Նախորդ թիւով, հիմնական ախտանշումներու գծով, մենք անդրադարձանք միջազգային այն երկու հուժկու հոսանքներուն, որոնք յոռի եւ այլասերիչ ներգործութիւն կ'ունենան հայ երիտասարդութեան վրայ՝ գաղափարական, ազգային ու բարոյական մարզի մէջ:
Ոչ պաշտօնական. Այստեղ կը հրապարակուին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան պաշտօնաթերթ «ԴՐՕՇԱԿ»-ի, եւ տարբեր երկիրներու մէջ, տարբեր ժամանակներու հրատարակուած Հ. Յ. Դաշնակցութեան պատկանող պաշտօնական կամ ոչ-պաշտօնական մամուլէն պատմական եւ կարեւոր լուրեր, յօդուածներ, տեղեկութիւններ:
Նախորդ թիւով, հիմնական ախտանշումներու գծով, մենք անդրադարձանք միջազգային այն երկու հուժկու հոսանքներուն, որոնք յոռի եւ այլասերիչ ներգործութիւն կ'ունենան հայ երիտասարդութեան վրայ՝ գաղափարական, ազգային ու բարոյական մարզի մէջ:
Հայ երիտասարդութիւնը, մանաւանդ անոր ամէնէն երիտասարդ եւ ամէնէն արդիապաշտ թեւը, որ մտաւորական եւ ուսեալ սահմանափակ, այլ ամէնէն աւելի թիւրաթեք ու արտաքին (իմա՛՝օտար) ճնշումներու երնթակայ դասը կը կազմէ, իր խարխափումներուն ու թարթափումներուն մէջ, զոհն է քանի մը յոռի, չարաբաստի՛կ ազդեցութեանց:
Հ. Յ. Դ.– Սիրտ, Միտք եւ Բազուկ: Արդէն 57 տարեկան, բայց միշտ առոյգ եւ տոկուն:
Ո՞ւր է գաղտնիքը իր յարատեւութեան: Իր մշտադալար երիտասարդութեան:
Երգի մը մէկ տողը շատ բան պիտի բացատրէր. – «Մենք անկեղծ զինուոր ենք»:
Հայ նորագոյն երիտասարդութեան կողմէ սփիւռքահայ կեանքի գլխաւոր կնճիռը, այդ կեանքի գորդեան հանգոյցը կը նկատուի հայ մարդուն, բայց մաանաւանդ նոր սերունդի երկուութեան հոգեվիճակը:
Չէ կարելի միաժամանակ վատ մարդ, բայց և այնպէս լաւ Հայ լինել: Անկարելի է անհատի համար, առանց կեղծիքի անձնական կեանքում նիւթակրօն, իսկ ազգային գործերում գաղափարապաշտ լինել: Նա, որ իրեն զգում է որպէս «ժամանակաւոր շունչ և կենդանութիւն առած մեքենայ», չէ կարող հասարակական ասպարէզում երևան գալ որպէս կենդանի հոգեկանութիւն: Նա, որ որպէս մարդ իտէալականացնում է նիւթն ու նրանից բխող բաւականութիւնները, որ կեանքի նպատակը համարում է կրաւորական հաճոյքները, որպէս Հայ չէ կարող լինել անձնւէր, արի, հայրենապաշտ:
Մենք ակամայ ընդհատեցինք մեր խօսքը սփիւռքահայ երիտասարդութեան տագնապի մասին: Սակայն հայ երիտասարդութիւնը, անոր մտաւորական թեւը մասնաւորաբար, կը շարունակէ իր խարխափումները յարաճուն թափով:
Առաջին հերթին եւ շատ անարդար մարզերու մէջ, մեղադրանքի տակ կ'առնուի հին սերունդը, պարզ այն պատճառով, որ հայութիւն եւ օտարութիւն իրականութիւնները առած է իրենց բացարձակ իմաստին ու բնոյթին մէջ, ստեղծած է փակ միջավայր եւ, այդ իսկ պատճառով, հայութիւնը դատապարտած է լճացման ու ամլութեան:
Մեր նախորդ յօդուածով մենք դիտմամբ ընդգծեցինք հակադրութեան սկզբունքը, իբրեւ հայ ազգային ինքնութեան պահպանման գրաւական, կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ:
Ներկայ խնդրի մասին խօսելու մեզ առիթ է տալիս «Դրօշակի» նախընթաց համարում տպագրած Տամատ Մահմուդ փաշայի նամակը, որ հայերին ուղղած մի ընդհանուր կոչ է՝ միանալու թիւրքերի հետ: Մենք յարմար ենք համարում այդ նամակի առիթով յայտնել մեր կարծիքները նաեւ ընդհանրապէս բոլոր թիւրք հակա-սուլթանական կամ՝ աւելի ճիշդն ասած՝ հակա-համիդեան տարրերի մասին, որովհետև՝ չնայելով այն բոլոր տարբերութիւններին և երբեմն նոյնիսկ փոխադարձ թշնամական յարաբերութիւններին, որ դիտւում են դրանց մէջ, այդ տարրերը բոլորն էլ, վերջին ժամանակներս, մեծ համերաշխութիւն են արտայայտում, երբ հարցը գալիս է հայերի հետ միանալու խնդրին:
Մեր նախորդ յօդուածով մենք մասնաւոր դիտումով ծանրացանք Հայ Դատի հիմնական երեսին վրայ,– հայ ազգային դիմագիծի, հայութեան ինքնութեան, հայկականութեան ՊԱՀՊԱՆՈՒՄ ՈՒ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄ:
Լաւ չեմ յիշում, բայց կարծեմ թէ 8 կամ 9 տարեկան էի այն ժամանակ, որի մասին խօսում եմ իմ մանկական քնքոյշ սրտի վրայ ստացած խոր ու անջնջելի տպաւորութեան մասին:
Մեր տունը գտնւում էր Պարսկաստանի Թ.աւրիզ քաղաքի, Լիլաւա թաղում:
Ատենէ մը ի վեր հայ երիտասարդութիւնը, մանաւանդ անոր մտաւորական
թեւը սկսած է խլրտիլ, շարժիլ եւ ճիգ թափել իր ներկայութիւնը զգալի դարձնելու, ըլլալու
եւ բան մը ընելու հայ իրականութեան մէջ, գործնական ու իմացական զոյգ ճակատներուն
վրայ:
Այս երեւոյթը ինքնին խրախուսիչ երեւոյթ է.
Մեր յեղափոխական պատմութիւնը, երբ կ'արձանագրէ բազմաթիւ հերոսական դրուագներ չորս տասնեակ տարիներու ընթացքին կատարուած, աւելի քան ժլատ յիշատակութիւն մը ունի կանացի սեռի նկատմամբ: Անշուշտ որ, այս հանգամանքը պարզ պատահականութեան մը հետեւանք չէ, եւ ոչ ալ թոյլատրելի է այն եզրակացութեան յանգիլ, որ իգական սեռը կրաւորական դիրք մը բռնած է մեր ժողովրդի կեանքի ամենակենսական հարցի հանդէպ:
Ամէն թիւրիմացութիւն կանխելու համար խմբագրութիւնս անհրաժեշտ կը սեպէ յայտնելու, թէ «Հայրենիք» ամսագրին մէջ լոյս տեսնող բոլոր այն յօդուածներն ու ուսումնասիրութիւնները, որոնք կը շօշափեն հիմնական հարցեր Հ. Յ. Դաշնակցութեան ծրագրէն,– կը վերլուծեն, կը քննադատեն, կը ժխտեն կամ կը լրացնեն անոր այս կամ այն կէտերը, կը հրատարակուին հեղինակներու անձնական պատասխանատուութեամբ:
Մտքերու գոյութիւն ունեցող շփոթը պարզելու, ինչպէս նաեւ անցեալի, թերեւս անխուսափելի սխալները շտկելու համար՝ խմբագրութիւնս անհրաժեշտ կը նկատէ ամսագրի այս էջերուն մէջ արտայայտուելու ազատութեան տալ բոլոր անոնց, որոնք կու գան վերագնահատութեան իրենց խօսքով նպաստելու այդ ծանր աշխատանքին: Խմբ.
Սլավի Մերճանով, Օննիկ Թորոսեան, Պուլկարացի Պետրոս Սերէմճեան |
Դառն իրականութեան թողուցած ծանր, ճնշող տպաւորութեան տակ, ցրւած է միտքս, ձեռքս առաջ չերթար, չիշխէր գրչիս:
Նկատումները, հաշիւները արգելք եղան աւելի պարզ ու ընդարձակօրէն գրելու յուլիս 5-ին, Էտիրնէի մօտ, ափ մը քաջերու և 3-400 կանոնաւոր զօրքերու մէջ տեղի ունեցած կատաղի կռւին վրայ:
Դեկտեմբերի 8-ի առաւօտեան ժ. 9-ին տեղական ընկերներն ու հասարակութիւնը, նւագախմբի ուղեկցութեամբ դիմեցին ընկ. Ա. Ահարոնեանի բնակարանը:
Հետզհետէ հաւաքւող բազմութեան ուղեկցութեամբ ու նւագածութեամբ՝ մէջ առած պաւիրակութեան նախագահ ընկ. Ահարոնեանին կանգնեցին Հ. Յ. Դաշնակցութեան տան առաջ, ուր խմբւել էր մեծ բազմութիւն:
Վերջերս մեռան Մօրուք Կարօն (6 Դեկտ. 1949), Համատանի մէջ (Պարսակստան) եւ զօրավար Սմբատ՝ Երեւան, հաւանաբար նոյն ամսուն:
Թողունք տիտղոսները – զօրավար, փաշա եւայլն, որոնք Տարօնին եւ առհասարակ մեր ժողովուրդին հոգեբանութեան խորթ ու անհարազատ են:
(Քաղուածքներ Իտալական Թերթերէն)
ԿԱՍԿԱԾՆԵՐ
Քօռիէրէ Տէլլա Սէռա-Միլանօ (7 դեկտ. 1921)
ՀՌՈՄ, 6 դեկտ. իրիկունը.– «...Մայրաքաղաքին թուրք շրջանակներուն մէջ՝ ոճիրը կը վերագրուի հայերու, որոնք սաստիկ զայրացած ըլլալու են, մինչեւ ներկայիս, Հիւսիսային Փոքր Ասիոյ հայոց սեփական հողամասերուն վրայ՝ իրենց ենթարկուած հալածանքներուն, ինչպէս նաեւ այն նորագոյն վտանգներուն համար՝ որոնք կը սպառնան անոնց՝ Կիլիկիոյ մէջ՝ ֆրանսական բանակին քաշուելուն հետեւանքով»:
Նկարները՝ ՀՅԴ Պատմութեան Թանգարան-Հիմնադրամին |
Սուգի մէջ է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը իր բոլոր մարմիններով, երեց ու կրտսեր ընկերներու իր բոլոր շարքերով: Նոյն շաբթուան մէջ եւ գրելէ նոյն օրերուն՝ երկու ծանր կորուստներ – ընկեր Ռուբէն Տէր Մինասեան, որ յանկարծամահ կ'ըլլայ Փարիզի մէջ եւ ընկեր Լեւոն Շանթ, որ դանդաղօրէն կը շիջի Պէյրութի իր բնակարանի յարկին տակ:
...Մեր մեծ-ընկեր՝ անմոռանալի Քրիստափոր Միքայէլեանի բնակարանի հասցէն ձեռքիս մտայ նրա մօտ: Անունը լսել էի, բայց իրան դեռ չէի տեսել: Առաւօտեան ժամը 7 էր: Քրիստափորը տակաւին անկողնում պարկած էր: Ինձ առաջնորդեցին ուղղակի նրա ննջարանը եւ իմ աչքին պատկերացաւ հետեւեալ տեսարանը:
Մեր պատմութիւնը լեցուն է դժբախղդութեան և թշուառութեան թուականներով: Այդպիսի թուական մըն է և այս:
Հինգ հարիւր տարուան ստրկական կեանքէ մը վերջ, որուն ընթացքին հայ ժողովուրդը սուլթաններու և ցարերու կամակայական րէժիմներուն դառնութիւնը ըմպած էր ցմրուր, ներկայ սերունդը բաղդաւորութիւնը ունեցաւ ճաշակելու ազատութեան և անկախութեան մեզ համար արգիլեալ պտուղը:
Սալնոյ Ձոր կրկին ցաւալի կորուստ մը ունեցաւ քաջարի Յակոբի նահատակութեամբ: Այդ երկիրը, հակառակ տաճիկ կառավարութեան բարբարոս և խժդժալի հալածանքներուն, միշտ ունեցաւ իր քաջարի զաւակները, որոնք դիւցազնական կռիւներով հայ յեղափոխութեան վարկը միշտ բարձր պահեցին և տեղական ժողովրդեան ամէն խաւերու մէջ յեղափոխական գաղափարը տարածեցին:
15 հոկտեմբեր 1900