1872ին Սալմաստի Սուլաւ գիւղը ծնած էր Մուսթաֆա Ռահիմ Օղլին, կամ ինչպէս սովորաբար կ'անւանէին նրան, Մստօն, որ երկար ատեն անզէն ու անպաշտպան հայերու ուղեցոյցը եղած էր դէպի Թիւրքիա:
Մստօն իր համակրելի բնաւորութեամբ եւ մանաւանդ իր հաւատարմութեամբ կրցաւ դաշնակցական ընկերներու վստահութիւնը գրաւել եւ 1903էն ասդին հինգ անգամ կատարեալ յաջողութեամբ մեր զինակիր խումբերուն առաջնորդեց, իսկ վերջին անգամ, «Ճափօն» զինակիր խմբին, Փոխիկի հրամանատարութեան տակ որ դժբախտ վախճան ունեցաւ: Պարսկաթիւրք սահմանագլխէն մեզի կը գրեն թէ խեղճ Մստօն, քիւրտերուն ձեռքն իյնալով, չարաչար մահով – տանջանքներով – քաւած է իր բարեկամութիւնը հայ ֆէտայիներուն:
Մստօն այն սակաւաթիւներէն է որ նախակարապետը պիտի ըլլան հայաքիւրտ բարեկամութեան, որուն մեծ դեր մը վիճակւած է Հայաստանի գործերուն մէջ, մերձաւոր ապագային:
«Հողի եղբայրներու» սրտակցութեան այն մեծ օրին, երախտագիտութեամբ պիտի յիշւի Մստօի համեստ անունն ալ:
Գերեզման չունի՛ս, լաւօ, բայց քու հայ ընկերներէդ ո՞վ ունեցաւ այդ դժոխքին մէջ:
Քու վրէժդ մերն ալ է, չէ՞ որ վայրենութեան եւ բռնութեամ դէմ քովքովի էինք:
Քնէ, լաւօ, չենք մոռնար քեզի: