Նկարը՝ ՀՅԴ Պատմութեան Թանգարան-Հիմնադրամին |
Դարձեալ կախաղան, դարձեալ նոր զոհ...
Օգոստոս 9/21-ին, երկուշաբթի առտու արշալուսին–գրում է Կարինից մեր ընկերը–վաշտ մը զօրքի հսկողութեամբ՝ Արամեանը բանտէն կախաղանի վայրը առաջնորդեցին: Արամը առանց մէկու մը օգնութեան, հաստատ քայլերով պատւանդանի վրայ բարձրացաւ, վայրկենաբար հաւաքւած բազմութեանը դիմեց, քանի մը ազդու խօսքերով ձաղկեց տաճիկ կառավարութեան ոճիրները, յայտնեց թէ ինքը հանգիստ հոգով կը զոհւի իր սիրած ազգին ազատութեան համար եւ ապա «կեցցէ՜ Յեղափոխութիւնը, Vive la Revolution!» գոչելով՝ ինքն իր ձեռքով չւանը վիզն անցուց...