29 October, 2024

Նազար Ալամշարեան (1870-1904)

Մշեցի էր Նազարը: Թաղի վարժարանը աւարտելէն ետքը մտաւ աշխատանքի, օրապահիկը հանելու եւ ընտանիքին օգնելու համար:

Կը սիրէր որսորդութիւնը եւ լաւ նշան կը զարնէր: Առաքինութիւններ, որոնք կը փառաբանէր ժամանակը եւ յեղափոխական հովերով տարւած երիտասարդութիւնը:

Նազար կանուխէն մտած էր յեղափոխական շարքին մէջ: Իր պարզ խելքով հասկցած էր, որ հասարակական շահը պէտք էր գերադասել անհատականէն եւ մեռնել հայրենիքի գաղափարին ու սեփական ժողովրդի բարօրութեան համար, եթէ պէտք էր:

Այս ազնիւ մտածում տարւած՝ Նազար չկրցաւ համբերել, երբ ծագեցան Սասնոյ դէպքերը 1904-ին:

Տուն եւ ընտանիք թողնելով, գիշեր մը նա, ուրիշ կամաւոր ընկերներու հետ բարձրացաւ լեռ եւ միացաւ Անդրանիկի խումբին, որ պարզեր էր ըմբոստութեան դրօշը Սասնոյ բարձունքներուն վրայ:

Մշոյ եւ Դաշտի երիտասարդութիւնը շարժման, եռ ու զեռի մէջ էր: Հեռանկարը գրաւիչ էր – բարենորոգւա կամ ինքնավար Հայաստանի յոյսերը թռիչքներ կուտային անոր: Իսկ դէպքերը ոգեւորիչ էին - «ռայան» կը ծառանար զինեալ ոյժով իր տէրերուն դէմ եւ ստրկութեան մուրը կը սրբէր իր ճակտէն:

«Գիաւուր ղան կէօրտի» (հայը արիւն տեսաւ) արհամարական ձեւով չէր, որ կը դիմաւորէին բարեկամները ու թշնամիները, այլ միաբերան կը գովէին հայերու յանդգնութիւնն ու քաջութիւնը, կազմակերպական յատկութիւններն ու կորովը: Արհամարհանքը փոխւած էր յարգանքի:

Թւով քիչ էին յեղափոխականները. Սասունը պաշարւած էր 40,000 զօրքով. բայց ի՜նչ փոյթ, մեծ էր գաղափարի ոյժը եւ զօրաւոր քան 40,000 սուինները:

Այս մեծ գաղափարի համեստ, յանդուգն ու անձնւէր կրողներէն մէկը մնաց Նազար, կռիւներու սկիզբէն մինչեւ վերջը, մինչեւ իր հերոսական մահը:

Մօտ ամիս մը մասնակցեցաւ Սասունի կռիւներուն: Անգամ մը թշնամիներէն 8 հոգի սպաննելով բերաւ անոնց զէնքերը: Բայց ինքն ալ ուսէն վիրաւորուելով իջաւ Մուշ: Առողջանալէն յետոյ կրկին միացաւ Անդրանիկին, ու մասնակցեցաւ Գոմերի, Կուրաւի, Շամիրամի, Աղթամարի կռիւներուն: Յետոյ խումբին հետ Վանի վրայով անցաւ Պարսկաստան, ուր ձմեռը մնաց տեղական հայդուկներու խմբին մէջ:

Բայց Նազար չէր կրնար գործէն ո երկրէն բաժնւիլ, անկէ հեռու մնալ:

1905-ի գարնան սկիզբը Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը կը զինէր Փոխանի (Փոխիկի) ձիաւոր խումբը Վասպուրական անցնելու համար: Նազար միացաւ խմբին:

Պարսկա-թիւրք սահմանի, Կոուրի լեռներուն վրայ խումբը կռւի բռնւեցաւ քիւրդերու հետ: Անհաւասար կռիւ: 18 կտրիճներու դէմ եկան հաւար ըլսող շրջակայ բոլոր աշիրէթները բազմաթիւ կռւողներով:

Կռիւը եղաւ ահաւոր: Տղերքը կռւեցան առիւծներու նման ու...ինկան:

Քիւրդերը րիենց երգերուն ու պատմութիւններուն մէջ անմահացուցին Փոխանի ու իր խմբին քաջութիւնը:

Այսպէս եւ այստեղ, հեռու Տարօնէն, ինկաւ Նազար նահատակ...

Յարգանք անյայտ շիրիմին:

Մարզպետ
«Դրօշակ» - Յունուար 1913
Թիւ 1 (229)

Յօդուածին մէջ ակնյայտ վրիպում է Փոխիկի խումբի զինուելու-պատրաստուելու թուականը՝ «1905-ի գարուն»: Նազարը Անդրանիկի հետ Երկրէն Պարսկաստան անցած է Օգոստոս ամսուն եւ որոշ ժամանակ ետք միանալով Փոխիկի խումբին, մասնակցած է դէպի Վան-Սասուն ճամբորդութեան, որուն ընթացքին նահատակուած է 28-29 հոկտեմբեր 1904-ին: