Այդ գիշեր հազիւ թէ քնող եղաւ քաղաքում: Ամէնքը գիտէին, որ լուսաբացին յեղաշրջում է լինելու: Երկուստեք տենդագին պատրաստութիւններ էին տեսնում: «Դաւադիրները» խումբ-խումբ հաւաքւում էին որոշ տներում, գրաւում էին առաջուց որոշուած դիրքերը: Բոլշեւիկները գնդացիրներով ու զօրամասերով ամրացնում էին կարեւոր կէտերը եւ կազմակերպում յուսահատ դիմադրութիւն: Քաղաքացիները պատրաստւում էին տօնելու ազատութիւնը...
Ոչ պաշտօնական. Այստեղ կը հրապարակուին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան պաշտօնաթերթ «ԴՐՕՇԱԿ»-ի, եւ տարբեր երկիրներու մէջ, տարբեր ժամանակներու հրատարակուած Հ. Յ. Դաշնակցութեան պատկանող պաշտօնական կամ ոչ-պաշտօնական մամուլէն պատմական եւ կարեւոր լուրեր, յօդուածներ, տեղեկութիւններ:
18 February, 2025
18 February, 2024
Ընդվզումի Տարեդարձը
Երէկ, տարեդարձն էր այն բուն շարժման, որ շղթաազերծ ալիքի մը պէս պոռթկաց Հայաստանի մէջ, թօթափելու համար բռնակալ, բարբարոս վարչաձեւ մը:
16 February, 2024
Համազասպ Սրուանձտեան (1873-1921)
1921 թուականին, Փետրուարեան համաժողովրդային ապստամբութեան նախօրեակին (Փետր. 16)՝ Երեւանի բանտին մէջ Չեկայի ձեռքով կացինահար սպաննուեցան յիւսունէ աւելի կալանաւորներ, որոնց կարգին նաե՛ւ յանդուգն ու խիզախ մարտիկ, հայ կամաւորական երրորդ գունդի հրամանատար եւ, մինչեւ իր դաւադրաբար ձերբակալումը, Նոր Պայազիտի հայ հանրապետական զօրամասերու պետ՝ Համազասպ Սրուանձտեան, Խաչէնի կռիւներուն մէջ իր խոյանքներով յայտնի «Ասկերանի հերոս»ը, որ աշուղական ծանօթ երգին մէջ կը յիշատակուի յարգանքով ու հիացումով.
07 March, 2023
«Սօվիէտական իշխանութիւնը տապալեցաւ». Վրացեանի հեռագիրը
Ուօշիկնթընի հայկ. դեսպանատունը մեզ կը հաղորդէ հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.–
Երեւան, Մարտ 7, 1921
Հայաստանի ժողովուրդին միահամուռ կամքով Սօվիտէական իշխանութիւնը տապալեցաւ Հայաստանի մէջ Փետր. 18-ին: Ժողովուրդը այլեւս չէր կրնար հանդուրժել պօլշեւիկ կարգերուն երբ բանտերը լեցուած էին հարիւրաւոր հայ մտաւորականներով, բոլոր հայ զինուորականները՝ մօտաւորապէս 1500 հոգի՝ աքսորուած Պաքու, հայ գիւղերը եւ քաղաքները ենթարկուած թալանի, բնակչութեան պաշարեղէնը եւ հագուստեղէնը փոխադրուած Ռուսիա:
02 March, 2023
Միհրդատ Միրզախանեան
Ծնած 1886-ին Վան-Քաղաքամէջ. հարուստ ընտանիքի զաւակ էր, իր կրթութիւնն առած էր Վանի Երամեան դպրոցին մէջ: Դաշնակցութեան յարկին տակ մեծցած ու դաստիարակւած՝ հարստութիւնը ոչ մէկ հրապոյր ունէր իրեն համար ու ան, իր առօրեայ կեանքին մէջ նոյնքան չարքաշ աշխատաւոր մըն էր, որքան հայ գեղջուկը. Աշխատանքի մարմնացումն էր ինք ու նաեւ իր ամբողջ էութեամբ ու խառնւածքով ռազմիկ հայրենասէր: Բնաւորութեամբ վերին աստիճանի անկեղծ, համեստ, բարեհամբոյր, հւիրասէր, զոհաբերող:
21 February, 2023
Գաբրիէլ Հացագործեան
Հայկական ազատամարտի նահատակները հազարներով են ու բիւրերով: Հազարները ծանօթ են մասամբ: Իսկ բիւրերը, անոնք որոնց ամէնօրեայ համեստ գործի ու մտածումի, խոնարհ կեանքի ու յօժար զոհաբերութեան փափաքին գնով է միայն, որ կանգուն ու կենսունակ է այսօր Դաշնակցութիւնը՝ մոռացւածներ են, տարաբախտաբար:
18 February, 2023
Մովսէս Գիւլնազարեան (1896-1921)
Մեր կուսակցական ընկերների շարքում իր խառնւածքով ու բնաւորութեամբ մի շատ հետաքրքրական դէմք էր Մովսէս Գիւլնազարեանը: Ընդամէնը վեց տարւայ հասարակական-զինւորական կեանք ունեցաւ, սակայն այդ էլ բաւական է, որ դասւի մեր լաւագոյն զինւորականների շարքում:
ՖԷՐԻՏ ՃԷՄԻԼ. Տիգրան «Ծամհուր» Ամսէեան
Իր կեանքն եղաւ անհատնում պայքարներու շարք մը, ինչպէս կեանքը իր անհամար ընկերներուն: Եղաւ անոնցմէ, որոնք անձնազոհութեան եւ յանդգնութիւններու ճամբէն քալեցին ու ինկան պատշէնի վրայ, ժպիտը երեսին:
16 February, 2023
Նատալիա Ամիրխանեան-Մուրադեան
18 February, 2022
ՊԶՏԻԿ ԱՐԱՄ. Արամ Յակոբեան
Միացեալ Կեդրոնական Վարժարանէն դեռ նախնական կրթութիւնը չստացած՝ ասպարէզ իջաւ գոյութեան պայքարը մղելու: Որպէս տան անդրանիկ զաւակ և երէց եղբայր՝ պարտականութիւն մը զգաց իր ձեռքի աշխատանքով թեթևցնելու ընտանիքի հոգերը, որ ամբողջութեամբ ծանրացած էին իր հօր՝ Յակոբի ուսերուն: Մեծ սիրով մը կապւած էր տանն ու ընտանիքին:
Փետրուար 18
Հայոց նորագոյն պատմութեան ամենէն շքեղ թուականներէն մէկը:
Անցած է արդէն երեսուներկու տարի, եւ, հակառակ ուրացումներու եւ դատապարտութեան խօսքերու, երթալով նոր փայլ կը ստանայ ան, իբրեւ ազատութեան թուական:
23 February, 2021
Բօլշեւիկեան Գազանութիւնները
22 February, 2021
Տպաւորութիւններ Բանտից
Այսօրւանից սկսած փոքրիկ յօդւածներով մենք կուտանք շատ համառօտ նկարագրութիւնը բանտային այն սարսափելի չարչարանքների, որոնց ենթարկւեցին վերջին ամիսների ընթացքին մեր հարիւրաւոր ընկերները – պետական գործիչներ, համալսարանի պրօֆէսէօրներ, գրականագէտներ, լրագրողներ, ռազմիկ ընկերներ եւ շատ ուրիշներ, որոնք հասան մահւան անդունդի եզրը, եւ յետոյ, հրաշքով ազատւեցան բօլշեւիկների պատրաստած նոր օրերի տանթէական դժոխքներից:
20 February, 2021
Փետրւարի 18-ի Պատմական Օրը
Կեցցէ Ազատագրւած Հայրենիքը
Վերջին հոգեւարքի օրերուն յուսահատական ճիգեր էին թափում «Կօմունիստ» կոչւած թափթփուկները բանտերն ու բազմատեսակ չեկաները լցնելով մեր լաւագոյն ընկերներին - «հակայեղափոխական» կոչւածներին:
Ամբողջ Երեւանի հայ մտաւորականութիւնը բանտի ու մութ նկուղների բաժին դարձաւ: Հիմնարկութիւնները դադարեցին գործելուց, - որոնք առանց այն էլ չէին գործում. ամբողջ պաշտօնէութիւնը ենթարկւած էր բանտարկելութեան:
19 February, 2021
Լրատու. Տիգրան Ծամհուր Սպանւած
Հայաստանի պարլամենտի եռանդուն անդամներից ընկ. Տիգրան Ծամհուր, որ ամբողջ երկու եւ կէս ամիս թագնւած էր բօլշեւիկների ձեռքը չընկնելու համար, սպանւած է փետր. 18-ի առաւօտեան՝ բօլշեւիկեան գնդացիրների կրակին զոհ երթալով: Դժբախտ Տիգրանը զոհ գացած է իր հայրենասիրական եռանդին: Շատերի հետ նա էլ մասնակցած է կռւի, եւ ընկած՝ դաւաճանների ձեռքով:
Համազասպ
...«Հայերի տէր Դաշնակցութիւն
Քաջեր ունի սրտալի,
Ամբողջ աշխարհ հռչակւեցաւ
Համազասպը պանծալի»...
Հայ աշուղական գրականութիւնը երեք տասնամեակներու ընթացքին ամբողջ հիւսք մը ստեղծած է հայ մարտական կուսակցութեան առաջաւոր դէմքերու եւ անուններու շուրջը:
18 February, 2020
Բոլշեւիկեան Իշխանութիւնը Տապալւած
Անակնկալօրէն, հայ ժողովրդի վզին ծանրացած բոլշեւիկական դաժան
իշխանութիւնը տապալւած է վերջապէս:
Ամբողջ երկու եւ կէս ամիս, աննկարագրելիօրէն ճնշիչ եւ թունաւոր մի մթնոլորտում հայ ժողովրդին ստրկացնելուց, նրա սիրտը, հոգին եւ զգացումները վերջնականապէս սպանել փորձելուց յետոյ, ընկերային յեղափոխութեան նշանաբաններովը փետրաւորւած արկածախնդիր բօլշիեւկների խաբուել այսօր այլեւս չկայ, նա տեղի է տւած ամենախայտառակ նահանջի ճանապարհը բռնելով: