Կար իսլամացածծ նախկին կրօնաւոր մը՝ դժոխադէմ Հիտայէթը, որ ուղղակի կը ղեկավարէր Գաղտնի ոստիկանութիւը կամ անձամբ ձերբակալելով մտաւորականներ, գաւառացի ուսուցիչներ եւ ուսանողներ մասնաւորաբար: Եւ կար վերջաէս, Վահէ Եսայեան կամ Վահէ Իհսան, որ մեծ եռանդով ու հաճոյքով կը գործակցէր ոստիկանութեան, բազմաթիւ հայ անմեղ ընտանիքներ եւ անահտներ ներկայացնելով իբրեւ «միւզիր»-վտանգաւոր կամ կասկածելի – անոնց արիւնը մտնելով: Ու դեռ չեմ հաշուեր պուլկար Վլատիմիրը եւ ուրիշներ...
Զինադադարին, բնականաբար ասոնք սմքած քաշուեցան հրապարակէն եւ իրենց տուները փակուած մնացին, իրենց անունն ու տխուր համբաւը մոռցնել տալու միամիտ հաւատքով: Միայն Վահէ Իհսանն էր, որ դեռ հրապարակի վրայ կ'երեւար եւ գաղտնի ոստիկանի իր պաշտօնը կը շարունակէր, ինքնավստահ ու ամբարտաւան, իբրեւ թէ բան մը պատահած չըլլար եւ ինք անձամբ տուներ եւ կեանքեր խորտակած չըլլար: Հիտայէթը Անատօթու անցնելով, հետքը կորսնցուցած էր եւ բոլոր փնտռտուքները ապարդիւն մնացին:
Բայց այս չարագործներուն մահավճիռը արձակուած էր արդէն: Կուսակցութեան Վերին Մարմինը կը հսկէր եւ փորձառու եւ վստահելի տղամարդիկ պիտի գտնէր, արդարութիւնը գործադրելու համար: Արդ, նոր ոգեւորութեան եւ խանդավառութեան այդ շրջանին, բազմաթիւ Հայ Կամաւորներ, մասնաւորաբար Անդրանիկի գունդէն, հասած էին Պոլիս եւ ամէն կողմ յարգ ու պատիւի արժանացած էին: Հերոսական համբաւ ունէին եւ Վերին Մարմինը վստահ էր որ անոնց մէջէն իր ծրագրին գործադրութեան յարմար անձերը դիւրութեամբ պիտի գտնէր: Իրաւ ալ քանի մը նախկին Կամաւորներ ներկայացած էին, սակայն հակառակ ակնկալութեան, անոնք անընդհատ կը ձգձգէին ու կը յետաձգէին գործը, իրենց ժամանակը անցնելով Թագսիմի հայկական մէկ սրճարանին մէջ: Այնպէս որ Վերին Մարմինը յուսախաբ եւ ճարահատ՝ կաչեց այդ Կամաւորները եւ զէնքերը ետ առաւ անոնցմէ:
Այդ Կամաւորներւոն մէջ սակայն մէկը կար, որ միւսներէն կը զանազանուէր իր վայելչութեամբ, բարեկիրթ նիստ ու կացով, սակաւախօսութեամբ, մաքուր լեզուովն ու վարք ու բարքով: ՍՈՂՈՄՈՆ ԹԷՀԼԻՐԵԱՆՆ էր ան, զոր ներկայացուցած էր Հաճընի Հերոսամարտի ապագայ ղեկավարը՝ Սարգիս Ճեպեճին:
Ամենէն երիտասարդն էր Սողոմոն, խոնարհ ու համեստ. Անձամբ ենրկայացած էր օրուան ղեկավարին, պարտականութիւն մը կատարելու համար: Եւ իրեն յանձնուած էր Յարութիւն Մկրտիչեանը ահաբեկելու պարտականութիւնը: Մինչ այդ՝ Հմայեակ Արամեանց եւ Վլատիմիր իրենց արդար պատիժը գտած էին արդէն: Սողոմոն տասը-տասնըհինգ օր հետապնդում կատարելէ ետք, որոշումը կուտայ, եւ պահն ու ժամը կը ճշտէ.- Իր տան մէջ իսկ հարուածել տխրահռչակ Մուխթարը, քանի որ տունէն բնաւ դուրս չէր ելլեր, ինչպէս հաւաստած էին հետապնդում կատարող քանի մը ընկերները: Եւ իրիկուն մը, մութը կոխելէն ետք, երբ Յարութիւն Մկրտիչեան դրացիներու հետ «քէյֆ»ի նստած գարեջուր կը ճնկէր, Սողոմոն պատուհանին մէջէն մահացու հարուածը կ'իջեցնէ: Չարագործը անմիջապէս չի մեռնիր, այլ Սողոմոնին արձակած «տըմտըմ» գնդակներուն թոյնովը 16-17 օր չարաչար կը տանջուի ու ապա շունչը կը փչէ:
Սողոմոնին ահաբեկումը նոր եռանդ ու ոգեւորութիւն առաջ բերաւ շարքերուն մէջ եւ քաջալերեց զանոնք: Ահաբեկման յաջորդ օրը գացեր էր ՃԱԿԱՏԱՄԱՐՏ: Ահաբեկիչին ինքնութիւնը քիչերուն ծանօթ էր տակաւին: Հետագային հռչակաւոր պիտի դառնար ան, երբ Պերլինի մէջ սատակամահ կ'ընէր Թալաաթ Փաշան: Քաշուեցաւ նախապէս նշանակուած տուն մը, Բերայի մէջ, ուր քանի մը օր մնաց: Յետոյ մեկնեցաւ Ամերիկա, ուրկէ պիտի անցնէր Պերլին, իր պատմական առաքելութիւնը գլուխ հանելու համար:
1922 Դեկտեմբերին, Սողոմոնին հանդիպեցայ, այս անգամ Նիւ Եորքի մէջ: Իրարու կապուեցանք եղբօր պէս ու տարի մը նոյն յարկին տակ ապրեցանք: Նոյն բարի եւ ազնիւ տղան էր. միշտ հոգածու, միշտ վայելուչ խօսքերով ու գործերով: Անկէ ետք, մեկնեցաւ Եւրոպա, հաստատուեցաւ Պելկրատ, ուր գործի տէր եղաւ ու ամուսնացաւ: Բ. Պատերազմէն ետք, վերադարձաւ հոս Ամերիկա, տարիներու իր աշխատանքին արդիւնքը կորսնցնելէ ետք: Յաճախ իրար կը գտնէինք: Երկար տարիներու հոգերուն եւ չարաչար աշխատանքին մէջ, բան մը կորսնցուցած չէր իր առաքինութիւններէն: Նոյն գաղափարական մաքուր մարդն էր, հաւատաւոր կուսակցականը եւ պայծառ հոգիվո Հերոսը:
Վերջին անգամ իրար գտանք 1959ին Տիթրոյիթի մէջ, մեր Պատգամաւորական Ժողովին: Դէպքերն ու հարցերը լրջութեամբ կ'ըմբռնէր ու կը պարզէր եւ օգտակար թելադրութիւններ կ'ընէր: Ամէն օր եւ գրեթէ ամէն ժամ միասին էինք, մանաւանդ գիշերները. Կը դեգերէինք երկար ու կը խօսակցէինք հինէն ու նորէն: Բաժանումի պահուն տխրութեամբ լեցուեցայ, բայց բնաւ մտքէս չանցաւ որ ատիկա պիտի ըլլար մեր վերջին տեսակցութիւնը: Անկէ ետք, յաճախ կը թղթակցէինք: Միշտ ալ զուարթ բան մը ունէր հաղորդելիք եւ իր գրութիւնները կատակներով կը համեմէր: Գրեթէ ամէն նամակի մէջ իր կարօտը կը յայտնէր եւ կը հրաւիրէր զիս Գալիֆորնիա այցելել: Խոստացած էի, դեռ ամիս մը առաջ, որ յարմար առիթով մը իր հրաւէրին պիտի պատասխանեմ անձամբ: Ափսոս որ անողոք մահը կանխեց զիս:
Սողմոն Թէհլիրեանի մահով մեր ժողովուրդը կը կորսնցնէ իր ամենէն մաքուր եւ առաքինի Հերոսներէն մէկը. Իսկ ես, սրտակից եղբայր մը եւ հին զինակից հազուագիւտ ընկեր մը, որուն մահուան վիշտն ու ցաւը անջնջելի ու միշտ թարմ պիտի մնան: Եւ հաւատացած եմ որ երբ իր Մարմինը ցուրտ հողին յանձնուեցաւ, ոչ միայն ներկայ յուղարկաւորներ, այլ եւ աշխարհի վրայ ցրուած տասնեակ հազարաւոր հայեր յուզումով, երկիւղածութեամբ սուգ կապած, խոնարհեցան պահ մը, ի յարգանս Հերոսին, որ Հայ Ժողովուրդին արդար Վրէժխնդրութեան Խորհրդանիշը պիտի մնայ:
Սողոմոն Թէհլիրեան Անմահութեան անցած է արդէն: