Showing posts with label «Հայաստան». Սոֆիա. Show all posts
Showing posts with label «Հայաստան». Սոֆիա. Show all posts

14 March, 2025

Գարեգին Նժդեհը՝ Քրիստափոր մասին

Խորհրդածութիւններ Քրիստափորի մահարձանի առաջ

-Նրանց գործերը կշռեցի եւ գտայ հաւասար իրենց փառքին – պատմական որոշ դէմքերի մասին ասում է պատմութիւնը:

Կշռեցի Քրիստափորի գործերը եւ գտայ որ նրա փառքը չի համապատասխանում իր գործերին, գտայ որ իր փառքն աւելի համեստ է քան իր գործերը, այդպէս պիտի խօսի վաղուայ անաչառ պամտութիւնը, այսպէս պիտի վկայէ ապագան:

06 May, 2023

Բարսեղ Մելիք-Գրիգորեան (Ղարամելիք)

Առաջին Սուրհանդակներէն.
Ղարամելիք, Հայկ-Մելիք Դադայեան, Բագրատ վարդապետ Թաւաքալեան (Զաքքի)
Նկարը՝ ՀՅԴ Պատմութեան Թանգարան Հիմնադրամին

Մայիս 6ին Թիֆլիսի մէջ մեռաւ Բարսեղ Մելիք-Գրիգորեան:

Քիչերուն ծանօթ է այս անունը. մինչդեռ հանգուցեալը մէկն էր այն այլեւս սակաւաթիւ վէտէրաններէն, որոնք բախտը ունեցած էին ողջունելու հայ ըմբոստացման արշալոյսը:

29 January, 2023

ԱՐԱՄԸ

Ապստամբութիւնը Թուրքիոյ մէջ կ'աճի, կ'անցնի մէկ գաւառէ միւսը: Հազիւ թւորքերը ահագին ուժեր կը շարժեն շրջանի մը դէմ, եւ ահա ապստամբութիւնը կը պայթի մէկ ուրիշի մէջ:

Վանի դէմ ղրկեցին կանոնաւոր հետեւազօրքի եւ հրետանիի խոշոր ուժեր, մեծ քանակութեամբ ասկէրներ կեդրոնացուցին Մուշի շրջակաները. ու ահա ապստամբութիւնը ընդգրկեց ամբողջ հարաւային Վասպուրականը, Բաղէշի, Տիգրանակերտի եւ Խարբերդի մէկ մասը:

21 December, 2022

Հրաշագործ Պարտաճանաչութիւնը. Նժդեհ

(Մի Էջ Հ. Յ. Դաշնակցութեան Հերոսամարտէն)

Սիւնիքը կը շարունակէր իր հիսաքանչ եւ ծանր գոյամարտը:

Եւ այս ոչ թէ հայ ցեղի մի հատուածի գոյութիւնը փրկելու կամ Հայաստանի անբաժան մասը մնալու համար – կրկնակ նպատակ, որն իրագործուած էր արդէն – այլ յանուն հայ մտաւորականութեան, որը բոլշէվիզմի գազանից մազապուրծ եւ հալածական, ապաստան էր գտել մեր լեռնաշխարհում:

08 June, 2022

Պանք Օթօմանէն-Պուէնոս Այրէս. Վարդան Շահպազ

(Դաշնակցութեան Դիւցազնամարտէն Էջ Մը)

Տաճկաստանի մէջ քիչ մը ամէն տեղ, սովորութիւն է որ չափահաս տղան օր առաջ կարգեն, տունը հարս մը բերեն, որպէսզի աշխատող ձեռք մը աւելնայ, որմէ մէկ երկու տարի յետոյ ալ տղան կ'ուղարկեն Պոլիս, որպէսզի երթայ փարա վաստկի, կառավարութեան տուրքը տալու համար: Պէտք է ըսել որ հայ գիւղացին բացի պետական տուրքէն ուրիշ դրամի պէտք չունի:

25 July, 2020

Քրիստափոր Միքայէլեան եւ Խանասորի Արշաւանքը

1897-ի սկիզբները Թիֆլիզի մէջ կը կայանար Դաշնակցութեան Բ. Ընդհ. ժողովը, որը, սակայն, Երկրէն եւ արտասահմանէն չմասնակցող կարգ մը մարիններուն բողոքին վրայ, համարուեցաւ Ռուսաստանի ընդարձակուած շրջանային ժողով: 1898ին միայն կարելի եղաւ գումարել Բ. Ընդհ. ժողովը, որը երեք ամիս տեւեց եւ սահմանադիր ժողովի մը երեւոյթը առաւ, իր տուած որոշումներով, մշակած կանոնագիրներով եւ մասնակցող վայրերու եւ ընկերներու լրութեամբ: