Հարցադրումը կու գայ դարձեալ մեր նորագոյն մտաւորականութեան ներկայացուցիչներէն (աջ կամ ձախ): Ըստ էութեան՝ նոր հարցադրում մը չէ անշուշտ: Նոր է միայն ըստ ձեւի: Յամենայն դէպս, հիմնական հարցադրում մըն է եւ եւ կը պահէ իր այժմէականութիւնը:
Ոչ պաշտօնական. Այստեղ կը հրապարակուին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան պաշտօնաթերթ «ԴՐՕՇԱԿ»-ի, եւ տարբեր երկիրներու մէջ, տարբեր ժամանակներու հրատարակուած Հ. Յ. Դաշնակցութեան պատկանող պաշտօնական կամ ոչ-պաշտօնական մամուլէն պատմական եւ կարեւոր լուրեր, յօդուածներ, տեղեկութիւններ:
Հարցադրումը կու գայ դարձեալ մեր նորագոյն մտաւորականութեան ներկայացուցիչներէն (աջ կամ ձախ): Ըստ էութեան՝ նոր հարցադրում մը չէ անշուշտ: Նոր է միայն ըստ ձեւի: Յամենայն դէպս, հիմնական հարցադրում մըն է եւ եւ կը պահէ իր այժմէականութիւնը:
Նախորդ թիւով, հիմնական ախտանշումներու գծով, մենք անդրադարձանք միջազգային այն երկու հուժկու հոսանքներուն, որոնք յոռի եւ այլասերիչ ներգործութիւն կ'ունենան հայ երիտասարդութեան վրայ՝ գաղափարական, ազգային ու բարոյական մարզի մէջ:
Հայ երիտասարդութիւնը, մանաւանդ անոր ամէնէն երիտասարդ եւ ամէնէն արդիապաշտ թեւը, որ մտաւորական եւ ուսեալ սահմանափակ, այլ ամէնէն աւելի թիւրաթեք ու արտաքին (իմա՛՝օտար) ճնշումներու երնթակայ դասը կը կազմէ, իր խարխափումներուն ու թարթափումներուն մէջ, զոհն է քանի մը յոռի, չարաբաստի՛կ ազդեցութեանց:
Հայ նորագոյն երիտասարդութեան կողմէ սփիւռքահայ կեանքի գլխաւոր կնճիռը, այդ կեանքի գորդեան հանգոյցը կը նկատուի հայ մարդուն, բայց մաանաւանդ նոր սերունդի երկուութեան հոգեվիճակը:
Մենք ակամայ ընդհատեցինք մեր խօսքը սփիւռքահայ երիտասարդութեան տագնապի մասին: Սակայն հայ երիտասարդութիւնը, անոր մտաւորական թեւը մասնաւորաբար, կը շարունակէ իր խարխափումները յարաճուն թափով:
Առաջին հերթին եւ շատ անարդար մարզերու մէջ, մեղադրանքի տակ կ'առնուի հին սերունդը, պարզ այն պատճառով, որ հայութիւն եւ օտարութիւն իրականութիւնները առած է իրենց բացարձակ իմաստին ու բնոյթին մէջ, ստեղծած է փակ միջավայր եւ, այդ իսկ պատճառով, հայութիւնը դատապարտած է լճացման ու ամլութեան:
Մեր նախորդ յօդուածով մենք դիտմամբ ընդգծեցինք հակադրութեան սկզբունքը, իբրեւ հայ ազգային ինքնութեան պահպանման գրաւական, կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ:
Մեր նախորդ յօդուածով մենք մասնաւոր դիտումով ծանրացանք Հայ Դատի հիմնական երեսին վրայ,– հայ ազգային դիմագիծի, հայութեան ինքնութեան, հայկականութեան ՊԱՀՊԱՆՈՒՄ ՈՒ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄ:
Ատենէ մը ի վեր հայ երիտասարդութիւնը, մանաւանդ անոր մտաւորական
թեւը սկսած է խլրտիլ, շարժիլ եւ ճիգ թափել իր ներկայութիւնը զգալի դարձնելու, ըլլալու
եւ բան մը ընելու հայ իրականութեան մէջ, գործնական ու իմացական զոյգ ճակատներուն
վրայ:
Այս երեւոյթը ինքնին խրախուսիչ երեւոյթ է.
Տարրական ճշմարտութի
Ազգի մը յառաջդիմութիւնը, քանակական եւ որակական առումով, կ'իրականանայ (պէ՛տք է իրականանայ) կեանքի տարբեր մարզերուն մէջ անոր ներդաշնակ, բազմակողմանի զարգացումով:
Հոն, ուր այդ զարգացումը միակողմանի
ուղղութեամբ կ'ընթանայ, հին յառաջդիմութիւնը յարաբերական արժէք միայն կը ստանայ եւ
տագնապը, ընկերային եւ ազգային մակարդակի վայ, ուշ կամ կանուխ՝ անխուսափելի կը դառնայ,
վտանգելու աստիճան տուեալ ազգի գոյատեւման պայքարին արդիւնաւորութիւնը:
Ամէն խաղ իր օրէնքները ունի: Ուստի ով որ որեւէ խաղի մէջ կ'ուզէ մտնել, պարտաւոր է յարգելու անոր օրէնքները, այլապէս դուրս կը ձգուի խաղադաշտէն եւ կը դատապարտուի մեկուսացման:
Արդ, ամէնէն անողոք օրէնքները առկայ են յատկապէս քաղաքակա՛ն խաղին մէջ:
...
«Ընկերնե՛ր, սուրով յաղթանակ տանողները արօրով յաղթանակ տանողներէն կը յաղթուին, իրենց տեղը անոնց տալու կը պարտաւորուին: Սուր շարժող ձեռքը կը յոգնի, սուրը պատեանին մէջ կը ժանգոտի. մինչ արօր վարող բազուկը ա՛լ աւելի կ'ուժովնայ, անոր խոփը ա՛լ աւելի կը փայլի»:
...
Ուղիղ հարիւրամեակ մը առաջ, 1878-ին, Պերլինի Վեհաժողովին, հայ ժողովուրդը պատմութեան անողոք դատաստանին ներկայացաւ, Խրիմեան Հայրեիկներու անձին ընդմէջէն, «թուղթէ շերեփ»ով, երբ եւրոպական կամ պալքանեան այլ ժողովուրդներ, ինչպէս ետքէն բազում ուրիշներ, յարգելով քաղաքական կեանքի կրանիտեայ կանոնը, մեզի հետ եւ մեր կողքին կը ներկայանային «երկաթէ շերեփ»-ով:
...
Ցարդ մարդկային ընկերութեան բարձրագոյն տիպը, բարձրագոյն որակը, բարձրագոյն մակարդակը ազգն է: Ազգէն վեր՝ մարդկային համախմբման աւելի բարձր տիպ, աւելի բարձր մակարդակ, աւելի բարձր որակ, քաղաքակրթութեան զարգացման ներկայ հանգրուանին, տակաւին գոյութիւն չունի:
...
Կը հարցնենք ուղղակի.– Ի՞նչ է հայ ժողովուրդի քաղաքական գերագոյն նպատակը:
Եւ կը պատասխանենք անվարան.– Հայ Դատի լուծումը:
Միացեալ Հայաստանի եւ անկախ ու ամբողջական հայութեան վերակերտումը: Վերահայացումը Հայկական լեռնաշխարհի եւ հայրենացումը տարասփիւռ հայութեան: