11 November, 2023

Միսաք Թորլաքեան

Բարի գործքով կամ արութեամբ հռչակուած ընտիրները, կեանքի բնականոն ընթացքը աւարտած եւ ի կենդանութեան անմահութիւն նուաճած ըլլալով հանդերձ, իրենց մահով խոր սուգ մը կ'առաջացնեն երախտագէտ բազմութիւններու սրտին, կրկնակի սուգ մը՝ մեկնողին համար, մնացողին համար:

Այսպէս կը պատահի ժողովուրդի սրտին մօտ գրագէտին հետ, հերոսին հետ, իմաստութեամբ վկայուած իմաստուն գործիչին հետ:

Անոնց ներկայութեան ապահովութիւն մը կը զգայ մարդ, իրաւին, արիին, անձնուէրին հետ շնչելու անսովոր երջանկութիւն մը, որ կը պղտորի երբ մէկուն կամ միւսին առիթով ղօղանջեն մահագոյժ զանգերը:

Այդպէս պատահեցաւ նաեւ երէկ, արիւնախում ճիւաղ Ջիւանշիրը յոգնախուռն բազմութեան մը ներկայութեան շա՛ն սատակ ըրած Միսաք Թորլաքեանի հետ, երբ առինք իր մահուան բօթը:

Թորլաքեան կը պատկանէր մեր յեղափոխութեան վիշապաքաղներուն վերջին փաղանգին, ցեղին սրտին մէջ ի տղայ տիոց հսկայացած Թեհլիրեաններու, Երկանեաններու, Շիրակեաններու եւ Ծաղիկեաններու դասուն, անոնց խումբին՝ որոնք իրենց սխրագործութեամբ խաղաղութիւն պարգեւեցին մեռելներուն եւ սպիացուցին ապրողներուն վիրաւորուած արժանապատուութիւնը:

1921-22 թուականներուն հրաշքի համազօր արտայայտութիւններ էին արդարեւ այս չորսին, այս հինգին «աստուածաբոց հրացան»ներէն դուրս ժայթքած օրհնաբեր բոմբիւնները, որոնք լսուեցան ոճիրներու քաղաքին եւ ոճրագործներուն մեղսակից մարդոց մայրաքաղաքներուն մէջ ու տարածուեցան ի սփիւռս աշխարհի՝ ազգին ցաք ու ցրիւ եւ ընկճուած, եւ նուաստացած բեկորները վերածելով մէկ հաւաքականութեան, հպարտութիւն հաղորդելով ազգին, ապրելու կորով, իրաւունքներու եւ հեռաւոր կարելիութիւններու հանդէպ նոր հաւատք:

Մարդ չի կշտանար ահաբեկիչ այս տղոց աստուածային յատկութիւններուն մասին խօսելէ, ժողովրդանուէր եւ այդ ծառայութեան մէջ անձնամոռ, արի, անդարձ որոշումներու ընդունակ անդարձ տղաք:

Անդա՛րձ...

Կը յիշէք հարկաւ իւրաքանչիւրին գլուխ-գործոցը, այդ գլուխ-գործոցը հանելու վայրկեանին յայտնաբերած իւրաքանչիւրին մէկ անկրկնելի մտածումը, ապրումը, շարժումը, որոնք կը կազմեն անոնց անհատականութեան ցոլքը եւ գործին համազօր արժէք ունին, վեհութիւն ու հմայք:

Միսաք Թորլաքեանի մօտ յայտնուած «անկրկնելին» հրէշին մարմնոյն մէջ երեք գնդակ տեղաւորելէ ու խոյս տալէ ետք՝ գործը կէս ձգած ըլլալու խղճախայթն է, կասկածը, կասկածը փարատելու համար վտանգին վրայ վերստին խոյանալու գերմարդկային տենդը, այսպէս, ի՛ր գրչով:

«Անկիւնը չդարձած, երբ ձայնը ականջիս հասաւ, մտքով ըսի. «Մեռած չէ, վերադառնամ ու վերջացնեմ»: Ետ դարձայ դէպի դիակը: Երբ մօտեցայ, գլուխը հաւաքուած էին 20-30 հոգի: Բոլորն ալ քարացան ատրճանակը ձեռքս տեսնելով: Մօտեցայ եւ գետին փռուած Ջիւանշիրի գլխուն վրայ կեցայ: Կուրծքին գնդակ մըն ալ պարպեցի: Ապա շուրջս նայեցայ եւ տեսայ որ չորսէն հինգ ոստիկաններ, ատրճանակնին ձեռքերնին, բռնած էին այն անկիւնը, ուրկէ կրնայի փախուստ տալ»...

Շարունակութիւնը գիտէք, շարունակութիւնը ուրիշ պատմութիւն է, եթէ կ'ուզէք այնքան ալ կարեւոր չէ շարունակութիւնը: Մենք կ'ուզենք ընդգծել «վերադառնամ ու վերջացնեմ» որոշումը միայն: Անձին սպառնացող վտանգը արհամարհելով անաւարտ կարծուած պարտականութիւն մը պսակելու այս երկրպագելի խիզախութիւնը ամէն մահկանացուի տրուած չէ, անիկա մաս կը կազմէ քիչերու խառնուածքին, ու այդ քիչերէն շատ ունեցաւ մեր յեղափոխութիւնը, Թորլաքեանի յայտնաբերած առաքինութեամբ հազար-հազար կտրիճներ, որոնց թանկ արիւնով գնուած հայրենիք մը ունինք այսօր ու արութեան գործերուն շնորհիւ նոր շնչառութեամբ ապրելու մեծ բախտ մը, փառք՝ իրենց արիւնին, իրենց հաղորդած վերանորոգ շունչին, ու այն ուժին, ու այն մթնոլորտին, ու այն ոգիին, որուն կշռոյթով ապրեցաւ, խանդավառուեցաւ, զինավառեցաւ ու նոր բովանդակութիւն ստացաւ բովանդակ ազգը:

Պ. Ս.
«Ազդակ», Պէյրութ
ԽԲ. Տարի, Թիւ 215 (11,177)
Ուրբաթ, 15 Նոյեմբեր 1968