Նկարները՝ Անտոն (Խաչիկ Ասլանեան) եւ Փիթըր Սոկոլով |
(Նամակ Էտիրնէէն)
Ամսոյս 6-ին հայ-բուլղար յեղափոխական խումբ մը յարձակում գործեց քաղաքէս քառորդ ժամ հեռու գտնւող Տէրտլի Մուսթաֆա պէյի ագարակին վրայ: Խումբը, որ նպատակ ունեցած է Էտիրնէյի վալին գերի բռնել՝ լուր առած էր որ վալին նոյն օրը խնջոյքի հրաւիրւած էր յիշեալ ագարակին մէջ:
Այս յանդուգն ձեռնարկին այլևայլն մեկնութիւններ կուտան, բայց հրոսախումբին գլխաւոր նպատակներէն մին եղած է՝ միւշիր-վալին գերի բռնելով, թիւրք կառավարութենէն իբր փրկանք պահանջել հայ և մակեդօնացի քանի մը բանտարկեալներու արձակումը:
Դժբախտաբար խումբը կէս ժամ ուշ հասնելով՝ վալին արդէն քաղաք վերադարձած կը լինի: Յեղափոխականները կը ձերբակալեն ագարակատէր պէյի որդին և կուզեն լեռները հեռանալ, բայց անմիջապէս յարձակման մը կենթարկւին: Սակայն՝ սպանելով 3-4 ոստիկան, մէկ միւլազիմ, քանի մը զինւորները և 15 ձի, որոնց ետևը պատսպարւած կը կռւին եղեր զինւորները, խումբը յառաջ կ'ընթանայ առանց զոհ մը տալու: Կառավարութիւնը իմանալով եղելութիւնը, անմիջապէս բազմաթիւ հեծեալ ու հետևակ զինւորներ և մինչև իսկ երկու թնդանօթ կը հանէ՝ խումբը ամբողջովին ձերբակալելու համար:
Ընդհարումը տեղի կ'ունենայ սահամնագլխէն 2 ½ քիլօմետր հեռու, քարքարուտ տեղ մը: Բոլոր անցքներն ու ճանապարհները արդէն բռնւած լինելով՝ յեղափոխականներուն ուրիշ բան չի մնար ընել, բայց եթէ կատաղի դիմադրութիւն մը: Մինչև իրենց փամփուշտներուն սպառումը մօլեգնաբար կը կռւին հարիւրապատիկ աւելի ստւար զօրքին դէմ:
Կռիւը կըսկսի առաւօտեան ժամը 7 ½-ին և ամբողջ չորս ժամ կը տևէ:
Ամէնէն առաջ կ'իյնայ յայտնի բուլղար յեղափոխական Սօկօլօվը, բարձրահասակ, յաղթանդամ երիտասարդ մը: Ասոր հետ կըսպանւին հայերէն Անտօն, Թէքիրտաղցի Օննիկը և Իվան անունով բուլղար մը: Բուլղարահայերէն շատերուն ծանօթ դիւցազն՝ Թաթուլը իր ընկեր Գէորգին հետ քիչ մը հեռուն առանձին դիրք կը բռնեն, խումբին թիկունքը պաշտպանելու համար: Թշնամին, որ յոյս ունէր այդ կէտէն յառաջանալով նեղ օղակի մը մէջ առնել հրոսակները՝ զօրաւոր ընդդիմութեան մը կը հանդիպի այդ երկուքին կողմէ: Տեսնելով որ հեռուէն հրացանաձգութեամբ ոչ մէկ վնաս չեն կրնար հասցնել այդ երկու հսկաներուն, որոնք շեշտակի հարւածներով շարունակ զինւորներու ձիերը կը գլորէին՝ հրամանատարը հեծելազօրքին կը հրամայէ դիրքերէն դուրս ելնել և վրայ տալ: Տղաքը հարւածները կ'արագացնեն, շատ մը ձիեր ու զինւորներ ալ կը տապալեն, բայց վերջի վերջոյ կ'իյնան վրայ հասնող հեծելազօրքին սուրերէն: Գերի կը բռնւին երկու հայ և երկու բուլղար, Սլավի Ցօնէվ, Խրիստօ, Օննիկ Թորոսեան և Յակոբ Կարապետեան, բոլորն ալ ծանր վիրաւոր:
Թիւրքերու կորուստը յայտնի չէ: Միայն առաջին ընդհարման մէջ ընկածները քաղաք են փոխադրւած. իսկ գլխաւոր կռւին մէջ ինկած զինւորներուն դիակները հինգ սայլերով զօրանոցները կրեր են: Դեռ մինչև հիմա քաղաքիս զինւորական հիւանդանոցին մէջ կը խնամւին բազմաթիւ վիրաւորներ, որոնցմէ օրական երկու երեքը կը մեռնին: Կռւի միջոցին զինւորներուն գնդակներէն սպանւած է նոյնպէս գերի բռնւած պէյի որդին:
Յեղափոխականներու կողմէն վերջին կռւողը եղեր է Թէքիրտաղցի Օննիկ Թորոսեանը, որ իւրաքանչիւր ձեռքը մէյմէկ րէվօլվէր բռնած՝ զարմանալի արագութեամբ կրակ է տեղացեր աջ ու ձախ, զինւորներու գնդակներուն տարափին տակ և այն ժամանակ միայն անձնատուր է եղեր, երբ ռէվօլվէրի փամփուշտներն ալ սպառեր են:
Կռիւը մեծ տպաւորութիւն է ձգեր թէ ազգաբնակութեան և թէ զօրքին վրայ: «Նմանը չտեսնւած կռիւ էր» կը խոստովանին բոլորը: Նոյնիսկ թիւրք հարիւրապետներու պատմածին նայելով՝ տղաքը կռւեր են զարմանալի պաղարիւնութեամբ և ոչ մէկ գնդակ պարապ չեն արձակեր: Նահատակներուն դիակները ինչպէս նաև վիրաւորները քաղաք մտցուցին զինւորական մեծ թափօրով: Կատղած զինւորները ըստ իրեն վաղեմի սովորութեան՝ վրէժնին վիրաւորներուն վրայ են թափեր, բարբարոսական ծեծի ենթարկելով զանոնք: Ծեծը բանտին մէջ ալ շարունակւած է:
Հարցաքննութիւնը, որ ամբողջ 23 օր տևեց՝ վերջանալու վրայ է հիմա. պատերազմական ատեանին վճիռը դեռ չէ յայտնւած.
Այս առաջին անգամը չէ որ հայ և մակեդօնացի յեղափոխականները ձեռք ձեռքի տւած կռւի դաշտը կ'ելնեն: Սակայն առաջին անգամն է, որ անոնց արիւնը իրար կը խառնւի: Ու տարակոյս չկայ, որ Թաթուլներու և Սօկօլովներու միատեղ թափած արիւնը պիտի լինի այն զօրաւոր շաղախը, որ անխախտելի կերպով պիտի միացնէ ընդմիշտ հայ և մակեդօնացի ճշմարիտ յեղափոխական տարրերը:
Յարգա՜նք ինկած քաջերու յիշատակին, պատի՜ւ այն հայերուն, որոնք օտար հողի վրայ ևս ցոյց տւին՝ թէ ինչպէս գիտէ կռւիլ հայ յեղափոխականը...
«Դրօշակ» - Օգոստոս 1901
Թիւ 6 (117)