Աղբիւրի եւ իր քաջարի խումբին գոյութիւնը կառավարական շրջանակներու բուռն մտատանջութեան նիւթն եղած է ժամանակէ մը իվեր:
Նոր կուսակալը Պօլսէն եկած ատեն յատուկ հրահանգ ստացած էր հնար եղածն ընել Աղբիւրը ողջ կամ մեռած ձեռք ձգելու համար:
Ոչ պաշտօնական. Այստեղ կը հրապարակուին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան պաշտօնաթերթ «ԴՐՕՇԱԿ»-ի, եւ տարբեր երկիրներու մէջ, տարբեր ժամանակներու հրատարակուած Հ. Յ. Դաշնակցութեան պատկանող պաշտօնական կամ ոչ-պաշտօնական մամուլէն պատմական եւ կարեւոր լուրեր, յօդուածներ, տեղեկութիւններ:
Աղբիւրի եւ իր քաջարի խումբին գոյութիւնը կառավարական շրջանակներու բուռն մտատանջութեան նիւթն եղած է ժամանակէ մը իվեր:
Նոր կուսակալը Պօլսէն եկած ատեն յատուկ հրահանգ ստացած էր հնար եղածն ընել Աղբիւրը ողջ կամ մեռած ձեռք ձգելու համար:
(Թարգմանւած ֆրանսերէն բնագրից)
Արդէն ազատւած Կրէտէն՝ սկսեց ապրել կանոնաւոր կեանքով:
Մի բուռն ժողովրդի հերոսական թափը մի անգամ եւս յաղթանակել տւեց արդարութեան սկզբունքը, որի դէմ դուք իզուր մաքառում էիք այնքան երկար ժամանակ:
Պարսկաստանի Կեդրօնական Կօմիտէի վճռով՝
Յունւար 3-ին (ն. տ.) երեկոյեան ժամը 6-ին մահւան պատժի ենթարկւեցան 9 նահատակ զինւորներու մատնութեան գործին գլխաւոր հեղինակներէն երկուքը՝ Ստեփան եւ Խուս Առաքել: Միւս մատնիչներու մասին Կօմիտէի վճիռը կը մնայ գաղտնի:
Gloria victis!
Տարօնի առիւծը նահատկւեր է:
Չենք կրնար չողբալ իր անսպասելի մահը եւ չհիանալ միանգամայն ժողովրդի այդ սրտոտ, աննկուն եւ հարազատ զաւկին վրայ:
Անոնցմէ էր Սերոբ, որոնց մայրերը բացառիկ աստղերու տակ կը ծնին, եւ որոնց հոգուն մէջ անցեալէն մոռցւած դիւցազնական վեհութիւն ու շնորհք մը կան:
(Նամակ Բաղէշէն)
Ապրիկ 24-ին (հ. տ.) Մուշէն քաղւած հեռագիր մը կը հաղորդէր տեղիս կուսակալին թէ Դաշնակցութեան Տարօնի գործիչներէն Գուրգէնը եօթը ընկերներով կը գտնւէր Մուշէն երեք ժամ հեռաւորութեամբ Ցրօնք գիւղը:
Վանի վերջին դէպքերու հետեւանօք քաղաքէն դուրս ելած երեք ընկերներ՝ Տիգրան Տէրոյեան (Վազգէն), խմբապետ շատախցի Միքէօ եւ վանեցի Արշակ յունւար 2-ին (ն.որ տ.ոմարով) Կուռուբաշի դաշտին մէջ կռւի կը բռնւին զիրենք հետապնդող 200 զինւորներու եւ ոստիկաններու հետ: Երեքն ալ կ'իյնան հոն քաջի մահով: Թշնամիին կորուստն անյայտ է:
![]() |
Նկարը՝ ՀՅԴ Պատմութեան Թանգարան-Հիմնադրամին |
![]() |
Նկարը՝ ՀՅԴ Պատմութեան Թանգարան-Հիմնադրամին |
Դարձեալ կախաղան, դարձեալ նոր զոհ...
Օգոստոս 9/21-ին, երկուշաբթի առտու արշալուսին–գրում է Կարինից մեր ընկերը–վաշտ մը զօրքի հսկողութեամբ՝ Արամեանը բանտէն կախաղանի վայրը առաջնորդեցին: Արամը առանց մէկու մը օգնութեան, հաստատ քայլերով պատւանդանի վրայ բարձրացաւ, վայրկենաբար հաւաքւած բազմութեանը դիմեց, քանի մը ազդու խօսքերով ձաղկեց տաճիկ կառավարութեան ոճիրները, յայտնեց թէ ինքը հանգիստ հոգով կը զոհւի իր սիրած ազգին ազատութեան համար եւ ապա «կեցցէ՜ Յեղափոխութիւնը, Vive la Revolution!» գոչելով՝ ինքն իր ձեռքով չւանը վիզն անցուց...