Ոչ պաշտօնական. Այստեղ կը հրապարակուին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան պաշտօնաթերթ «ԴՐՕՇԱԿ»-ի, եւ տարբեր երկիրներու մէջ, տարբեր ժամանակներու հրատարակուած Հ. Յ. Դաշնակցութեան պատկանող պաշտօնական կամ ոչ-պաշտօնական մամուլէն պատմական եւ կարեւոր լուրեր, յօդուածներ, տեղեկութիւններ:
25 September, 2022
Թռուցիկ Թերթ. ՀՅԴ Կ. Պոլսի Կեդրոնական Կօմիտէի (Թիւ 11)
14 August, 2022
Արտաշէս Միսակեան (1875-1896)
Սուրէն. Արտաշէս Անդրէասեան
Գիշերւան տարաժամ պահուն, երբ գրիչը ձեռքս կառնեմ երկու տող նւիրելու հերոսացած ընկերոջս յիշատակին՝ իր մանրամասն կենսագրութիւնը գրել չէ նպատակս:
Շահէն. Խաչիկ Գնունի (1865-1896)
1878-ին, Գնունին, տակաւին տասներեք տարու պատանի, իրենց տան մահն ու հովւական ցուպը ձգելով, Վասպուրականի Է. գիւղէն կանցնի Վաղարշապատ, իր հօրեղբօր հովանաւորութեան ներքեւ կրւելու եւ ուսում առնելու:
08 June, 2022
Պանք Օթօմանէն-Պուէնոս Այրէս. Վարդան Շահպազ
(Դաշնակցութեան Դիւցազնամարտէն Էջ Մը)
Տաճկաստանի
մէջ քիչ մը ամէն տեղ, սովորութիւն է որ չափահաս տղան օր առաջ կարգեն, տունը հարս մը
բերեն, որպէսզի աշխատող ձեռք մը աւելնայ, որմէ մէկ երկու տարի յետոյ ալ տղան կ'ուղարկեն
Պոլիս, որպէսզի երթայ փարա վաստկի, կառավարութեան տուրքը տալու համար: Պէտք է ըսել
որ հայ գիւղացին բացի պետական տուրքէն ուրիշ դրամի պէտք չունի:
13 August, 2021
Սամաթիացիներու Հերոսական Կռիւը
Չորեքշաբթին լուսացաւ. օդը գեղեցիկ եւ մեղմ էր, մեղմ էին եւ դէմքերը ու գեղեցիկ՝ հոգիները: Ամենքնիս ալ լուսաբացին կազմ ու պատրաստ էինք. Ոգևորութիւնը ընդհանուր էր բոլոր ընկերների մէջ կռւելու մարմանջը, մանաւանդ ռումբերու փրկարար արդիւնքը շուտով վայելելու անհուն տենչը՝ գրգռիչ եւ վառվռուն դրութեան մէջ էր ձգած տղերանց տրամադրութիւնը:
12 August, 2021
Երեք Մահ (Բաբկէնի, Գնունու եւ Սուրէնի Յիշատակին)
Իմ աչքերիս առաջ կանգնած են երեք անձնաւորութիւն, նրանք այլեւս չկան – մեռած են. նոցա ստւերն է այդ, նոցա ուրւականը. կանգնած են աչքերիս առաջ եւ ինձ հանգիստ չեն տալիս – հալածում են: Աշխատում եմ մոռանալ. աշխատում եմ մի ուրիշ բանի մասին մտածել, բայց ի զուր. նոքա հետս են ու հետս, եւ հաւատացած եմ, որ միայն ես չեմ, որ այդ մեռած ստւէրների հալածանքի առարկան եմ:
Անմահներու Փաղանգէն. Բաբգէն Սիւնի
Բանկ Օթոմանի դիւցազնավէպի յղացողը, կամզակերպող ոգին եւ առաջին զոհը եղաւ այս սքանչելի երիտասարդը՝ Բաբգէն Սիւնին, բուն անունով Պետրոս Փարեան, ծնուած եօթանասնական թուականներին Ակնի Բինկեան գիւղացի չքաւոր մի ընտանիքում: Իր ընտանիքի եւ պատանեկան կեանքի մասին տեղեկութիւն չունենք:
14 August, 2020
Բաբկէն Սիւնի (Պետրոս Փարեան)
Կեցցէ՜ Յեղափոխութիւն, յարգա՜նք Յեղափոխութեան նահատակներուն:
Մենք այս սրտաբուղխ բացագանչութիւնը կընենք, ըմբռնած ըլլալով սա ճղմարտութիւնը՝ թէ կեանքը առանց յեղափոխութեան արժէք չունի: Յեղափոխութիւնը տիեզերքին մէջ է արդէն: Մարդկային պատմութեան մէջ մեծ դարագլուխները յեղափոխութեան պղնձէ պատւանդաններուն վրայ բարձրացած են: Երբ ազգերը բարոյական եւ իմացական անկման մէջ են, յեղափոխական լծակը կռթնցնելու է անոնց, երբ թագակիր աւազակները, տզրուկ իշխանաւորները կը քամեն ժողովրդին կենսականութիւնը, յեղափոխութիւնը բոցեղէն սուր մը կը դնէ անոր ափին մէջ: