Ոչ պաշտօնական. Այստեղ կը հրապարակուին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան պաշտօնաթերթ «ԴՐՕՇԱԿ»-ի, եւ տարբեր երկիրներու մէջ, տարբեր ժամանակներու հրատարակուած Հ. Յ. Դաշնակցութեան պատկանող պաշտօնական կամ ոչ-պաշտօնական մամուլէն պատմական եւ կարեւոր լուրեր, յօդուածներ, տեղեկութիւններ:
18 May, 2022
Տեռօրիստական Գործողութիւններ. Պշարէ Խալիլ
01 December, 2021
Յակոբ Վարդանեան. Ճարտար, Մուրադ Խան
Սալնոյ Ձոր կրկին ցաւալի կորուստ մը ունեցաւ քաջարի Յակոբի նահատակութեամբ: Այդ երկիրը, հակառակ տաճիկ կառավարութեան բարբարոս և խժդժալի հալածանքներուն, միշտ ունեցաւ իր քաջարի զաւակները, որոնք դիւցազնական կռիւներով հայ յեղափոխութեան վարկը միշտ բարձր պահեցին և տեղական ժողովրդեան ամէն խաւերու մէջ յեղափոխական գաղափարը տարածեցին:
Նամակ Բաղէշէն
15 հոկտեմբեր 1900
22 October, 2021
Սերոբի Յիշատակին. Հայ-Գուսան
...«Այսպէս վերջացաւ մեծ
հիացում
Ու մեծ սարսափ ներշնչող
Սերոբ-փաշան,
Ազատութեան ծարաւի, իդէալով
տոգոր-
ւած, միշտ լաւին ձգտող մի
բնաւորութիւն»...
Դ.-ը Վ. ԲէԼՔ
Ոսկէ գագաթը բանձրիկ Նէմրութայ
Վա՛ռ-վառ կը շողայ մէջ Վանայ ծովուն.
Ազիզ անունդ, քաջ Սերոբ-փաշայ,
Ալմաստով փէլուն մէջ մեր սրտերուն.
Թո՛ղ արարքներուդ արժանի գովքն էլ՝
Խղճուկ գուսանիս անզարդ երգերում
Ջինջ աղբիւրի պէս գլայ, գլգլայ...
23 August, 2021
Պատմական Չարիք
I
Մենք թոյլ էինք անցեալ յեղափոխական կռւի ընթացքում, մենք զօրեղ չենք եւ այժմ: Զանազան կարգի, զանազան բնազդների հայեր, ընդունելով միեւնոյն երեւոյթը իբր փաստ, տարբեր բացատրութիւններ են տալիս դրան:
07 July, 2021
Տէրօրիստական Գործողութիւններ Մուշում
Մշոյ արդէն իսկ անտանելի վիճակը կրկին ծանրացաւ: Կառավարութիւնը ջանք չի խնայեր մեր բնաջնջումը օր առաջ տօնելու: Քրդերու վոհմակներ ազատ համարձակ իրենց սուրը կը շարժեն Դաշտին մէկ ծայրէն միւսը: Վերջին քանի մը օրերու մէջ պատահած սպանութիւներու թիւը 30-ի կը հասնի: Խասգիւղի մէջ սպանւած են 3 հոգի՝ Պետրոս Սահակեան, Կարօ Մակարեան և Ամպօ Յովսօյեան. Մոկունք գիւղէն 8 հոգի, Հացիկ գիւղէն 11, Ալվարինճ գիւղէն 3, Շմլակէն 1:
06 July, 2021
Հայ-Մակեդոնական Հայդուկային Խումբի Մը Կռիւը
![]() |
Նկարները՝ Անտոն (Խաչիկ Ասլանեան) եւ Փիթըր Սոկոլով |
(Նամակ Էտիրնէէն)
Ամսոյս 6-ին հայ-բուլղար յեղափոխական խումբ մը յարձակում գործեց քաղաքէս քառորդ ժամ հեռու գտնւող Տէրտլի Մուսթաֆա պէյի ագարակին վրայ: Խումբը, որ նպատակ ունեցած է Էտիրնէյի վալին գերի բռնել՝ լուր առած էր որ վալին նոյն օրը խնջոյքի հրաւիրւած էր յիշեալ ագարակին մէջ:
17 February, 2020
Հայ-Քրդական Յարաբերութիւնները
Բէդէրխանի որդի Աբտիւլրահման-բէյի կոչը քրդերին, որ տպագրում ենք «Դրօշակ»ի ներկայ համարում, թելադրում է մեզ մի քանի խորհդածութիւններ հայ-քրդական յարաբերութիւնների
մասին: