17 October, 2020

Կուսակցական Պայքարը

«Մեր տգէտ եւ վատասերած կեանքին մէջ աղաւաղւել է եւ քաղաքական կռւի գաղափարը, կռւի շիտակութեան սկզբունքը:

Ինչպէս վայրենիները, կամ միջնադարեան «ասպետ»ները քաղաքական կռւի մէջ գործ կը դնէին թոյն, դաշոյն, նենց խաբէութիւն, մեզ մօտ եւս սակաւ չեն եղած սպանութիւնները անհատական, թայֆայական հաշիւներէն դրդւած եւ քօղարկւած բարձր քաղաքական նպատակներիվ:

Մոռնալու չէ, թէ այն տարակարծութիւնները որ կան ժողովրդի ու կուսակցութիւնների, տարբեր կուսակցութիւնների եւ կուսակցական զանազան խաւերի կամ անհատների միջեւ, - զանազան արտայայտութիւններն են մարդկային ազատ եւ յառաջադիմող մտքի: Այդ կարծիքներէն եւ ո՛չ մին կարող է բացարձակ եւ մշտական ճշարտութեան յաւակնութիւնն ունենալ: Փոխադարձ համոզումէն եւ մտքի կատարեալ ազատ արտայայտութենէն միայն կարող է ծնիլ իսկական ճշմարտութիւնը. Անոր վրա միայն կարող է հաստատւել մարդկային յառաջադիմութիւնը:

Քաղաքակիրթ հասատակութիւնները վաղուց ըմբռնած են այս մտքի ճշմարտութիւնը, եւ կուսակցական պայքարը եւրոպացիների մէջ ունի մերինէն տարբեր գոյն: Ընկերվարականներն ու դրամատէրները լինելով հակառակորդ՝ չեն մոռնար, որ աւատականութեան ու բռնակալութեան դէմ անոնք մէկ են եւ դաշնակից, որ արտաքին թշնամու դէմ աշխատաւորը, բուրժուան, ազնւական եւ կղերականը գործելու են ձեռք ձեռքի տւած: Իսկ կենսական բարիքների առատութեան, գեղարւեստի եւ գիտութեան նւաճումների գերագոյն հարցերի մէջ – շահակից, դաշնակից եւ եղբայրներ են մարդկային ցեղի բոլոր անդամները:

Եւրոպացի գիտակից կուսակցականը չի մոռնար երբէք, որ եթէ մի կէտով, մի շահով ան կապւած է կուսակցութեան հետ, երկու շահով կապւած է իր ազգի, իր հայրենիքի հետ, աւելի մեծ ու բազմաթիւ շահերով – Մարթկութեան հետ:

Այն ժամանակ, երբ Եւրոպացի գաղափարական անհատը ներդաշնակութիւն կը մտցնէ իր կուսակցական, ազգային եւ մարդկային ըմբռնումներու ու պարտականութիւններու միջեւ, մեր մօտ ամէն բան կը շփոթւի:

Իբրեւ արդիւնք տգիտութեան, «ցեղական» մտայնութեան՝ կուսակցութիւնները, հասարակական տարբեր խաւերը մեր մէջ բաժնւած են միջնադարեան աղանդականութեամբ. - «մաքուր» են կամ «պիղծ», «ընկեր» են կամ «թշնամի»՝ անկարող՝ սահման գծել տարբեր շահերի միջեւ, անընդունակ համագործակցութեան եւ «հակառակորդին» մէջ ազգակիցը, մարդը գնահատելու:

Երէկւայ ստրուկների զաւակներ՝ մենք զուրկ ենք տակաւին մարդկային շիտակութենէ, ճակատ առ ճակատ կռւելէ, ղեկավարը գործիքէն, դաշնակիցը թշնամիէն տարբերելէ:

Մենք հեռու ենք առողջ, ուժեղ, ազնիվ ազգ լինելէ»...

Ս. Զաւարեան
(«Բիւթանիա», 1913թ. 12 յունւ.)
«Դրօշակ» - Հոկտեմբեր 1931
Թիւ 10 (313)