Ատենէ մը ի վեր հայ երիտասարդութիւնը, մանաւանդ անոր մտաւորական
թեւը սկսած է խլրտիլ, շարժիլ եւ ճիգ թափել իր ներկայութիւնը զգալի դարձնելու, ըլլալու
եւ բան մը ընելու հայ իրականութեան մէջ, գործնական ու իմացական զոյգ ճակատներուն
վրայ:
Այս երեւոյթը ինքնին խրախուսիչ երեւոյթ է.
Ինքնին հասկնալի է նոյնպէս, որ հայ երիտասարդութիւնը, մասնաւորաբար նորագոյն սերունդը իր ասպարէզը սկսի ժխտումով. Ժխտումովը անցեալին, հինին, աւանդականին, ժխտումովը նոյնիսկ ներկային, իբրեւ անցալին ժառանգորդն ու շարունակութիւնը, ժխտումովը ընկալեալ սովորութեանց, արմատաւորեալ մտայնութեանց եւ կաղապարեալ մտածողութեանց, ժխտումովը վերջապէս տիրող կարգերուն, իմացան, ընկերային ու տնտեսական դրութեանց, ի մի բան՝ հաստատութեան (institution):
–Նախ՝ քանդե՛լ,– այս է հիմա արդէն նորագոյն երիտասարդութեան նշանախօսքը քիչ մը ամէն տեղ եւ քիչ մը ամէն մարզի մէջ:
Քանդել ի՛նպ որ հնարաւոր է, քանդել ինչ որ եկած է անցեալէն եւ կը տեւէ անիրաւօրէն ու անհեթեթօրէն, քանդել, ի հարկին, բովանդա՛կ քաղաքակրթութիւնը եւ անոր աւերակներուն վրայ յաղթականօրէն կանգնած՝ ապա՛ միայն մտածել, թէ ի՛նչ պէտք է ընել, եթէ անպայման բան մը ընելը պայման է:
Եթէ չենք սխալիր, ահա այս ուղղութեամբ կ'ընթանայ երիտասարդութեան գործը ընդհանրապէս, եթէ, ի հարկ է, ընդունուի որ որեւէ ուղղութեամբ ընթանալը պայման է:
Եւ մեր երիտասարդները, անոնց ամէնէն յառաջապահ թեւը, լաւագոյն պարագային, իմացական այդ ողջագուրումին, հոգեձուլումին ու գիրկընդխառնումին մէջ կը տեսնէ մարդկային ապագայ կեանքի շողշողուն տեսլականը, ապա նաեւ՝ հայ ժողովուրդի անսասանելի փրկութիւնը, որուն շուքին տակ Հայկական Հարցը կամ Հայ Դատը հազիւ նշմարելի մանրամասնութիւն մը կը հանդիսանայ այլեւս, հասարակ նախապաշարում մը պարզապէս:
Մենք լիովին կ'ըմբռնենք, առնուազն ըմբռնել կը ջանանք, որ միայն երիտասարդութիւնը կրնայ ինք իրեն թոյլատրել այս պերճանքը, ժխտումի եւ քանդումի պերճանքը, ինչպէս ամէն ժողովուրդի, նաեւ հայ կեանքի մէջ:
Եւ երիտասարդական միջազգային եղբայրակցութեան այս շողանկարը, գաղափարաց զուգորդութեամբ, մեզի կը յիշեցնէ Լենինը եւ լենինեանները, որոնք, ա՛լ Կրեմլ նստած, կ'երազէին եւ երազել կու տային, ի շարս այլոց, նաեւ այն մասին, որ գերմանեւռուս ռազմաճակատին վրայ, գերման եւ ռուս զինուորները, որոնք տարիներ շարունակ իրարու վրայ կրակած էին, յանկարծ, հրաշքով, իրարու գիրկ պիտի նետուէին եւ պիտի ողջագուրուէին միջազգային ընկերվարական յեղափոխութեան եւ գալիք արդարագոյն կարգերու տեսալականին անձնատուր:
Արդի երիտասարդութիւնը Լենին չէ, չի ալ կրնար ըլալլ անշուշտ եւ լենինիզմը ուրիշ բան էր անկասկած: Սակայն պատմական անհերքելի իրողութիւն է, որ ողջագուրումը – նպատակը – չիրականացաւ, հակառա՛կ անոր որ յեղափոխութիւնը – միջոցը – տեղի ունեցաւ:
... հին յեղափոխութիւնը – ընկերվարութեան անունով ու ձգտումով շղթայազերծուածը – եւ հին յեղափոխականները – Լենիններն ալ ներառեալ – դեռ իտէալ մը, երազ մը ունէին, երբ կը քանդէին կամ քանդելու կ'ելլէին հինը – նոր, արդարագոյն կարգերու կերտում:
Նոր յեղափոխութեան – եթէ կարելի է այդ անունով կոչել նորը – եւ նոր յեղափոխականներուն տարբերութիւնը այն է, որ ասոնց կը պակսի երազը, կերտումի տենդը եւ հրաշագործ հրայրքը: Նորերուն համար երազը քաղքենի նախապաշարում է լոկ:
Եւ եթէ միամտօրէն հարցնես.– Յեղափոխութիւն, ժխտում ու քանդում՝ լա՛ւ, բայց՝ յետո՞յ: Կը ստանաս կարճ ու կտրուկ պատասխան մը.– Բայց ի՜նչ փոյթ:
Կամ, առաւելագոյն պարագային, սա՛ ձեւի հնաբոյր պատասխան մը– Ազատագրել մարդ անհատը ընկերութեան կալանքներէն, ազատագրել իմացապէս, հոգեպէս, տնտեսապէս:
Սակայն այս պատասխանը տուողները դեռ նուազ ձախերն են, նուազ յեղափոխականները, նուազ արդիապաշտները: Բուն ձախերը, եթէ ներելի է այսպէս ըսել՝ ամէնէ՛ն ուղղափառները պարզապէս պիտի ըսէին.– Ի՞նչ անհեթեթ հարցում. նախ քանդէ ինծի հետ եւ ապա միայն հարցուր – յետոյ ի՞նչ:
Միջազգային երիտասարդական այս լաբիւրինթոսին մէջ է ահա, որ հայ երիտասարդութիւնը, անոր ամէնէն յաւակնոտ թեւը, ելած է վատնելու իր արդէն իսկ վտիտ ուժերը: Գաղափարներու եւ գաղափարական հոսանքներու այս յորձանուտէն բռնավար՝ խութէ խութ կը զարնուի, խարխափումէ խարխափում կ'ընթանայ, կը տագնապի եւ կը տագնապեցնէ ահա նաեւ մեզ:
Կը տագնապեցնէ
ի՛ր հաշուին, հայութեա՛ն հաշուին, Հայաստանի՛ հաշուին:
Կը տագնապեցնէ մա՛րդկօրէն, հա՛յօրէն, եղբա՛յրօրէն:
...մեզի կը թուի, թէ հոգեբանական խոր ճշմարտութիւն մը կայ այն իրողութեան մէջ, թէ որեւէ կոչունքի՝ խմողները չեն, որ բաժանկները կը փշրեն, այլ արբածները: Առաջիններուն վերաբերումը ծարաւի մը արտայայտութեան ցուցանիշն է, երկրորդներուն արարաքը՝ յագեցումի մը յայտարար նշանը:
Արդի քաղաքակրթութեան ընծայած յագեցումն է երեւի արմատն ու պատճառը այն երեւոյթին, որ աշխարհաքաղաքացիական հովերով կը փոթորկէ արդի երիտասարդութիւնը, գոնէ անոր մէկ կարեւոր թեւը, քիչ մը ամէն ճակատի վրայ: Սակայն յեղափոխութիւնները շռայլութեան մէջ չեն ծնիր, յագեցած հոգիներն ու մտքերը չեն, որ յեղափոխութիւն, քաղաքակրթութիւն կամ մշակոյթ կը ստեղծեն: Այդ բոլորը ծարաւի հոգիներու ու մտքերու գործն է ու շնորհը: Էապէս ծարաւի հոգիներն են կերտիչը յեղափոխութեանց, նորին, նորագոյնին եւ նորարարին:
Ահա թէ ինչո՛ւ յեղափոխութիւնը մեր դարուն Արեւելքի մէջ է, որ կը զարգանայ, մինչ Արեւմուտքը էապէս հակայեղափոխական է, որովհետեւ հոն յագեցում կայ, մինչ Արեւելքի մէջ հոգիները ծարաւի են դեռ... եւ հոս անշուշտ Արեւելքը զուտ աշխարհագրական հասկացողութիւն չէ կամ պարզապէս պարագայաբար այդպէս է:
Անշուշտ, ռազմավարութիւնը յստակ է.– Երբ չեն յաջողիր մասը (հայութիւնը) փրկելու, ճամբայ կ'ելլեն ամբողջութիւնը (մարդկութիւնը) փրկագործելու...
Սակայն հայ երիտասարդութիւնը, Արեւելքի թէ Արեւմուտքի մէջ, եթէ կ'ուզէ ինքզինք ըլլալ եւ իր ինքնութիւնը պահել, անհրաժեշտ է որ հիմնականին ըմբռնումը ունենայ, ըմբռնումը մնայունին եւ գնայունին, ըմբռնումը անցաւորի եւ անանցաւորի պայմանին:
Այլապէս, Արեւելքի եւ Արեւմուտքի բախման գօտիներուն – իմացական, քաղաքական ու ընկերային – եւ գաղափարներու ու գաղափարական հոսանքնեորւ յորձանուտին մէջ անելի պիտի մատնուի, պիտի տագնապի – կը տագնապի՛ արդէն – ու մշաի, փոշիանալով ու իրեն հետ փոշիացնելով նաեւ Հայկական Սփիւռքը:
Անելի ու
տագնապի մատնուած այդ երիտասարդութիւնն է, Արեւմտեան լուսահեղձ ոստաններու մէջ անզօրութեան
ու անճրկումի ենթարկուած այդ երիտասարդութիւնն է, այո՛, որ իր ներկայացուցիչներէն մէկուն
բերնով մեզի կը պոռայ իր պարտութթիւնն ու զինաթափութիւնը, երբ սեւով ճերմակի վրայ պատգամել
կը ջանայ իր սերնդակիցներուն, իբր թէ հինը քանդելու եւ նորը կետելու յաւակնութեամբ.
«ՀԱՅ ԴԱՏՈՎ ԶԲԱՂԻԼ ՉՈՒԶԵԼԸ ԱՌՈՂՋՈՒԹԵԱՆ ՆՇԱՆ Է»:
Այս է ահա նոր կարգախօսը:
Սակայն եթէ հայ երիտասարդութեան «առողջութեան նշան»ը այս է, ի՞նչ է ուրեմն «նշան»ը անոր ապառողջութեան:
Մնաց որ եթէ շրջուած այս տարազը ճիշդ է հայ երիտասարդութեան համար, իբրեւ «առողջութեան նշան», ճիշդ է, ուրեմն, ճիշդ պէտք է ըլլայ անպայման նաեւ բովանդակ հայութեան ահամր:
Իսկ եթէ հայութիւնը «Հայ Դատով զբաղիլը առողջութեան նշան» պիտի չնկատէ, ի՞նչ կը մնայ, ի՞նչ կրնայ մնալ մանաւանդ նոյնինքն հայութենէն, ա՛լ չենք ըսեր՝ հայ երիտասարդութենէն:
–Ժխտել, քանդել, այո՛, դեռ կարելի է հասկնալ: Սակայն ասիկայ այլեւս ժխտել չէ, քանդել ալ չէ, այլ պարզապէս կործանել եւ կործանիլ է միաժամանակ:
Պէ՞տք է ընդունիլ ուրեմն, թէ այս է այն «նոր»ը, զոր մեր տղաքը, մեր զաւակները եւ, ինչո՛ւ չէ, նո՛ր մարդկութեան ռահվիրաները կը բերեն մեզի, իրենց ժողովուրդին ու հայրենիքին:
Կը տարակուսի՛մ: Հոս հիմնական թիւրիմացութիւն մը կայ: Հոս պակսողը հիմնականին ըմբռնումն է, Հայ Դատի ԷՈՒԹԵԱՆ ըմբռնումը:
Արդարեւ, եթէ այս տղան կամ տղաքը իրապէս եւ էապէս ըմբռնած ըլլային Հայ Դատը եւ Ա. Բ. Գ.ի պէս կարդային Հայ Դատին իմաստն ու խորհուրդը, կասկած չկայ, որ «Հայ Դատով զբաղիլ չուզելը առողջութեան նշան» պիտի չնկատէին:
Ընդհակառա՛կն, հայ ժողովուդի, բայց մանաւանդ հայ երիտասարդութեան առողջութեան, կեանքին ու անմահութեան աղբիւրը պիտի տեսնէին Հայ Դատին ու անոր բոլորանուէր ու բազմակողմանի հետապնդման մէջ:
Առողջութեան նշան պիտի նկատէին Հայ Դատի յարատեւ ու յարաճուն հետապնդումը ամէնո՛ւր,– բարոյակա՛ն առողջութեան, իմացակա՛ն առողջութեան, հոգեկա՛ն առողջութեան, գաղափարական, ազգային, քաղաքական ու մարդկային լիակատա՛ր առողջութեան:
Իրաւամբ, բան մը ժխտելու համար, նախ պէտք է գիտնալ, հասկանալ ու ըմբռնել, թէ ինչ է, զայն չէի կամ չիքի վերածելէ առաջ:
Նոյնն է պարագան նաեւ Հայ Դատին: Հայ Դատը ժխտելէ եւ մոռացութեան տալէ առաջ, անհրաժեշտ է ըմբռնել, թէ ինչ բան է, որ կը ժխտես ու կը նետես մոռացութեան գիրկը, ի՛նչ պարապ կը ստեղծես մանաւանդ եւ ի՛նչ աւեր՝ հայ մարդուն մէջ եւ հայ մարդուն շուրջ:
Եւ որովհետեւ չէ յարգուած հիմնական այս նախապայմանը նաեւ հոս, ուստի ճիշդ այս կէտէն կը սկսի թէ՛ մոլորանքը եւ թէ տագնապը:
Տագնպաը հայ մարդուն, բայց մանաւանդ հայ երիտասարդին, առանձնապէս արեւմտեան կողմն աշխարհի:
Արդ, ի՞նչ է Հայ Դատը:
Շատերու համար եւ հաւանաբար նաեւ վերի տարազի հեղինակին կամ իրեն գաղափարակից հայ երիտասարդներուն համար Հայ Դատը հողային հարց մըն է իր էութեան մէջ:
Սակայն ճի՞շդ է այս բնորոշումը,– երբեք: Հայ Դատը, ըստ էութեան, հողային խնդիր մը չէ լոկ եւ հայութեան հողային հարցի լուծումով չէ, որ պիտի շահուի Հայ Դատը:
Հայ Դատը հողային երես մը ունի անշուշտ եւ այդ երեսը հիմնական նշանակութիւն ունի: Սակայն Հայ Դատը, ըստ էութեան, հողային հարց չէ եւ չի կրնար ըլլալ:
Եւ որպէսզի աւելի համոզիչ ըլլայ մեր խօսքը, հարց տանք մենք մեզի.– Եթէ վաղը պատմական Հայաստանի բոլոր հողերը վերադարձուին հայութեան, նովին բանիւ լուծուած կ'ըլլա՞յ Հայ Դատը:
–Այո՛,
պիտի պատասխանեն հաւանաբար շատեր:
–Ո՛չ, կը պատասխանէ սակայն Հայ Դատի էութեան թափանցած ու գիտակից հայը: Ո՛չ կը պատասխանէ եւ պէ՛տք է այդպէս պատասխանէ, որովհետեւ հողային հարցը հայութեան համար կրնայ լուծուիլ կամ նոյնիսկ լուծուած նկատուիլ նաեւ Ֆրանսայի, Քանատայի, Ամերիկայի կամ այլ որեւէ երկրի մէջ:
Այլապէս, այսինքն եթէ Հայ Դատը հողային հարց է լոկ եւ յիշեալ երկիրները հայութեան հողային եւ այլ պահանջներուն գոհացում կու տան լիովին եւ շատ աւելի լաւ պայմաններու մէջ, ինչո՞ւ ուրեմն չենք ուզեր, որ մեր զանգուածները շարունակեն ապրիլ այդ երկիրներուն մէջ:
Պատասխանը շատ պարզ է.– Որովհետեւ գիտենք, կը տեսնենք եւ կը գիտակցինք, որ օտար երկիրները մեզի կու տան շռայլօրէն ու անհաշիւ, սակայն փոխարէն կ'առնեն միայն մէկ բան, հիմնականը,– մեր հայութիւնը, հայկականութիւնը:
Եթէ յարգուէր այս մէկ հատիկ պայմանը, այսինքն հիմնականը եւ յիշեալ կամ այլ երկիրներ մեզի տային կամ մեզի պահէին նաեւ մեր հայոթիւնը, հայկականութիւնը, այսինքն մեր ինքնութիւնը, այս պարագային կասկած չկայ, որ Հայ Դատը պիտի կորսնցնէր գոյութեան իմաստը:
Եւ որովհետեւ չի յարգուիր եւ չի կրնար յարգուիլ այդ հիմնական նախապայմանը, ճիշդ այդ պատճառով ալ հայութիւնը կը մերժէ իր գոյութիւնը շարունակել իբրեւ ֆրանսացի, անգլիացի, ամերիկացի կամ ռուս: Ահա այս մերժումին մէջ կը կայանայ Հայ Դատին էութիւնը:
Աւելի առաջ տանինք մեր ենթադրութիւնը եւ ըսենք, որ վաղը թուրքերը իրապէս կանչեցին հայ ղեկավարութիւնը կամ հայ երիտասարդութիւնը եւ յայտարարեցին պաշտօնապէս եւ վճռակամ.– Վերստացէք ձեր բոլոր հողերը, ձեզի՛ ըլլայ ձեր Վանն ալ, Կարինն ալ, Մուշն ալ, Սասունն ու Կարսն ալ: Տրապիզո՞ն կ'ուզէք, առէ՛ք, Կիլիկիա՞ կ'ուզէք, առէ՛ք: Ծովէ ծո՞վ կ'ուզէք, թէ՞ լիճէ լիճ, առէ՛ք: Առէ՛ք ինչ որ կ'ուզէք, մենք միայն մէկ պայման ունինք.– կը հրաժարիք հայութենէ:
Նազովրեցի Վարդապետը, ի շարս այլոց, իմաստուն խօսք մը ունի, որ լիովին կը պատշաճի մեր պարագային ալ.– Ի՞նչ կ'արժէ, կ'ըսէր իր ունկնդիրներուն, եթէ ամբողջ աշխարհի հարստութիւնը շահիս, բայց հոգիդ կորսնցնես:
Ամբողջ խնդիրը, Հայ Դատը եւ մնացեալը, ահա այս հոգի կոչուածը, հայ հոգի ըսուածը չկորսնցնելն է մեզի համար, պահելն ու զարգացնելն է մանաւանդ:
Նպատակը, միա՛կ նպատակը Հայ Հոգիի, մեր ազգային ինքնութեան, ազգային դիմագիծի եւ ազգային ոգիի պահպանումն ու զարգացումն են մեզի եւ բոլորին համար անխտիր:
Միակ նպատակը եւ միակ պայմանը այս է եւ մնացեալ ամէն ինչ միջոց է լոկ: Եւ Հայ Դատը, իր էութեամբ, կը կայանայ այս նպատակի իրականացման եւ այս պայմանի յարգումին մէջ:
...երբեմն պայմաններուն ու կացութիւնները այնպէս կը բերեն, որ միջոցը յաճախ շփոթուի նպատակին հետ, ինչպէս որ այս պարագային Հայ Դատը կը շփոթուի հայութեան հողային հարցին հետ: Սակայն այս շփոթը պարզապէս մեր անգիտութիւնը կը հասատտէ եւ ոչինչ կը փոխէ խնդրին էութենէն:
Ահա թէ ինչու բովանդակ հայութիւնը կը մերժէ աշխարհի ամէնէն հարուստ երկիրները եւ ամէնէն շռայլ հիւրընկալութիւնները եւ կը պահանջէ ի՛ր Վանը, ի՛ր Սասուն,ը ի՛ր Մուշը, ի՛ր Երզնկան, ի՛ր Տրապիզոնը, ի՛ր Կարինը եւ ի՛ր Կարսը:
Կը պահանջէ միայն այս եւ ուրիշ ոչինչ: Կը պահանջէ իր հայրենիքը, որովհետեւ գիտէ, որ հայրենի հողը անփոխարինելի է: Որովհետեւ քաջ գիտէ նոյնպէս, որ ամէն ազգ իր աշխարհագրական ուրոյն միջավայրին ծնունդ է եւ այդ միջավայրը իր հայրենիքն է եւ հո՛ն, իր հայրենիքին մէջ միայն կրնայ ապրիլ իր հաւաքական բնականոն կեանքը, պահել ու զարգացնել իր հոգին, իրագործել ու ծաղկեցնել իր ինքնութիւնը եւ լծուիլ մարդկային ու պատմական իր առաքելութեան:
Առողջ դատողութեան եւ քաջառողջ կեանքի միակ «նշան»ը այս է:
Այս «նշան»ով միայն կարելի է փարատել անելը, մեր ներքին տագնապը, երիտասարդ ըլլանք թէ ծեր, անգիտուն թէ իմաստուն:
Ս. Կալեան (Զէյթլեան)