւներ Սասնոյ եւ Մշոյ Դաշտին Մէջ (Մանրամասն նկարագրութիւն)
1-ՀԵՂԻՆԻ ԿՌԻՒԸ
1904 թ. Յունւար 10-ին Տավրներ (Կէլիէկուզանի շրջանի
մէջ մի ագարական է, Կէլիէկուզանէն 1 ½ ժամ հեռու դէպի արեւելեան հարաւ) հաւար եկաւ
Իշխնձորէն՝ թէ միւտիր Քօռ Սլօն 15 սուարիներով եւ իր աշիրէթով եկեր է՝ Հեղին, Արտկոնք,
Ընկուզնակ եւ Իշխնձորը թալանելու: Վահանի եւ Անդրանիկի կարգադրութեամբ, խմբի անդամներէն
մի քանիսը՝ Գէորգ Չավուշի եւ Մուրատի ղեկավարութեան տակ՝ հոն օգնութեան կ'ուղարկւին:
Տղայք կը հասնին Իշխնձոր, ուր փախեր եկեր էր հեղնցի հարուստ հայ մը, Վարդան անունով,
եւ օգնութիւն կ'ուզէր հայ զինւորներէն իր պատիւը եւ կայքը ազատելու համար:
06 September, 2019
Վնասակար Տարրեր
Ամեն անգամ, երբ յեղափոխական փոքրամասնութեան անձնազոհ, տոկուն եւ անվհատ գործունէութեան շնորհիւ յեղափոխական կազմակերպութիւնը ձեռք է բերում ոյժ եւ ազդեցութիւն, կեանքի մէջ ստեղծւում է հաւատ դէպի գործի յաջողութիւնը եւ հարթւում է որոշ աստիճանով յեղափոխական ուղին, ամեն անգամ էլ հասարակութեան տարբեր խաւերի մէջ իրարանցում է ընկնում:
Subscribe to:
Posts (Atom)