28 October, 2024

Տիգրան Գ. Խարբութլեան

Տիգրան, հայ ազատագրումի զինւորներէն մէկը, ողջակիզւեցաւ հայրենիքի փրկութեան սեղանին վրայ, գրեթէ երկու տարի առաջ, Սասունի կռիւներէն քիչ ետք:

Ծնած է Պագր Մատէնի մէջ (Տիգրանակերտ), 1880 ապրիլ 12ին. իր տասը տարեկան հասակին փոխադրւեցաւ Խարբերդ, հոն էր որ ճաշակեց գերութեան դառնութիւնը, հոն էր որ տեսաւ իր համարիւն եղբայրներու խողխողումը, կարմիր օրերուն, եւ իր սիրտը լեցւեցաւ արդար վրէժխնդրութիւնով:

Համեստ քաղաքացիի մը զաւակ, հազիւ նախկրթարանի ուսում ստացած... ստիպւած էր իր բաժինը բերել տունը ապրեցնելու: Խարբերդի մէջ իր արհեստը, հիւսնութիւն, գոհացում չէր տար, ու ինքն ալ միացաւ ամերիկագաղթ կարաւանին, ոտք կոխեց Գօլօմպոսի երկիրը 1891ին սկիզբին: Մնալով հոս երեք տարի, կազդուրիչ եւ գաղափարական միջավայրի մը մէջ ապրեցաւ հայավայել կեանքով մը: Ունեցաւ սեփական շահաւէտ գործ մը, որուն շնորհիւ կրնար բարեկեցիկ կեանք մը վարել հոս, բայց Տիգրան այդ խմորէն չէր:

Քանի կը զարգանար իր գիտակցութիւնը, յեղափոխական մամուլի, ժողովներու եւ անհատական օրինակներու միջոցով, այնչափ կը սաստկանար իր տենչը բոլորանւէր նետւելու հայ ազատագրութեան գործին մէջ: Ամերիկայի յեղափոխական երիտասարդութեան վիճակւած բաժինը խիստ անբաւական էր անոր համար, եւ Տիգրան որոշեց քալել անձնւէրներու ճամբէն, իր պաշտած ֆիտայիներուն ընկերանալով...

1904ի սկիզբն էր որ հրաժեշտ տւաւ Ամերիկայի իր ընկերներուն եւ գնաց ուղղակի սահմանագլուխ,  Սասունի օգնող խմբերուն միանալու: Իր յատկութիւնները անմիջապէս գնահատւեցան հոն եւ շատ չաանցած ընդունւեցաւ Դումանի հեծելախմբին մէջ, որ 1904 յունիս 28-ին Խանասօրի գծով յանդուգն փորձ մը ըրաւ Վասպուրական մտնելու եւ չյաջողելով՝ ետ դարձաւ: Այս կռւի մասին ՀԱՅՐԵՆԻՔ գրած է իր ժամանակին:

Այս անյաջողութիւնը Տիգրանը չյուսահատցնելէ զատ ալ աւելի խրախուսեց: Կառչեցաւ մնաց սահմանագլխին, մտաւ փոխադրութեան գործերու մէջ, երկու անգամ մահէն պրծաւ, եւ վերջապէս 1904 հոկտեմբեր 24-ին միացաւ Փոխիկի խմբապետութեան զինակիր հեծելախումբին (15 հոգի), որուն վիճակւած էր ամբողջովին ոչնչանալ անհաւասար ուժերու դէմ կատաղի կռւէ մը ետք...

Տիգրան հասաւ իր մուրազին, մեռաւ կռւին մէջ, զէնքը ձեռին եւ հայրենի հողին վրայ...

Անմոռաց ընկեր, քու եւ քեզպէս անձնւէր զինւորներու արիւնը բաւական չեղաւ դեռ հայ հայրենիքը փրկելու: Ուրիշ զոհեր ալ պէտք են այդ բագինին վրայ...

Ահա կուգան անոնք քու ետեւէդ, շարան շարան, կռւելու եւ զոհւելու նոյն վսեմ գաղափարին համար, եւ պիտի գան անվերջ շարքով մը, մինչեւ չփշրւի բռնակալութեան լուծը ստրուկ հայու պարանոցէն:

Եւ քու յիշատակդ գուրգուրանքով մը պիտի պահեն քու ընկերներդ, տարամերժ ափերուն վրայ, օտար հօրիզոններու տակ, ուր դրամը, զեղխութիւնը, եսին մոլութիւնը այնքան հայ զաւակներ խորթեցուց իր հայ հայրենիքէն:

Յարգա՜նք յիշատակիդ եւ հանգի՜ստ անթաղ ոսկորներուդ, վաղաժամ, բայց փառաւոր մահով մեռնող ընկեր:

«Հայրենիք», Պոսթոն
8րդ Տարի, Թիւ 45 (383)
Շաբաթ, Նոյեմբեր 10, 1906