Posts

Showing posts from March, 2024

Դաւաճաններ. Սիամանթօ

Image
Մեռելներ կան որ պէ՜տք է անգամ մը եւս մեռցնել... Ահաւասիկ հրէշածին հայ Յուդայ մը եւս որ նողկանքի օր մը ծնեցաւ...: Բայց ո՜վ գիտէ, ո՞ր խաւարչտին, ո՞ր զզուելի եւ ո՞ր խուժանամատոյց աղիճին արգանդէն, Եւ ի՜նչ անէծքի, ի՜նչ դժնէ վարութեան, ի՜նչ քսմնտելի գիշերուան մը գարշանքին մէջ, Իր դժխեմ հայրը, կարողացաւ, չարաշուքօրէն այդ գեհենի որդին սաղմնաւորել:

Տիգրան Պզտիկեան (1882-1910)

Image
Պէյրութէն հասած հեռագրէ մը խորունկ ցաւով կ'իմանանք թէ Ատանայի Պզտիկեան ընտանիքի զաւակներէն Տիգրանը մեռած է Պէյրութի հիւանդանոցին մէջ ուր կը գտնուէր քանի մը ամիսներէ ի վեր:

Ք. Միքայէլեանի Մահը

Image
Յեղափոխական կուսակցութիւնները յանուն սխալ, միակողմանի հասկացւած յեղափոխականութեան յաճախ զոհեր են տալիս՝ գործի տեսակէտից ոչ միայն անօգուտ, այլ եւ վնասակար:

Ընկեր Դրաստամատ Կանայեանի Յուղարկաւորութիւնը

Image
Ողբացեալ Ընկերոջ Աճիւնը Կը Հանգչէր «Հայրենիք»ի Սրահը Աւելի քան 1500 հայրենակիցներ՝ Պոսթընէն եւ արուարձաններէն, ինչպէս նաեւ նահանգին զանազան շրջաններէն, շաբաթ եւ կիրակի օրերը, մարտ 10 եւ 11, յարգանքով խոնարհեցան ողբացեալ ընկեր Դրոյի դագաղին առջեւ, որ կը հանգչէր «Հայրենիք»ի սրահին մէջ, բազմաթիւ ծաղկեպսակներով շրջապատուած պատուանդանի մը վրայ:

Ալեքսանդր Խատիսեանի Շրջանը Հայաստանի Հանրապետութեան Օրերին

Image
Ճամբորդութիւն Դէպի Կարս-Արդահան Խատիսեանի շրջանի հետաքրքրական դրւագներից մէկը կազմում է դէպի Կարս-Արդահան տեղի ունեցած շատ հետաքրքրական ճամբորդութիւնը:

Դրօն Ե՞րբ Է Գալիս

Image
Երկու տարի առաջ, Հայրենիք այցելող ու վերադարձող «ուխտաւոր» մը պատմեց՝ արցունքը աչքերուն. –« Շատ բան տեսայ, շատ տեղ այցելեցի, շատ մեծութիւն գտայ ամէնուրեք: Սակայն ոչինչ յուզեց եւ յուսադրեց զիս այնքա՛ն՝ որքան ութսունամեայ ծերուկի մը հարցումը, Արարատի տեսութենէն վերադարձիս, ճամբուս վրայ:

Չալփափախ Միսակ Տանջոյեան

Image
Տաճկահայ երիտասարդ, մօտ 28-29 տարեկան: Յանդուգն կռւող՝ բառի ընդարձակ իմաստով: Մասնակցել է Անդրանիկի բոլոր կռիւներին եւ մասնւաորապէս Սասունի վերջին դէպքերին, միշտ էլ լինելով Անդրանիկի տասնեակում: Մասնակցել է կովկասեան կռիւներին եւ ամեն տեղ լինելով աւանգարդի մէջ ու միշտ մնալով անվնաս, այն համոզումն էր դուրս բերել, թէ «գնդակը մահացու չէ իրեն համար»:

ՍԱՄՍՈՆ ԽԱՆ. Ստեփան Թադէոսեան

Image
Սալմաստի Յեղափոխական Հնոցի Մղիչ Ուժը՝ ՍԱՄՍՈՆ ԽԱՆ 1 Մարտ 1945, Թաւրիզի մէջ կը մահանայ Հ. Յ. Դաշնակցութեան առաջին սերունդին վերջին վկաներէն Ստեփան Թադէոսեան, որ հայ ազատագրական շարժման պատմութեան մէջ անմոռանալի տեղ մը գրաւեց իբրեւ դէպի Երկիր կատարուած յեղափոխական թափանցումներու անզուգական գործիչը՝ Սալմաստի Սամսոն Խանը: