Ո՞ր մէկ թանկագին կորուստը ողբալ...
Գոյժը իմացանք կիրակի առտու կանուխ:
Դժբախտ ընկերը, որ սրտի տկարութենէ կը տառապէր, շաբաթ իրիկուն յանկարծամահ եղած է իր կաթնատան մէջ, ուշաթափ իյնալով սանդուղին վրայ: Իր անձնուէր ընկերները ամէն միջոց փորձած են, բայց անօգուտ:
Այսպէս կ'անհետանայ դէմք մը եւս, որ ծանօթ էր իր ջերմ հայրենասիրութեամբ, քաջութեամբ եւ ձեռներէցութեամբ:
Գարեգին Սարգիսբէգեան բնիկ Երեւանցի էր, 60-62 տարեկան եւ ամուրի: Կանուխէն մտած էր դաշնակցութեան շարքերը, գործօն դեր կատարելով: Առաջին Մեծ Պատերազմին կը մտնէ Դրոյի գունդին մէջ, որ յառաջ կը խաղար դէպի Վասպուրական: Հայաստանի հանրապետութեան շրջանին արդէն հարիւրապետ էր նորակազմ բանակին մէջ: Օրուան կառավարութիւնը ուրիշ սպաներու հետ (Վահան Փաստրմաճեան, Տիգրան Բաղդասարեան եւն.) Փարիզ ղրկեց զինքը, զինուորական կրթութիւնը կատարելագործելու համար Սէն Սիռի մէջ:
Վարչաձեւի փոփոխութենէն վերջ, ինչպէս իր ընկերները, ինքն ալ ստիպուեցաւ տարեր ասպարէզի մը հետեւիլ: Եւ մտաւ Մամերուի կաթնատնտեսութեան վարժարանը, դառնալով մասնագէտ մը այդ ճիւղին մէջ: Յետոյ կաթնատուն մը բացաւ Ռըթէլի մէջ: Գործը հսատատուն իվճակ ունէր ե ւհետզհետէ կը ծաղկէր, երբ Բ. աշխարհամարտը կը պայթեցաւ, վերիվայր շրջելով ամէն բան: Գերմանացիները գործարանը նախ գրաւած էին, իսկ փաոխստի պահուն իրենց երկիրը փոխադրեցին մեքենաները:
Պատերազմէն վերջ, ընկեր Գարեգին ամէն յոգնութիւն եւ զոհողութիւն յանձն առնելով, յաջողեցաւ ոչ միայն ետ առնել մեքենաները, այլ նոր կազմածներ աւելցնել եւ տիպար հաստատութիւն մը հիմնել, զարկ տալով կանթեղէնի ամէն տեսակ արտադրութեանց,– կարագ, պանիր եւն. Հաստատութիւնը, «Ծիծեռնակ», մեծ վարկ շահած էր ամբողջ Մեցի շրջանին մէջ:
Իր առեւտրական յաջողութեան հետ կ'աճէր իր առատաձեռնութիւնը: Չկայ կուսակցական կամ ուրիշ անրօգուտ ձեռնարկ մը որուն մասնակցած չըլլայ շօշափելի գումարով մը:
Հակառակ իր բնակավայրին հեռաւորութեան, միշտ ալ մնաց գործօն անդամ Դաշնակցութեան: Պատերազմի ընթացքին, երբ իր խնայողութեամբ կ'ապրէր, վարեց զանազան պատասխանատու պաշտօններ, իբրեւ Կեդր. Կոմիտէի անդամ կամ ներկայացուցիչ: Պարբերաբար Փարիզ կ'իջնէր, մօտէն տեղեկանալու համար կուսակցական գործունէութեան: Կուսակցութենէն դուրս ալ մեծ համարում կը վայելէր իր բարեհամբոյր բնաւորութեամբ: Ջերմ ընկերասէր, առիթ չէր փախցներ, օրերով հիւրասիրելու համար խումբ-խումբ ընկեր եւ բարեկամներ:
Իր զբաղումներուն մէջ միշտ ալ ուշադրութեամբ կը հետեւէր Դաշնակցական մամուլին եւ ուրիշ բազմազան հրատարակութեանց, ի հարկին գործնապէս օգնելով:
Վշտին ծանրութեան տակ, հազիւ կարելի եղաւ գրի առնել այս տժգոյն տողերը: