Հեռագիրը Երզնկայէն, զինակից Մուրատի հեծեծանքով, գուժեց Կայծակի մահը:
Հոն, ուր առաջին անգամ, յեղափոխական կայծաքներով զինուած պատանի Կայծակը որոտագին շանթեց բռնութեան գլխուն, այսօր իր սրտի կայծակներով՝ կ'իյնայ խորտակեալ:
Ոչ պաշտօնական. Այստեղ կը հրապարակուին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան պաշտօնաթերթ «ԴՐՕՇԱԿ»-ի, եւ տարբեր երկիրներու մէջ, տարբեր ժամանակներու հրատարակուած Հ. Յ. Դաշնակցութեան պատկանող պաշտօնական կամ ոչ-պաշտօնական մամուլէն պատմական եւ կարեւոր լուրեր, յօդուածներ, տեղեկութիւններ:
Հեռագիրը Երզնկայէն, զինակից Մուրատի հեծեծանքով, գուժեց Կայծակի մահը:
Հոն, ուր առաջին անգամ, յեղափոխական կայծաքներով զինուած պատանի Կայծակը որոտագին շանթեց բռնութեան գլխուն, այսօր իր սրտի կայծակներով՝ կ'իյնայ խորտակեալ:
I
Ուղիղ մէկ տարի առաջ, իրիկւան մթնշաղին, Ծաղկունանց գաւառի սենեակիս մէջ, լախտի հարւածի ուժգնութեամբ թուլցուց իմ ծունկերս այն չարագոյժ եւ անսպասելի լուրջ Երևանէն,– որ այլեւս չկայ մեր Բարունակը:
Այսօր երեկոյեան ժամը 8,40-ին, անհաւասար կռուի մէջ հերոսաբար ընկաւ մեր հին հայդուկներից Զեմլեակը:
Թուրքերը՝ երեքօրեայ կռիւներից յետոյ ջարդուած են և յետ են նահանջում հապճեպ կերպով: Նրանց զօրամասերը բաժանւած են երեք խմբերի. Առաջինը՝ Ալագեազի կայարանից նահանջում է դէպի Անի կայարանը, երկրորդը՝ Կրմզլու և երրորդը՝ Ախջա-կալա: Մեր զօրամասերը քայլ առ քայլ հերպանդում են նրանց: Ոգևորութիւնը աներևակայելի է:
Պահեր կան, որ դարեր կը պարունակեն իրենց մէջ, եւ ուր մարդս յուշերու անծայրածիր շարք մը կը վերապրի կեանքի վշտալիր ու հեշտալիր զուգորդումներու համադասութեամբ:
Ամպամած ու թախծոտ իրիկնապահ մը,– որ Սողոյի նահատակութեան խորհրդանիշն է – ինծի համար նման մոգական լապտեր մըն է խորհրդաւոր, մտահայեցողութեանց առաջ երփներանգելով ծաղկազարդ կարաւանը ամբողջ գործունէութեան անոր հերոսական կեանքին:
Երեւանէն կը հաղորդեն, որ երկարատեւ հիւանդութենէ մը յետոյ, վախճանւած է Վանի հին մարտիկներէն ընկեր Ալէս Պարսամեանը:
1894 թւականներուն, երբ Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը առաջին անգամ ըլալլով մուտք կը գործէր Վանի մէջ, Կվկասէն եկած պրոպագանդիստներու միջոցով, ընկեր Ալէսը իր անբաժան ընկերներու՝ Թէոսի եւ Արմենակի հետ մտան կուսակցութեան շարքերու մէջ եւ դարձան այդ կուսակցութեան Վանի առաջամարտիկներ եւ գլխաւոր նեցուկներ:
![]() |
Նկարները՝ ՀՅԴ Պատմութեան Թանգարան-Հիմնադրամին |
Ամէն ինչ, ամէն ինչ նրա մէջ մատնում էր հերոսին:
Տաք կարեկցութիւն դէպի իրաւազուրկն ու թոյլը, ֆանատիկ սէրը՝ դէպի իր ցեղն ու նրա գուրգուրած ազատութիւնը, բիբլիական անշահասիրութիւն ու համեստութիւն, վտանգի ու մահուան բացարձակ անգիտացում, ռազմական անսահման էնտուզիազմ. ահա հերոսը, ահա Քեռին...