Ռուբէնի նամակը Արսէն Միքայէլեանին
Բաւական վատ վիճակի մէջ հասած նամակ, որ կը գտնուի Հ.Յ.Դ. կեդրոնական արխիւի Ամերիկայի կազմակերպութեան յատկացուած 1918 թուականի թղթածրարին մէջ. նամակին թուականը թիւրիմացաբար կարդացուած է 1918. Պէտք է ըլլայ 1915. այդպէս ալ կը հետեւցուի բովանդակութենէն: Հեղինակը, ինչպէս ձեռագիրն ալ ցոյց կու տայ, Ռուբէն Տէր Մինասեանն է, Տարօն-Սասունի հին գործիչներէն, եւ ղեկավարներէն մէկը 1915 թ. Սասնոյ ինքնապաշտպանութեան: Եօթը ամիս Սասնոյ լեռներուն մէջ թուրք ջարդարարներուն դէմ անհաւասար ու հերոսական կռիւներ մղելէ ետք, յաջողած էին ինք եւ Վահան Փափազեան (Կոմս) ճեղքել պաշարման շղթաները ու շուրջ 30 մարտիկներով անցնիլ Կովկաս: Այս նամակը, այլապէս յուզումնալի, գրուած է ուրեմն իր ապրած ոդիսականէն երեք ամիս ետք: Ուղղուած է Արսէն Միքայէլեանին, բուն անունով Տէր Յովհաննիսեան Արսէն (1885-1941), դաշնակցական երիտասարդ բայց եւ վաստակաւոր գործիչներէն, որ յիշեալ թուականին Ամերիկայի Կեդր. կոմիտէի գործիչներէն էր: Նախապէս, 1914 թ. Սեպտեմբերին ուսումնասիրական գործով ան եղած էր Տարօնի շրջանը. այդ տեղէն նաեւ կու գար իր մտերիմ ծանօթ...