«Հայրենիք» Երեւանէն նոր ստացուած մասնաւոր նամակէ մը կը տեղեկանայ, թէ այնտեղ մեռած է 1943 թուին, ճիշդ չորս տարի առաջ, Սէրգէյ կամ Սարգիս Մեհրապեան, յեղափոխական անունով յայտնի Խանասորի Վարդանը:
Այս առաջին անգամը չէ, որ հայ կեանքի ականաւոր դէմքի մը մահուան գոյժը մեզ կը հասնի տարիներ յետոյ: Այսպէս եղած է նաեւ ուրիշ հանրային մեծ գործիչներու մահուան պարագաներուն մասին, ինչպէս Քաջազնունիի, Ս. Տիգրանեանի, Փրոֆ. Խաչատուրեանի եւլն: Մեր հայրենիքը գտնուելով երկաթեայ վարագոյրի ետին, հասկնալի է միանգամայն մեզ, թէ այնտեղ պատահած դէպքերու արձագանգն ալ մեզ կը հասնի, ան ալ աղօտ կերպով, յաճախ տարիներ յետոյ:
Խորհրդային երկիրներու մէջ տիրող բարքերու մէկ նշոյշն է ասիկա: Ուրիշ քանի՜ քանի ականաւոր հանրային դէմքեր, գրողներ, վաստակաւոր գործիչներ, հին ու նոր տաղանդաւոր ղեկավարներ մեռած, Սիպերիոյ սառնամանիքներու մէջ կորսուած կամ բանտերու ու նկուղներու մէջ մահացած են, որոնց ապրած եղերական կեանքի ու բախճանի մասին հազիւ աղօտ գաղափար մը միայն ունինք հեռուէն:
* * *
Խանասորի Վարդանը, վերջին 25 տարիներուն կ'ապրէր մեկուսացած, ինքն իր մէջ քաշուած առանձնական կեանք մը Երեւանի մէջ: «Կենդանի մեռեալ» մըն էր իր հայրենիքին մէջ, որուն համար այնքան չարչարուեցաւ, տառապեցաւ ու զոհեց:
Ղարաբաղցի էր Վարդան: Սկզբնական շրջանին եղած է ռուսական բանակի զինուոր, յետոյ շատ կանուխէն միացած Հ. Յ. Դաշնակցութեան: Ատեն մը պարսկական Ատրպատականի մէջ գործելէ ետք, ուրկէ զէնք, ռազմամթերք ու մարտիկ խումբեր կը հոսէին դէպի երկիր, ան անցած է 1895 թ. Վան եւ, ժամանակ մը այնտեղ աշխատելէ ետք, թրքական կառավարութեան հետապնդումներու պատճառով, վերադարձած է Ատրպատական:
1897 Յուլիս 27-ին տեղի ունեցաւ Խանասորի արշաւանքը, որ հայ յեղափոխութեան պատմութեան շքեղ էջերէն մին է: Այս արշաւանքին հրամանատարն էր Վարդանը, «աջից Վարդանը, ձախից Իշխանը»:
Խանասորի Արշաւանքի իսկական ու հանճարեղ դարբնողն էր մեր անմահ ու հայ մարտական կռիւներու անզուգական ղեկավար Նիկոլ Դումանը, բայց ան մնաց, դէպքերու աննպաստ մէկ դասաւորումով, սոսկական յիսնապետ միայն այդ արշաւանքին մէջ, եւ հրամանտարութիւնը վիճակուեցաւ Վարդանին:
Խանասորի Արշաւանքը Հայ Յեղափոխական առաջին կազմակերպուած մարտական ցոյցն էր, եւ, ինչ որ ալ ըսեն հայ ազատագրական շարժման վրյա ստուեր ձգելու ձգտող աջ ու ձախ գրչակներ, ան կատարեց պատմական դեր մեր իրականութեան մէջ: Այնուհետեւ հայ յեղափոխական շարժումը մտաւ իր որոշ, կազմակերպուած, ձեւաւորուած հունին մէջ եւ հայ զէնքի պայքարը ստացաւ համահայկական, ընդհանրական բնոյթ, թէ՛ իր ազատագրական շարժում եւ թէ՛ կազմակերպուած կռիւ:
Վարդանի գործունէութեան ամենէն փայլուն էջը կը կազմէ 1905-6 շրջանին Ղարաբաղի մէջ իր մղած պայքարը թաթարներու դէմ: Ինք տարաւ բազմաթիւ փայլուն եւ յաջող կռիւներ թշնամիին դէմ, ջարդեց զանոնք Վարանդի, Խաչէնի, Կարկառի եւ պատմական Ասկէրանի կիրճին մէջ, իր կեդրոնատեղի Շուշիէն ղեկավարելով արիւնալի դէպքերը հերոսաբար ու հերոս զինակիցներու աջակցութեամբ:
Առաջին համաշխարհային պատերազմին ալ, երբ հայ-թրքական պայքարը արդէն մեծցաւ ու իր ծաւալով ու տարողութեամբ ստացաւ երկու պետութիւններու միջեւ մղուող կռիւի կերպարանքը, Վարդանին վիճակուեցաւ Արարատեան կամաւորական գունդի հրամանատարութիւնը, զոր նոյնպէս վարեց փայլուն կերպով:
Պարկեշտ եւ խոհական մարդ էր Խանասորի Վարդանը: Իր կարողութիւններով թերեւս չափով մը սահմանափակ, բայց իր նուիրումով, գաղափարաբանութեամբ ոչ ոքէ վար չմնաց ան:
Իրմով կ'անհետանայ հին ու փառաւոր, շքեղ ու անմահ սերունդի մը վերջին շառաւիղը թերեւս: Հինաւուրց մարտական փաղանգի մը վերջին զինուորն է որ հողը կը մտնէ:
Բայց ան իր գործով, իր կեանքով ու իր ներշնչած օրինակով կը մնայ յաւէտ անմեռ:
Ան պատմութեան անցած դէմքերէն է: