Նա մի պարզ ուսուցիչ էր Բուլգարիայի հայ դպրոցներում՝ դեռ ընդամենը երեք տարի սրանից առաջ: Եռանդուն մասնակցութիւն ունենալով բոլոր գործերում՝ նա իրեն հեռու էր պահում տեղական կեանքի գձուձ արտայայտութիւններից, իր պարկեշտ բնաւորութեամբ վայելում էր ընկերների սէրն ու համակրանքը:
Նա շատ սիրւած էր տակաւին Կ. Պօլիս եղած ժամանակ, ուր սկսել էր իր յեղափոխական աշխատանքը, որպէս գործակից ընկեր անմոռանալի Բաբկէնի:
1901 թւի աշնան Վահանը երկիր անցաւ, աշխատակցեց մի առժամանակ Գ.-ին Վանում, ապա բարձրացաւ Սասուն, ուր գործերի վիճակը պահանջում էր նրա պէս լրջմիտ, խոհուն ու շրջահայեաց մէկի ներկայութիւնը: Ընտրւած Պատասխանատու մարմնի անդամ՝ Վահանը կարճ ժամանակամիջոցում մեծ գործ տեսաւ. իր հեղինակութեամբ լռեցրեց մանր անձնական կրքերը ֆէդայիների շարքերում, հաշտեցրեց գժտւածներին եւ, կարելի է ասել, ինքն իր ջանքերով կազմակերպեց յեղափոխականների մի ձոյլ բանակ: Խորհրդակցական ժողովներ կազմեց Սասունի ժողվորդի մէջ, ծրագիրներ մշակեց եւ առհասարակ մեծ զարկ տւեց ինքնապաշտպանութեան գործին:
Թղթակից «Դրօշակի»՝ նա տեղեկագրում էր առօրեայ հարստահարութիւնները, խօսում էր գալիք փոթորիկների մասին, կանչում էր դէպի երկիր՝ արտասահմանի հայ երիտասարդներին, ոգեւորում էր գործով եւ չափազանց երջանիկ էր զգում իրեն կռւի ու տառապանքի աշխարհում:
Եկան եւ փոթորկի օրերը: Վահանը իր ընկերների հետ առաջնորդում ու խրախուսում էր ժողովրդին: Կռիւը բորբոքւած՝ նա շարունակում էր թղթակցել «Դրօշակին», տեղեկագրում էր ընդհարումների յուզիչ մանրամասները:
Ապրիլ 14-ի նամակով անհուն դառնութեամբ Վահանը գուժում էր Հրայրի մահը: «Իր կարմիր մահը կարմիր մելանով գրեցի», – հաղորդում էր նա:
«Վաղը թերեւս նոր կռիւ ունենանք: Եթէ յաղթւինք, և Սասունը ոչնչանայ, թող ուրիշներ լուծեն մեր վրէժը», – այդպէս էր վերջացնում նա ապրիլի 14-ի իր նամակը:
Եւ դա Վահանի վերջին նամակը եղաւ... Ձայնը լռեց, բեղուն, արագասահ գրիչը կանգ առաւ:
Ամիսներ անցան - և Վահանի մասին ոչ մի ստոյգ տեղեկութիւն: Չարագուշակ լուրերը տեղում էին իրար ետեւից, բայց երկար ժամանակ չէինք ուզում հաւատալ...
Ո՞ր ժայռի տակ, ո՞ր խոռոչի կամ ձորի մէջ է հանգստանում այժմ թանկագին ընկերոջ գնդակահար դիակը,– յայտնի չէ: Բայց լոկ հողեղէն գերեզմաններով չեն յաւերժանում գաղափարի առաջամարտիկները: Վահանի գերեզմանը Սասունն է, մարտիրոսութեան եւ հերոսութեան վայրը, ուր ազատախոհ սերունդները միշտ նւիրական պաշտամունքի պէս կը պահեն, կը գուրգուրեն Վահանների անբիծ յիշատակը:
Վահան Մանուէլեան
Տարի մըն է այն դիւցազնական կռւէն իվեր, ուր, Հայաստանի միջնաբերդին վրայ ինկան տառապանքներու մէջ մխրճւած այնքան կտրիճ եւ հզօր դէմքեր, որոնց մէջ եւ Վահան Մանուէլեանը:
Հզօր եւ կարկառուն նկարագիր մը չէր Մանուէլեան, այլ պարզ, առողջ դատողութիւնով եւ անվրէպ գիտակցութիւնով պարտականութեան մարդն էր որ շիտակ եւ անպարոյր իր նպատակին կը քալէ:
Իր մանրամասն կենսագրութիւնը չէ որ կ'ուզենք կենդանագրել, այլ ոստոստուն եւ խոշոր գծերով ուրւանկարել, առանց լայն ստւերներու, Մանուէլեանի կեանքին գլխաւոր փուլերը, մնացածը ձգելով ապագայի հոգածութեան:
Մանուէլեան ապրեցաւ իբր գրական մարդ՝ որ տւաւ հայ չոր ցամաք գրականութեան հովւերգական եւ գեղական կեանքի մէկ քանի գողտրիկ պատկերներ, եւ նոր զգայութիւններ. եւ իբր յեղափոխական՝ որ գործին համար տքնեցաւ ու տառապեցաւ:
Գիւղացի բարեկեցիկ բայց երբեմն հարուստ հողատէր ընտանիքի զաւակ, կանուխէն ուսուցիչ ըլլալու ձգտում ունեցած է: 1889 թւականներուն իրենց գիւղի վարժարանին մէջ՝ դասատւութեան պաշտօն կը վարէր եւ միանգամային կ'օգտւէր Պօլսէն հրաւիրւած տնօրէններն ինքնօգնութեամբ սորված ֆրանսերէնը մշակելու. այնպէս որ քիչ ատենէն ֆրանսերէն աժանագին վէպիկներ բերել կուտար եւ իր վիպասէրի երեւակայութիւնը կը ծաղկազարդէր: Ինքնաշխատութեան զաւակը՝ կրցաւ դպրոցին մէջ սրիւիլ իր աշակերտներէն եւ դիրք մը շինել. իսկ դուրսը իր շուրջը բոլորեց գաղափարական եւ ուսումնասէր երիտասարդութիւն մը, որուն հոգին էր ինք:
Հեռու թէեւ բուն հայրենիք կեդրոնէն, սականյ Մանուէլեան ամէն օր ականտես էր թրքական միեւնոյն խժդժութիւններուն եւ նոյն անխիղճ հալածանքներուն: Հայը ամէն տեղ վայ է: Յաճախ ընկերներուն հետ կ'երթար իրենց լճակի ափին, որ իր ալիքներուն մէջ կը պահէ հայ նւիրական ակօս մը, եւ «լուսնակ գիշերով» կ'երգէին ազգային երգեր: Այդ լուռ եւ համատարած խաւարին մէջ պարզւող տեսարանը՝ ուր՝ լուսնի փրփրած ցոլքերուն տակ, լճակին հեւքը կը լսւէր՝ իրականացած երազի մը տպաւորութիւնը կ'ընէր: Երջանիկ ալիքներ, որքա՜ն վառ հոգիներ քու խաղաղ ու ցոլացիկ ափերուդ վրայ իրենց սէրը եւ հեռաւոր հայրենիք կարօտը ու վիշտը երգած են...
Մանուէլեան իր գիւղին նորահաս երիտասարդութեան մէջ աչքի զարնող դէմք մը կ'ըլլար, որուն մէջ օրէօր ըմբոստ կերպարնք մը կ'առնէին հայ ժողովրդին կրած հարստահարութիւնները: Կառավարութիւնը կասկածներ ունենալ սկսաւ, որով Մանուէլեան ստիպւեցաւ հեռանալ Պօլիս թէ առժամանակեայ ապահովութեան մը համար եւ թէ ինքնազարգացման: Պօլսի մէջ դասատու եղաւ թաղային վարժարանի մը մէջ եւ միաժամանակ մէկ քանի ընկերներով կազմեցին դաշնակցական կօմիտէ մը, որուն անդամներուն մէկ մասը՝ իրենց գաղափարի ճամբուն վրայ արիաբար ինկան եւ ոմանց ցիրցան եղան:
Պօլսի գրական ասպարէզին վրայ անակնկալ շողիւն մը ունեցաւ իր նորավէպերով՝ որոնց մէջ կը դնէր իր գիւղէն նոր եկածի արեւոտ եւ կանաչ զգացումը, եւ մէկ քանի կենդանի պատկերներով, գիւղական պարզ եւ թարմ հովւերգութիւններ, որոնք Պօլսի արւեստական, օտարոտի եւ միակերպ գրական հրապարակին վրայ մեծ յաջողութիւն ունեցան: Արւեստական ծաղիկներու ցուցահանդէսին մէջ՝ լեռան ծաղիկ մըն էր դեռ հողին հոտը վրան, որ Մանուէլեան կը նւիրէր Պօլսի անհիւթ եւ անբոյր գրականութեան:
1896ի դէպքերէն ետք կառավարութեան հետապնդումէն կրցաւ փախչիլ Պուլկարիա, ուր զրկանքի, թշւառութեան համբերատար կեանք մը անցուց: Ջանաց մոռնալ սեւ ծովու գոռ ալիքներուն ժխորին մէջ՝ յուսախաբւած սէր մը որ իր ետեւ կը ձգէր:
Հոն քիչ ատեն ուսուցչութիւն ըրաւ եւ աշխատակցեցաւ «Շարժում»ին: Այդ ժամանակամիջոցին մէջ երեւի բոլոր ընկերներու անորոշ բախտին մասնակից, ստոյիկեան համակերպութեան մը յանգած էր: 1900 թւականին իր բարեկամներէն մէկուն կը գրէր, «բախտաւոր անկուտի մըն ես եւ երբեք չես խորհիր... գոնէ տեսականապէս մասնակից ընել քու ճգնաւոր բարեկամդ ալ որ չորս տարիէ ի վեր Պուլկարիոյ խեղճուկ անկիւնները կը թափառի ու կը տառապի»:
Պուլկարիոյ մէջ իր արդիւնաւոր պաշտօնավարութիւնը եւ իր զւարթ ընկերականութիւնը ձգեց լաւագոյն եւ սիրուն յիշատակը թէ ընկերներու եւ թէ աշակերտներու սրտին մէջ:
Այդ տարտամ եւ տեսական կեանքը մահացու ձանձրոյթի մը պէս կ'անդամալուծէր զինքը: Ուստի, այդ թոյլ կարծւած երիտասարդը վճռեց իր կեանքը նւիրագործել առնական եւ հզօր ժէստով մը, եւ ուխտաւորի ցուպը առնել ու դիմել Հայաստան:
Իր կոչումին ու իտէալական աշխարհը մեկնլէ առաջ, իր բարեկամին խրկած հետեւեալ նամակին մէջ, 1901, յունիս 28), կը խտացնէ իր հոգիին բոլոր իղձը եւ սրտաշարժ վճռականութիւնը.
«Աս իբր վերջին կտակ մը ընդունէ: Խաղաղ, ինքնամփոփ կեանքը կը թողում եւ կ'երթամ յորձանքին մէջ նետւելու. սիրով, ինքնաբերաբար յանձն առի ինքզինքս ենթարկել անորոշ չարչարանքներով լեցուն կեանքի մը պայմաններուն: Պիտի կրնա՞մ մաքուր ու յաղթական դուրս ելլել անկէ. հաստատապէս համոզւած եմ որ մեռնող ու ապրող ընկերներու սուրբ ու ազնիւ յիշատակը պիտի ուժովցնէ իս եւ զերծ պիտի պահէ ամէն տեսակ սայթաքումներէ:
Բաւական ապրեցայ արդէն ինծի համար, կ'ուզեմ ասկէ ետքը ապրիլ գործին համար եւ նոյն իսկ մեռնիլ, բայց չէ թէ ապարդիւն, այլ օգտակար դառնալով:
Եթէ երբեք չվերադառնամ եւ դուն բախտ ունենաս աւելի երկար ապրելու եւ այցելես մեր գիւղերը, սիրելիներուս, ծանօթներուս, մեր սարերուն ու ձորերուն լճակին ու վտակներուն հաղորդես իմ վերջին բարեւներս...
Գոնէ վերջին անգամ մըն ալ իրար չտեսանք, բայց, արշալոյսը չծնած ինչե՜ր կը ծնին: Մնաս բարով:»
Ահա այն զգայուն եւ լացնող նամակը ու սարսռուն կտակը որ իր մեծ եւ փառաւոր կեանքի առջի գիշերը կը գրէր, տառապող հայրենիքի Գողգոթան բարձրանալէ առաջ:
Իր դժբախտ ծնողքը մոլորեցնելու համար կը գրէր թէ Ամերիկա կը մեկնի, եւ մինչեւ օրս անոնք չեն գիտեր թէ ո՞ղջ է թէ մեռած իրենց գերդաստանին էն սիրւած զաւակը եւ ի՛նչ ճամբաներ գացած է: Կը հաւատան դեռ անոնք թէ իրենց աչքի լոյսը երկարատեւ տարագրութենէ մը ետք մէկ օր պիտի դառնայ իր հօրենական տունը եւ իր ծերունի ծնողքը, եղբայրները, հարսները պիտի մխիթարւին անոր ներկայութենէն:
Հայաստան անցնելով՝ հասաւ Սասուն ուր իբր մտաւորական ուժ գործեց տեղական մարմնին հետ, եւ գրաւեց տեղական ժողովրդի լիուլի սէրն ու յարգանքը: Հաւանօրէն իր երկար գործնէութեան միջոցին կարեւոր ցեղագրական եւ լեզւաբանական ուսումնասիրութիւններ ըրաւ Սասունի տեղին եւ բնակիչներու մասին: Երանի՜ թէ կորսւած չըլլար իր համբերատար վաստակի արդիւնքը:
Գրական մարդը՝ հոն կռւեցաւ հայ ֆիտայիին հետ ձեռք ձեռքի տւած եւ երջանիկ մահը մեռաւ՝ իր կոչումին ու պարտականութեան հաւատարիմ զինւորի մը պէս, Հայաստանի նւիրական մէկ անիւնը: Թաղում չեղաւ իրեն, եւ, «Ոչ փող զարկինք, ոչ արձագանգ լեռնասոյզ»: Իր գերեզմանը ամբողջ հայրենիքն եղաւ, անոր բզքտած փառքի պատրանքին եւ արիւնոտ դրօշակին ծալքերուն մէջ գրկւած:
Մանուէլեանի ընտիր եւ մաքուր յիշատակը պիտի ապրի մշտադալար իր բարեկամներու եւ ընկերներու սրտին մէջ եւ հայ ժողովրդի պատմութեան արիւնոտ առաւօտներուն մէջ, պիտի ունենայ իր ոսկեղէն եւ սրտայոյզ տողերը եւ ցոլքերը:
Այս խուսափուկ եւ կսկծոտ տողերը քիչ էին անշուշտ զգայուն եւ տառապած ու անձնուրաց գործիչի յիշատակին, ինչպէս Վահան Մանուէլեան, որ մեռաւ մեր ամէնուս արշալուսներուն համար՝ իր բանաստեղծական եւ տարփալից հոգիին հայրենասիրական երազներուն մէջ անմահանալով: