Posts

Showing posts from July, 2020

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՕՐԻԵՆՏԱՑԻԱ - Մեր Ուղին

Image
Իբրեւ հայ ժողովուրդի քաղաքական միակ ծաւալուն կազմակերպութիւն, մենք մեր բոլոր ուժերով կը ձգտինք գրեթէ յամենայնի իրաւազուրկ հայութիւն դարձնելու լի-իրաւ հայութիւն:

Քրիստափոր Միքայէլեան եւ Խանասորի Արշաւանքը

Image
1897-ի սկիզբները Թիֆլիզի մէջ կը կայանար Դաշնակցութեան Բ. Ընդհ. ժողովը, որը, սակայն, Երկրէն եւ արտասահմանէն չմասնակցող կարգ մը մարիններուն բողոքին վրայ, համարուեցաւ Ռուսաստանի ընդարձակուած շրջանային ժողով: 1898ին միայն կարելի եղաւ գումարել Բ. Ընդհ. ժողովը, որը երեք ամիս տեւեց եւ սահմանադիր ժողովի մը երեւոյթը առաւ, իր տուած որոշումներով, մշակած կանոնագիրներով եւ մասնակցող վայրերու եւ ընկերներու լրութեամբ:

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՕՐԻԵՆՏԱՑԻԱ - Առարկայական Մօտեցումի Մը Համար

Image
Կը հարցնենք ուղղակի.– Ի՞նչ է հայ ժողովուրդի քաղաքական գերագոյն նպատակը: Եւ կը պատասխանենք անվարան.– Հայ Դատի լուծումը: Միացեալ Հայաստանի եւ անկախ ու ամբողջական հայութեան վերակերտումը: Վերահայացումը Հայկական լեռնաշխարհի եւ հայրենացումը տարասփիւռ հայութեան:

Վահան Նաւասարդեանի Քաղաքական Կտակը

Image
Ասկէ եօթի տարի առաջ, 1949-ին, մեր անմոռանալի եւ մեծ ընկերը՝ Վ. Նաւասարդեան՝ կը հրատարակէր մեծարժէք գործ մը, «Բոլշեւիզմը եւ Դաշնակցութիւնը» խորագրին տակ: Գրքին մէջ առանձին գլուխ մը նուիրուած է մեր առօրեայ պայքարներուն («Ինչո՞ւ կը պայքարինք»): Այդ գլուխէն կը քաղենք հետեւեալ հատուածը, զոր կրնանք նկատել մեր հանգուցեալ ընկերոջ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿՏԱԿԸ, գրուած՝ յուզիչ եւ սրտագրաւ ոճով, այլ նաեւ հայրենասիրական ջերմ շունչով.