Showing posts with label Լուրեր. Show all posts
Showing posts with label Լուրեր. Show all posts

01 July, 2025

ԿԱԽԱՂԱՆ

Պոլսոյ եղեռնադատ, լաւ եւս եղեռնագործ ատեանի որոշումով եւ մարդակեր սուլթանի իրատէով կախաղան հանւեցան նոր երկու անձնուրաց յեղափոխականներ ալ: Մէկը Պրուսայի Զէնկիլէր գիւղէն եւ Իւսկիւտար պարտիզպանութիւն ընող Թօֆունեան Գարեգին, միւսը կօշկակար Ասատուրեան Գալուստ: առաջինը կամբաստանւէր տարի մը առաջ՝ եօզկատցի մատնիչ եւ դաւաճան Սենեքերիմի եւ երկրորդ նոյնպէս եօզղատցի մատնիչ Համբարձումի սպանիչ:

10 May, 2025

Մայիս 11-ի ժողովրդային ցոյցը

Յոյզերու եւ յոյսերու, խանդավառութեան օր մը եղաւ Համբարձման հինգշաբթին:

Առտու կանուխ, ամեն կողմէն, հետիոտն, ձիով, շոգեկառքով, խառն բազմութիւն մը կը դիմէր Ս. Փրկչի հիւանդանոցը, ուր յառաջագոյն հրատարակւած ազդարարութեան մը համեմատ, պատրիարքը հանդիսաւոր պատարագ պիտի մատուցանէր:

10 February, 2025

ՀՅԴ Բիւրոյի դամբանականը՝ Սօսէ Մայրիկի յուղարկաւորութեան

Սօսէ Մայրիկի յուղարկաւորութեան ընթացքին Ընկ. Գաբրիէլ Լազեանի դամբանականը՝ Հ. Յ. Դաշնակցութեան Գերագոյն Մարմնին (Բիւրօ) կողմէ 

Դամբանականը արտասանուած է Եգիպտոսի Աղեքսանդրիա քաղաքի Ս. Պօղոս-Պետրոս եկեղեցիին մէջ, Սօսէ Մայրիկի յուղարկաւորութեան ընթացքին (Երեքշաբթի, 10 Փետրուար 1957):

Սօսէ Մայրիկի Փառաշուք Յուղարկաւորութիւնը

«Յուսաբեր»ի Աղեքսանդրիոյ թղթակիցը կը գրէ Աղեքսանդրիայէն, փետր. 10 թուականով.-

Այսօր, կ.վ. ժամը 3-ին, Ս. Պօղոս-Պետրոս եկեղեցիին մէջ, տեղի ունեցաւ Հայ Ազատագրկան Շարժման անմեռ դէմքերէն Աղբիւր Սերոբի արժանաւոր կողակցին՝ Սօսէ Մայրիկին թաղման արարողութիւնը: 

11 December, 2024

Միքայէլ Թիւնիբէկեան

Դեկտեմբեր 15, Բագուի մէջ եւս շահագործող կապալառուներու դաւադրութեան զոհ գացած է Դաշնակցական երիտասարդ ընկեր մը՝ Միքայէլ Թիւնիբէկեան (Միշա):

25 November, 2024

Օհանջանեան՝ հրաժարած, Վրացեան՝ վարչապետ. ՀՀ խորհրդարան, 23 նոյեմբեր 1920

Հայաստանի Պարլամենտ

Պարլամենտի ամսիս 23-ի արտակարգ նիստը

Նիստը բացւում է երեկոյեան ժամը 3ին: Ներկայ են 35 պատգամաւորներ:

Նախագահում է ՅՈՎՀ. ՔԱՋԱԶՆՈՒՆԻՆ:

19 August, 2024

Ընկ. Հրաչ Փափազեանի Ազգային Փառաշուք Յուղարկաւորութիւնը

Երէկ՝ Հինգշաբթի, 18 Օգոստոս, առաւօտեան ժամը 9ին, Ս. Նշան Մայր Եկեղեցիին մէջ հանդիսաւոր շուքով տեղի ունեցաւ հանրային վաստակաւոր գործիչ, Հ. Յ. Դաշնակցութեան անձնուէր ղեկավարներէն ընկ. Հրաչ Փափազեանի յուղարկաւորութիւնը, նախագահութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Զարեհ Ա.ի:

18 March, 2024

Ընկեր Դրաստամատ Կանայեանի Յուղարկաւորութիւնը

Ողբացեալ Ընկերոջ Աճիւնը Կը Հանգչէր «Հայրենիք»ի Սրահը

Աւելի քան 1500 հայրենակիցներ՝ Պոսթընէն եւ արուարձաններէն, ինչպէս նաեւ նահանգին զանազան շրջաններէն, շաբաթ եւ կիրակի օրերը, մարտ 10 եւ 11, յարգանքով խոնարհեցան ողբացեալ ընկեր Դրոյի դագաղին առջեւ, որ կը հանգչէր «Հայրենիք»ի սրահին մէջ, բազմաթիւ ծաղկեպսակներով շրջապատուած պատուանդանի մը վրայ:

06 February, 2024

Արեւմտահայ Բ. Համագումար. Առաջին Հանդիսաւոր Նիստը

Փետր. 6-ին Խորհրդարանի դահիճում տեղի ունեցաւ արեւմտահայ երկրորդ համագումարի առաջին հանդիսաւոր նիստը: Ներկայ են կառավարութան նախագահ Յ. Քաջազնունին, Խորհրդարանի ներկայացուցիչ Ս. Վրացեանը, կաթողիկոսի կողմից Գ. եպ. Էօրէքչեանը, այլեւ ներկայացուցիչներ զանազան կազմակերպութիւնների: Դահլիճը լի է բազմութեամբ:

31 January, 2024

Շաւարշ Միսաքեանի Ազգային Յուղարկաւորութիւնը

Իսկական ազգային յուղարկաւորութիւն մը կատարուեցաւ հինգշաբթի կէսօրէ ետք (1957, Յոնուար 31) , Փարիզի Ս. Յովհաննէս-Մկրտիչ եկեղեցիին մէջ:

«Յառաջ»ի խմբագրապետին դագաղը ծածկուած էր եռագոյնով եւ ծաղկեպսակներով: Աւելի քան 2 հազար հոգի, ժողովուրդը լեցուցած էր եկեղեցին, ներսը եւ դուրսը, ժամանակէն առաջ:

09 January, 2024

Տխրունի.– Արշակ Մուշեղեան (Եզիտ Արշակ)

Ցաւով կը տեղեկանանք, որ Յունուար 9ին Պրիւսէլի մէջ մեռած է ընկեր Արշակ Մուշեղեան (Եզիտ) երկարատեւ հիւանդութենէ վերջ: Յուղարկաւորութիւնը կատարուած է ձեռամբ Յովհ.  Ծ. Վրդ. Նալպանտեանի:

06 October, 2023

Տիկ. Անահիտ-Եփրեմի Մահը

Երկարատեւ եւ ծանր հիւանդութիւնից յետոյ, հոկտեմբեր 7-ի առաւօտեան ժամը 6ին վախճանուեց տիկին Անահիտ Եփրեմը:

Հ. Յ. Դաշնակցութեան Թանգարանի Բացումը

Փարիզ, 16 հոկտեմբեր

Մոնմորանսին Փարիզի ամենէն գեղեցիկ եւ պատմական արուարձաններէն մին կը ներկայանայ: Տարի մը առաջ, հոդ իր սեփական տան մէջ փոխադրուեցաւ Հ. Յ. Դաշնակցութեան կեդրոնական դիւանը: Ասոր կից, նոր գնուած շէնքին մէջ պիտի հաստատուի Հ. Յ. Դաշնակցութեան թանգարանը, որուն բացումը կատարուեցաւ կիրակի, հոկտեմբեր 4-ին: Թանգարանի շէնքը գնուած է Ամերիկա վախճանած ընկեր Արտաշէս Վանարեանի կողմէ կուսակցութեանը կտակած դրամով:

01 June, 2023

Ցեղակրօն Ուխտերու Առաջին Պատգամաւորական Ժողովը

Յունիս 1, Ուրբաթ երեկոյին բացուած է Ցեղակրօն ուխտերու առաջին պատգմ. Ժողովը Պոստոն, «Հայրենիք»ի սրահին մէջ: Պատգամաւորներ գացած են Միջին Արեւմուտքի եւ Նիւ Ինկլէնտի բոլոր հայաշատ կեդրոններէն: Հեռաւորութեն պատճառաւ պատգամաւոր ղրկած չէ Քալիֆորնիան:

06 May, 2023

Բարսեղ Մելիք-Գրիգորեան (Ղարամելիք)

Առաջին Սուրհանդակներէն.
Ղարամելիք, Հայկ-Մելիք Դադայեան, Բագրատ վարդապետ Թաւաքալեան (Զաքքի)
Նկարը՝ ՀՅԴ Պատմութեան Թանգարան Հիմնադրամին

Մայիս 6ին Թիֆլիսի մէջ մեռաւ Բարսեղ Մելիք-Գրիգորեան:

Քիչերուն ծանօթ է այս անունը. մինչդեռ հանգուցեալը մէկն էր այն այլեւս սակաւաթիւ վէտէրաններէն, որոնք բախտը ունեցած էին ողջունելու հայ ըմբոստացման արշալոյսը:

01 April, 2023

Ընկ. Արշակ Յովհաննիսեանի Մահն ու Յուղարկաւորութիւնը

Ապրիլ 1-ին, չորեքշաբթի, գիշերւայ ժամը 9-ին, իր բնակարանում, սրտի կաթւածի հետևանքով յանկարծամահ եղաւ Հ. Յ. Դաշնակցութեան վեթերաններից վաստակաւոր ընկեր Արշակ Յովհաննիսեանը, 70 տարեկան հասակում:

23 March, 2023

Գաղափարի Մեծ Ախոյեաններու Փառաւոր Յուղարկաւորութիւնը

(Մեր Սեփական Թղթակցէն)
Սօֆիա, մարտ 24, 1905

Դառն և տխուր իրականութիւնը իմացած կ'ըլլաք:

Վիշտեր կան, ցաւեր կան, որը մարդ չի կրնար բացատրել, այլ կ'զգայ միայն...

28 February, 2023

Սամսոն Թադէոսեանի Մահն ու Թաղումը

Մարտ 1-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Թաւրիզում մեռաւ յեղափոխական եւ բազմաշխատ ու երախտաւոր գործիչ Սամսոն (բուն անունվ Ստեփան) Թադէոսեանը, 75 տարեկան պատկառելի հասակում:

06 February, 2023

Արեւմտահայ Բ. Համագումարը

Առաջին Հանդիսաւոր Նիստը 

Փետր. 6-ին (1919) Խորհրդարանի դահճլիճում տեղի ունեցաւ արեւմտահայ երկրորդ համագումարի առաջին հանդիսաւոր նիստը: Ներկայ են կառավարութեան նախագահ Յ. Քաջազնունին, Խորհրդարանի ներկայացուցիչ Ս. Վրացեանը, կաթողիկոսի կողմից Գ. եպ. Չէօրէքչեանը, այլեւ ներկայացուցիչներ զանազան կազմակերպութիւնների: Դահլիճը լի է բազմութեամբ:

01 February, 2023

Արամի Թաղումը

Փետրւարի 1-ին Երևանում փակւած էին բոլոր պետական հիմնարկութիւններն ու պաշտօնական տները, որովհետև այդ օրը հողին էր յանձնւելու հայոց ժողովրդի մեծ զաւակներից մէկը՝ ներքին գործոց մինիստտր Արամ Մանուկեանը: