Սիմոն Վրացեան (Գրուզինեան) ծնած է Հիւսիսային Կովկաս, Նոր Նախիջեւանի շրջանի Մեծ Սալա գիւղը:
Յաճախած է իր ծննդավայրի ռուսական եւ հայկական նախակրթարանները, ապա՝ Նոր Նախիջեւանի թեմական դպրոցը:
Պատանի տարիքէն՝ կը մտնէ Հ. Յ. Դաշնակցութեան շարքերը: Իր դաշնակցական դառնալու պարագաները Սիմոն Վրացեան իւրայատուկ հիւմըրով պատմած է իր «Կեանքի Ուղիներ»ու Ա. հատորին մէջ (էջ 48-52): Նոր Նախիջեւանի իր դաշնակցական խումբի ընկերներէն էին հետագայ երաժշտագէտ Ռոմանոս Մելիքեանը, ինչպէս եւ Սահակ եւ Ալեքսան Միասնիկեան եղբայրները:
1900ի Սեպտեմբերին կ'ընդունուի Էջմիածնի Գէորգեան Ճեմարանը, զոր կ'աւարտէ 1906ին: Ճեմարանի ազգային – մտաւորական մթնոլորտը եւ ժամանակաշրջանի յեղափոխական շունչը՝ Դաշնակցութեան ոգիով ու գործունէութեամբ լեցուած, լիովին կը թրծեն երիտասարդ Սիմոն Վրացեանը: Ճեմարանի ղեկավարութիւնը պահպանողական էր, բայց կարեւոր թուով ուսուցիչներ, ինչպէս նաեւ գրեթէ ամբողջ ուսանողութիւնը, դաշնակցականներ: Սիմոն Վրացեան Ճեմարանի մէջ իբրեւ ուսուցիչ կ'ունենայ Կոմիտաս Վարդապետը, Մանուկ Աբեղեանը, Կարապետ Կոստանեանը, Սիրական Տիգրանեանը, Յակոբ Մանանդեանը, Գէորգ Ղազարեանը եւ ուրիշ բազմաթիւ տիրական դէմքեր:
1906ի ամառը, Նոր Նաիխջեւան վերադառնալով, Սիմոն Վրացեան կը դառնայ Նալբանդի (հիւս. Կովկաս) Կեդր. Կոմիտէի շրջիկ (շրջուն գործիչ): Կը զբաղուի զէնքի փոխադրութեան եւ կազմակերպական այլ աշխատանքներով: 1907ին, Նալբանդի շրջանը կը ներկայացնէ Հ. Յ. Դ. Վիեննայի (4րդ) Ընդհանուր Ժողովին: Այնտեղ կը յարի Դաշնակցութեան ձախակողմեան թեւին, ջերմապէս պաշտպանելով ընկերվարութեան յարելու տեսակէտը:
Կովկաս վերադարձէն ետք, Սիմոն Վրացեան, Նալբանդի Կ. Կ.ի որոշումով, շրջան մը կը մտնէ «Նոր Կեանք» շաբաթաթերթի խմբագրական կազմին մէջ, շարունակելով վարել շրջիկի պաշտօնը: Ապա կ'անցնի Փեթերսպուրկ, ուր կը հետեւի համալսարանի իրաւաբանութեան եւ մանկավարժութեան ճիւղին: Այնտեղ բնականաբար մաս կը կազմէ դաշնակցկական ուսանողութեան ստուարաթիւ խումբին, որ իր մէջ հաշուէր նաեւ այլ ծանօթ դէմքեր, ինչպէս Համբարձում Տէրտէրեանն ու Խաչատուր Կարճիկեանը:
Մերթ ընդ մերթ, արձակուրդներուն, կը վերադառնայ Կովկաս (Թիֆլիս, Պաքու, եւլն.), լծուելու կուսակցական աշխատանքի եւ մասնակցելու Հ. Յ. Դ. Կովկասեան ռայոնական ժողովներուն:
1910ին, ուսումնական տարեշրջանի վախճանին, մանկավարժական Ճեմարանը աւարտած Ս. Վրացեանը կ'անցնի Մոսկուա, ուր կը հրատարակէ «Պսակ» ժողովածուն (որմէ մնացած միակ օրինակը կը գտնուի Փալանճեան Ճեմարանի Մարտիկեան թանգարանին մէջ): Նոյն տարին իսկ, խուսափելու համար ոստիկանական հետզհետէ սաստկացող հետապնդումներէն, Նոր Նախիջեւանի վրայով կ'անցնի Պաթում, ապա՝ Տրապիզոն եւ վերջապէս Կ. Պոլիս:
Երկար չի տեւեր Ս. Վրացեանի գործունէութիւնը Պոլսոյ եւ շրջակայքին մէջ (Արշակ, Ատափազար): Ռոստոմի հրահանգով, Պոլիսէն կ'անցնի Տրապիզոն, ուր կը վարէ Գրիգոր Սիւնիի դատական գործը:
Ապա՝ Տրապիզոնէն Կարին, ուր էր նաեւ Ռոստոմ: Վրացեան Կարնոյ մէջ կը վարէ «Յառաջ»ի խմբագրութիւնը, եւ կը դասաւանդէ Սանասարեանի վարժապետանոցին եւ Հրիփսիմեան օրիորդաց վարժարանին մէջ:
Նկարուած Կարին, ՀՅԴ 8րդ Ընդհանուր Ժողովի օրերուն Կանգնած ձախէն՝ Վահան Յովհաննիսեան-Մինախորեան, Ս. Վրացեան Նստած ձախէն՝ Օննիկ Դերձակեան (Արշակ Վռամեան), Մինաս Տէր Մինասեան (Ռուբէն) (Նկարը՝ ՀՅԴ Պատմութեան Թանգարան-Հիմնադրամին) |
1914ին զինք կը գտնենք Կարնոյ (8րդ) Ընդհ. Ժողովին, իբրեւ Ամերիկայի պատգամաւոր: Ընդհ. Ժողովէն ետք, կ'անցնի Կովկաս, ուր հետագային, Թիֆլիսի Ազգ. Բիւրոյի որոշումով, կը մտնէ Հայ Կամաւորական խումբերու կարգադրիչ մարմնի կազմին մէջ, իբրեւ ընդհանուր քարտուղար եւ գործավար: Մինչեւ 1915ի գարունը, քարտուղարութեան կեդրոնը Թիֆլիսն է, ապա՝ Երեւանը: Մերթ ընդ մերթ Վրացեան կ'այցելէ ռազմաճակատ, կամաւորական բանակներու կարիքներու քննութեան համար:
1916ին կը մասնակցի Փեթերսպուրկի «գաղթականական գործերու» խորհրդաժողովին: Կամաւորական խումբերու հաշուեյարդարէն ետք, կ'ենթարկուի զօրակոչի: Այնքան հիասթափ էր հայոց նկատմամբ ցարական Ռուսաստանի որդեգրած քաղաքականութենէն, որ, մերժելով մտնել սպայից վարժարան, իբրեւ պարզ զինուոր կ'արձանագրուի Թիֆլիսի 118րդ պահեստի գումարտակին մէջ:
Ռուսական յեղափոխութենէն ետք, Հ. Յ. Դաշնակցութեան կողմէ կը նշանակուի Թիֆլիսի «Հորիզոն» թերթի խմբագիր եւ Յեղափոխական Կեդրոնին մօտ՝ Դաշնակցութեան ներկայացուցիչ (Կարճիկեանի, Շահխաթունեանի եւ Ջամալեանի հետ): Ապա՝ կ'ընտրուի անդամ Ազգային Խորհրդաժողովի, Ազգային Խորհուրդի եւ ապա՝ Անդրկովկասեան Սէյմի: 1918ին կը նշանակուի պատուիրակ Բաթումի Թուրք-Անդրկովկասեան հաշտութեան խորհրդաժողովին:
Ոտքի ձախէն՝ Սիմոն Վրացեան, Գարեգին Փաստրմաճեան (Արմէն Գարօ), Սարգիս Մեհրապեան (Խանասորայ Վարդան), Արտաշէս Յովսէփեան (Մալխաս), Կոստեայ Համբարձումեան (Կոստի, Ուխտաւոր), Արտուշ Աւետեան, Գնդապետ Եգոր Տէր Աւետիքեան Նստած ձախէն՝ Գերասիմ Բալայեան, Ստեփան Տէր Մկրտիչեան, Արշակ Գաւաֆեան (Քեռի), Յովսէփ Արղութեան (Իշխան), Միքայէլ Վարանդեան Պառկած ձախէն՝ Համազասպ Սրուանձտեան, Արամ Մանուկեան, Միշա Արզումանեան (Նկարը՝ ՀՅԴ Պատմութեան Թանգարան-Հիմնադրամին) |
Հայաստանի անկախութեան հռչակումէն ետք, Վրացեան կը ղեկավարէ հանրապետական առաքելութիւնը՝ Հարաւային Ռուսաստանի Կամաւորական բանակին մօտ: Ապա՝ կ'ընտրուի Հայաստանի խորհրդարանի անդամ, եւ, 1919 Սեպտեմբերին, Հ. Յ. Դ. 9րդ Ընդհ. Ժողովին (Երեւան), Հ. Յ. Դ. Բիւրոյի անդամ: Օհանջանեանի ղեկավարած Բիւրօ-Կառավարութեան մէջ, Վրացեան գիւղատնտեսութեան եւ աշխատանքի նախարար է (1920 Ապրիլ-1920 Նոյեմբեր): Հայ-թրքական պատերազմին, երբ վտանգուած էր երկիրը եւ անհրաժեշտ կը դառնար աւելի լայն մասնակցութեամբ «քոալիսիոն»ի կառավարութիւն մը յառաջացնել, Վրացեան կը նշանակուէր վարչապետ: Եւ իրեն կը վիճակուէր, դէպքերու գահավէժ ընթացքին հրամայականի բերումով, 1920ի Դեկտեմբեր 2ին Հայաստանի իշխանութիւնը յանձնել համայնավար Յեղկոմին: Դեկտեմբերէն մինչեւ Փետրուար, Վրացեան երկար ատեն փախստական կ'ապրի Երեւանի մէջ, խուսափելու համար բոլշեւիկեան հալածանքներէն:
1921 Փետրուար 18էն ետք, Վրացեան դարձեալ կը դառնայ Հայաստանի թիւ 1 մարդը՝ ընտրուելով Հայրենիքի Փրկութեան Կոմիտէի նախագահ:
Ապա՝ անցքը Լեռնահայաստան, եւ անկէ՝ Թաւրիզ, ազատութիւնը ընտրող բազմահազար այլ տարագիր հայորդիներու հետ: Այնտեղէն, Օգոստոսի վերջերը, Վրացեան կ'անցնի Թեհրան, ապա յաջորդաբար՝ Պաղտատ, Պասրա, Պոմպէյ, Եգիպտոս, Պոլիս ու վերջապէս Եւրոպա: Կը մասնակցի Հ. Յ. Դ. 1923ի Վիեննայի Խորհրդաժողովին, ինչպէս նաեւ 10րդ ԸՆդհ. Ժողովին (Փարիզ, 1924): Ս. Վրացեանի կողմէ ներկայացուած «քաղաքական մոմենտի մասին» զեկուցումները հիմնական դեր կ'ունենան Հ. Յ. Դաշնակցութեան հետագայ քաղաքական ոգիի ճշդումին եւ Միացեալ եւ Անկախ Հայաստանի քաղաքական փլաթֆորմի պահպանման մէջ, Վիտեննայի եւ Փարիզի ժողովներու ընթացքին:
Վիեննա, 1923 Ձախէն 2. Յովհաննէս Ամատունի, 5. Արմէն Սասունի, 6. Ռուբէն, 7. Յովհաննէս Տէվէճեան, 8. Կարօ Սասունի, 9. Ս. Վրացեան (Նկարը՝ ՀՅԴ Պատմութեան Թանգարան-Հիմնադրամին) |
Սիմոն Վրացեան բաւական երկար ժամանակ կը մնայ Փարիզ, իբրեւ Հ. Յ. Դ. Բիւրոյի անդամ մասնակցելով յաջորդական Ընդհանուր Ժողովներուն, տանելով կուսակցական-կազմակերպական եւ հրապարակագրական անդուլ աշխատանք: 1928-ին Փարիզի մէջ լոյս կը տեսնէ իր ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ մեծածաւալ եւ մեծարժէք աշխատութեան առաջին հրատարակութիւնը: Գրեթէ մնայուն կերպով կ'աշխատակցի «Հայրենիք»ներուն եւ «Յառաջ»ին:
1930ին երկրորդ անգամ ըլլալով կ'անցնի Հիւսիսային Ամերիկա: Ներկայ է սակայն Փարիզի 1933 թւականի Հ. Յ.Դ. ԺԲ. Ընդհ. Ժողովին, որմէ ետք, մինչեւ 1938, Փարիզի մէջ կը հրատարակէ ՎԷՄ մշակոյթի եւ պատմութեան հանդէսը, որու նպաստը մեր նորագոյն պատմագրութեան՝ մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ: Վրացեան մերթ ընդ մերթ այցելեց Հարաւային եւ Հիւսիսային Ամերիկաները (առաջին անգամ Հարաւային Ամերիկա կ'երթայ 1936ին): Երկրորդ աշխարհամարտի ամբողջ տեւողութեան եւ աւելի ուշ՝ մինպեւ 1951ի ԺԵ. Ընդհանուր Ժողովը, զինք կը գտնենք Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ: Հիմնական է իր նպաստը 1945-ին եւ անոր յաջորդող տարիներու Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբին կողմէ տարուած քաղաքական-քարոզչական աշխատանքներուն (յուշագիր Սան Ֆրանսիսքոյի Խորհրդաժողովին մասնակցող ներկայացուցիչներուն եւ այլ աշխատանքներ):
Սաու Փաուլօ, 1936 Սիմոն Վրացեան նստած կեդրոնը |
ԺԵ. Ընդհ. Ժողովէն եւ Լեւոն Շանթի մահէն ետք, Սիմոն Վրացեան կը նշանակուի Համազգայինի «Նշան Փալանճեան» Ճեմարանի տնօրէն, – պաշտօն մը՝ զոր կը վարէ մինչեւ մահը, ամբողջ 16-17 տարիներ: Իբրեւ Ճեմարանի Տնօրէն եւ «Համազգային»ի Նախագահ, ան այս ժամանակաշրջանին բազմիցս կ'այցելէ դարձեալ Հարաւային եւ Հիւսիսային Ամերիկաները, իր անձնական վարկին շնորհիւ յաճախ կարեւոր նուիրատուութիւններ ապահովելով «Համազգային»ի կրթական գործին: Ճեմարանական տաիրներուն, ան աւելի քան երբեք նուիրուած է գրական-յուշագրական գործին, ու հետզհետէ հրատարակած իր ԿԵԱՆՔԻ ՈՒՂԻՆԵՐՈՎ շարքին վեց հատորները, կարեւոր յաւելումներով վերահրատարակած իր ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ կոթողական գործը, լոյս ընծայած իր ՀԻՆ ԹՂԹԵՐ ՆՈՐ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ նամակներու արժէքաւոր հաւաքածոն եւ Քաջազնունիի ՅԵՏ ՄԱՀՈՒն, եւլն.:
1968 Ապրիլ 12էն ասդին, դժբախտ անկումի մը հետեւանքով յառաջացած տարիքին ենթարկուելով վիրաբուժական բարդ գործողութեան մը, Սիմոն Վրացեան ինկած էր անկողին: Հակառակ իրեն ընծայուած բացառիկ գուրգուրանքին եւ անդադրում խնամքին, վիճակը կը վատթարանար հետզհետէ: Զանազան առիթներով փոխադրուեցաւ հիւանդանոց, սիրելի եւ յարգելի իր կեանքը քչիկ մըն ալ երկարաձգելու մտահոգութեամբ՝ «Համազգային»ի եւ Ճեմարանի ընտանիքին կողմէ: Ամէն անգամ ալ, սակայն, անմիջապէս որ վիճակը փոքր չափով բարելաուուէր, Ճեմարանի իր յարկին տակ վերադառնալը իր ամենաբուռն բաղձանքը կը դառնար: –«Ճեմարան տարէք, զիս Ճեմարան տարէք, հոս չեմ ուզեր մնալ»:
Եւ այդ յարկին տակ, շատ հեռու իր պաշտած Հայաստանէն, բայց իր ա՜յնքան սիրած Ճեմարանին մէջ, Սիմոն Վրացեան աչքերը յաւէտ փակեց 21 Մայիսի առաւօտեան, ժամը 6.30ին: Տառապած մարմինը հանգչեցաւ: Մնաց՝ ինչ որ կը մնայ երբեմն հազուագիւտ ընտրեալներէ՝ երբ կեանքը վերջ կը գտնէ, – ԳՈՐԾԸ: Գործը՝ որ այսուհետեւ կը պատկանի Հայոց Պատմութեան: