Հայրենակիցներ.
Մեր Հայրենիքի ընդարձակ մէկ մասը՝ գրեթէ ամբողջ Զանգեզուրի գաւառը՝ ենթարկուած է երկրաշարժի մեծ դժբախտութեան: Գորիս, Սիսիան, Ղափան, Արևիք, Գողթն քար ու քանդ եղած են, 51 գիւղ աւերուած, 390 մարդ սպաննուած, 7420 վիրաւոր, մօտ 10,000 անասուն կորսուած: Եւ այս դեռ առաջին, հապճեպով հաւաքուած թիւերն են: Կարելի է երեւակայել, թէ ի՜նչ ահաւոր համեմատութիւններու կը հասնի աղէտին պարզած իրական պատկերը: