Զաւարեան Մուշի Մէջ
910-911 ուսումնական տարին էր: Զաւարեան թողած Կովկասը՝ եկած էր կիսաւեր Տարօնը կենդանութեան ոգի եւ մտաւոր լոյս բերելու: Նոյն տարուան դեկտեմբերին էր որ Զաւարեանի հրաւէրով Մուշ պաշտօնավարութեան կ'երթար Բաբերդէն, Կովկասէն, Վանէն ուսուցիչներու շարք մը: Վանէն գացողներու թիւը հինգ էր: Մեծ ոգեւորութեամբ ճանապարհ ընկանք դէպի Մուշ, տեսնելու Հայոց հին Աստուածներու, Մամիկոնեաններու, Տարօնի առիւծներու հայրենիքը, պաշտօնավարելու Դաշնակցութեան պատկառելի գործիչ Զաւարեանի ղեկավարութեան ներքեւ: