28 October, 2024

Յակոբ Ասլանեան՝ Շատախի զինուորներէն

Շատախի Կռիւները

Վասպուրականի ինքնապաշտպանութեան կռիւներուն մէջ (1896)՝ նշանաւոր տեղ մը կը բռնէ Շատախի ընդդիմութիւնը: Շատախցին, ու յատկապէս Թաղի եւ Փեսան դաշտի ժողովուրդը, քաջաբար կռւեցաւ, պաշտպանելով իր օճախը քիւրտերուն դէմ: Ընդդիմադրութիւնը օրեր տեւեց – եւ արիւնի այդ օրերուն, յատկապէս Փեսան դաշտի մէջ, ժողովրդի ինքնապաշտպանութեան գործը կազմակերպեց մեր ընկեր ՎԱՐԴԱՆԸ, որ ֆիտայիներու խմբով մը Վանէն գացած էր գաւառը պաշտպանելու:

Ցաւալի է, որ տասնամեակի այս տարեդարձին օրը անկարող ենք պատշաճ տեղ մը նւիրելու այդ կռիւներուն, պարզապէս մեր ձեռքի տակ չունենալով պէտք եղած նիւթերը: Ընկեր ՎԱՐԴԱՆԻ յիշատակարանը որու մէկ մասը բախտ ունեցած ենք կարդալու, մեծ լոյս պիտի կրնայ սփռել, երբ հրատարակւի, երկունքի այդ ծանր օրերուն վրայ:

Ամիսէն աւելի դիմացան, յատկապէս Թաղը, եւ այդ բոլոր ընդհարումներուն մէջ հայերու կորուստը եղաւ 80 հոգի, ատոնք ալ անզէն մնացածներէն, իսկ քիւրտերէն ինկան մօտ 50 հոգի: Վերջիվերջոյ կառավարութիւնը միջամտեց. քանի մը ձերբակալութիւններ ընելով, ու քանի մը շեշխանա հաւաքելով՝ վերջ դրաւ կռիւներուն:

Կիները պակաս չմնացին տղամարդէն. անոնք էին որ վրանին առին թշնամիին ձգած հրդեհը մարել, եւ կատարեցին յաջողութեամբ, թողնելով որ իրենց եղբայրները դիրքերը պաշտպանեն. այդ դիւցազնական ճիգերուն մէջ նահատակւեցան հինգ կիներ:

Շատախի կռիւը խոշոր դաս մը կը պարունակէ թէ որքա՜ն մեծ գործ կրնայ կատարել նոյնիսկ փոքր խումբ մը, եթէ որոշ ծրագրով մը կ'առաջնորդւի ու կ'առաջնորդէ գլուխը կորսնցուցած ժողովրդին: ՎԱՐԴԱՆԻ պատւէրն էր «պատրաստւիլ, չխաբւիլ խոստումներէ եւ կռւիլ մինչեւ վերջին շունչը»: Շատախցին հետեւեցաւ այդ կտրուկ պատւէին եւ չնչին կորուստով փրկւեցաւ փոթորիկէն:

* * * 

Մեր ձեռքը եղած նիւթերը չեն բաւեր դժբախտաբար, այդ կռւին վերաբերող պատկերներ դնելու – ստիպւած ենք բաւականանալ մէկով, որ ընթերցողը կը գտնէ այս յօդւածին գլուխը:

Յակոբ Ասլանեան (Կայծակ), Շատախի Հասէխ գիւղացի էր, եւ երեք զաւակներու ալ հայր: 1889ին առաջին անգամն ըլլալով «Արմէնական» ընկերութեան անդամակցեցաւ, քանի մը տարի ետք՝ 1892ին յարեցաւ Դաշնակցութեան, մտաւ ՎԱՐԴԱՆԻ խումբին մէջ ու գնաց իր բնագաւառը պաշտպանելու: Խանասորի արշաւանքին ատեն արդէն կը գտնենք զինքը տասնեակի մը գլուխը: Կազմակերպութեան որոշումով կատարեց երեք տէռօր: 1904 հոկտ. 29ին մասնակցեցաւ «Ճափօն» խումբին, Փոխիկի հրամանատարութեան տակ, եւ կատաղի կռւի մը մէջ գտաւ փառաւոր մահը...

Եւ ո՞վ չի լեցւիր հպարտութեամբ երբ գիտէ թէ լէգէոն է հիմա թիւն այդ զինւորներուն. ո՞վ ամէնէն խիզախ յոյսերը չի սնուցաներ իր մէջ – երբ կը տեսնէ ելլելը այդ հզօր դէմքերուն՝ երէկի ստրկացած հայ զանգւածէն...

«Հայրենիք», Պոսթոն
8րդ Տարի, Թիւ 29 (367)
Շաբաթ, Յուլիս 21, 1906