Posts

Showing posts from August, 2020

Արամ Արամեան (Աշոտ, Թաթուլ)

Image
Նկարը՝ ՀՅԴ Պատմութեան Թանգարան-Հիմնադրամ ին Դարձեալ կախաղան, դարձեալ նոր զոհ... Օգոստոս 9/21-ին, երկուշաբթի առտու արշալուսին – գրում է Կարինից մեր ընկեր ը– վաշտ մը զօրքի հսկողութեամբ՝ Արամեանը բանտէն կախաղանի վայրը առաջնորդեցին: Արամը առանց մէկու մը օգնութեան, հաստատ քայլերով պատւանդանի վրայ բարձրացաւ, վայրկենաբար հաւաքւած բազմութեանը դիմեց, քանի մը ազդու խօսքերով ձաղկեց տաճիկ կառավարութեան ոճիրները, յայտնեց թէ ինքը  հանգիստ հոգով կը զոհւի իր սիրած ազգին ազատութեան համար եւ ապա «կեցցէ՜ Յեղափոխութիւնը, Vive la Revolution!» գոչելով՝ ինքն իր ձեռքով չւանը վիզն անցուց...

Բաբկէն Սիւնի (Պետրոս Փարեան)

Image
«Մենք սուլթանին շատ խնդրեցինք կողկողագին ու լացինք, Աղի-աղի արտասուքով ձեռքն ու ոտքը լուացինք. Բայց նա չանսաց պաղատանքին ողորմելի հայերուն, Այժմ նայինք, նա կը լսէ որոտումը ռումբերին»: Կեցցէ՜ Յեղափոխութիւն, յարգա՜նք Յեղափոխութեան նահատակներուն: Մենք այս սրտաբուղխ բացագանչութիւնը կընենք, ըմբռնած ըլլալով սա ճղմարտութիւնը՝ թէ կեանքը առանց յեղափոխութեան արժէք չունի: Յեղափոխութիւնը տիեզերքին մէջ է արդէն: Մարդկային պատմութեան մէջ մեծ դարագլուխները յեղափոխութեան պղնձէ պատւանդաններուն վրայ բարձրացած են: Երբ ազգերը բարոյական եւ իմացական անկման մէջ են, յեղափոխական լծակը կռթնցնելու է անոնց, երբ թագակիր աւազակները, տզրուկ իշխանաւորները կը քամեն ժողովրդին կենսականութիւնը, յեղափոխութիւնը բոցեղէն սուր մը կը դնէ անոր ափին մէջ:

ՆՊԱՏԱԿ ԵՒ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ

Image
Ցարդ մարդկային ընկերութեան բարձրագոյն տիպը, բարձրագոյն որակը, բարձրագոյն մակարդակը ազգն է: Ազգէն վեր՝ մարդկային համախմբման աւելի բարձր տիպ, աւելի բարձր մակարդակ, աւելի բարձր որակ, քաղաքակրթութեան զարգացման ներկայ հանգրուանին, տակաւին գոյութիւն չունի: ...

Փառաց Պսակի Արի Վկան՝ Կարօ Սասունի

Image
« Մենք մահինն ենք, մահը՝ մերը, մարդու գործն է միշտ անմահ » ճշմարտութեան հաւատացած արժանաւոր հայն է, որ տակաւ-տակաւ կ'արմատանայ մեր հոգիներէն ներս՝ իր հետ անգամ մը եւս արմատացնելով այն հաստատ ու անվիճելի ճշմարտութիւնը, թէ գործով կ'իմաստաւորուի մարդուն գոյութեան իմաստը, գործին յարակայութեամբ մարդը կը նուաճէ ժամանակի անհորիզոն անջրպետը, կ'ըլլայ , կ'ըլլայ ժամանակին հասո՛ւ ձայնը, մշտաբորբո՛ք արեգակը, կենարա՛ր աւիւնը...

ԿՈՉ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ. Հ.Յ.Դ. Բիւրօ

Image
Հայ ժողովուրդ, Յիսուն տարի առաջ, իր զաւակներուն արեան գնով տակաւին նոր իր անկախութեան տիրացած հայ ժողովուրդը, իր քաղաքական եւ միջազգային իրաւունքներուն ճանաչումը կ'ապահովէր: Յանուն Հայաստանի Հանրապետութեան, 1920 Օգոստոս 10ին, Ա. Ահարոնեան դաշնակից պետութիւններու կողքին կը ստորագրեր Սեւրի դաշնագիրը:

Սեբաստիայէն Բագու (Մուրատի Յիշատակին)

Image
Սեբաստացի Մուրադի մահուան 12-րդ տարեդարձին «Յառաջ»-ը նուիրել է իր նոյեմբ. 22-ի համարը: Մի շարք յօդուածներ ու յիշողութիւններ վերակենդանացնում են անմահ հերոսի վսեմ նկարագիրը: Մենք ստորեւ առաջ ենք բերում միայն ընկ. Մ. Վարանդեանի մի քանի ոգեշունչ տողերը:

Հայոց Ազգային Խորհրդի փոխ նախագահ Ա. Սահակեանի ճառը Հայաստանի խորհրդարանի բացման նիստին

Image
Քաղաքացիներ, պատգամաւորներ Հայաստանի խորհրդի. Գերագոյն Հայոց Ազգային Խորհրդի կողմից ես պատիւ ունիմ այսօր բաց անել անդրանիկ նիստը Հայաստանի Խորհրդի եւ յայտարարել, որ այսուհետեւ սա է միակ լիազօր մարմինը՝ ամփոփող իր մէջ Հայաստանի հանրապետութեան պետական իշխանութիւնը: