Showing posts with label «Աշխատանք». Վան. Show all posts
Showing posts with label «Աշխատանք». Վան. Show all posts

06 July, 2023

ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆ ԽԷՉՕ. Խաչատուր Ամիրեան

Մեր նորագոյն պատմութեան ինքնատիպ դէմքերից մէկն է Խէչօն, որ այսօր, մօտ քսան տարւայ հանրօգուտ գործունէութիւնից յետոյ, հրաժեշտ է տալիս մեզ՝ այս խորախորհուրդ օրերին, զոհ գնալով իր սիրած գործի, իր սիրած ժողովրդի արիւնահեղ պայքարի ռազմադաշտում:

Այդպէս էր վիճակւած նրան ու բնաւ անսպասելի չէր նրա համար այդ ձևի մահը:

07 July, 2022

Խէչօի Մահը


Յունիս 29ին, Սորփի մօտ, թուրքերը ծանր պարտութիւն կրեցին եւ մեծ զոհեր տալով խուճապի մատնուած՝ փախուստի դիմեցին: Միայն Դատվանի մօտ անոնք կարողացան հաւաքել իրենց ուժերը եւ ամրանալ անմատչելի դիրքերու վրայ: Մեր ուժերը հետեւելով անոնց, դիրքերը գրաւեցին անոնց դէմ հանդիման: Առժամանակեայ լռութենէն յետոյ, յուլիս 6ին վերսկոսւեցան տաք կռիւներ: Մեր աջ թեւը Անդրանիկի հրամանատարութեան տակ յարձակման դիմեց, կեդրոնը կը գտնուէր Դրօն. իսկ ձախակողմը՝ Քեռին: Ամբողջ օր տեղի ունեցաւ ուժեղ հրացանձգութիւն, մերոնք առաջ անցան մինչեւ Դատվան, փորձեցին ամրանալ գերեզմանոցի մէջ, բայց թշնամու սոսկալի կրակի տակ ստիպուած եղան յետ քաշուիլ:

19 May, 2022

Մեծ Նահատակներու Յաղթական Թաղումը

Վանի հայ ազատագրութեան պատմութեան մէջ երէկի յուղարկաւորութիւնը աննախընթաց պիտի ըլլայ. աննման Իշխանի եւ հերոս մարտիկներու մահը խթան մը եղաւ Վանեցիներու համար հերոսական պատմութիւն մը շինելու: Առտուն, տեղական հայ զինուորները շղթայ կազմած էին դագաղներու շուրջ: Հոն սեւ դագաղներուն մէջ շրջափակուած են յոշոտուած ու բզիկ բզիկ եղած մարմինները Իշխանի, Վահանի, Պօղոսի, Միհրանի եւ Բրուտեանի, թարմ ծաղկեփունջերը ծանրաբեռնած են արդէն անոնց քնացող աչքերը:

03 April, 2022

Անոնց Վերջին Օրը (1915 ապրիլ 3, ուրբաթ)

Անձրեւոտ ցուրտ առտու մըն է: Նորաշէնի հրապարակը կ'եռայ կրկին բազմագոյն ու շատախօս ամբոխով մը: Խուճապ մը, ջղագրգիռ վիճակ մը, ամբոխային իրարանցում մը ծայր է առած նորէն: Այս անգամ ո՛չ թանդանօթի ձայներ են լսուած, ո՛չ Անդրանիկ փաշայէն սուրհանդակ է եկած Արամփաշային, ո՛չ ալ Ռուսները կուգան... Շատախն է որ բռնկած է այս անգամ... Դող, կասկած եւ իրարանցում ծերերու, կիներու եւ վախկոտներու մէջ, ճրհուանք «վերջապէ՜ս»ի ցնծագին հոգւոց՝ երիտասարդներու քով:

28 October, 2019

Զաւարեան Մուշի Մէջ


910-911 ուսումնական տարին էր: Զաւարեան թողած Կովկասը՝ եկած էր կիսաւեր Տարօնը կենդանութեան ոգի եւ մտաւոր լոյս բերելու:

Նոյն տարուան դեկտեմբերին էր որ Զաւարեանի հրաւէրով Մուշ պաշտօնավարութեան կ'երթար Բաբերդէն, Կովկասէն, Վանէն ուսուցիչներու շարք մը: Վանէն գացողներու թիւը հինգ էր: Մեծ ոգեւորութեամբ ճանապարհ ընկանք դէպի Մուշ, տեսնելու Հայոց հին Աստուածներու, Մամիկոնեաններու, Տարօնի առիւծներու հայրենիքը, պաշտօնավարելու Դաշնակցութեան պատկառելի գործիչ Զաւարեանի ղեկավարութեան ներքեւ: