Ոչ պաշտօնական. Այստեղ կը հրապարակուին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան պաշտօնաթերթ «ԴՐՕՇԱԿ»-ի, եւ տարբեր երկիրներու մէջ, տարբեր ժամանակներու հրատարակուած Հ. Յ. Դաշնակցութեան պատկանող պաշտօնական կամ ոչ-պաշտօնական մամուլէն պատմական եւ կարեւոր լուրեր, յօդուածներ, տեղեկութիւններ:
19 May, 2025
Եփրեմ
07 May, 2022
Մեռաւ. Գ. Զօհրապ
ԵՓՐԵՄ (Մահւան Քսանամեակի Առթիւ) (1912-1932)
Արեւելքի տարեգրութեանց է՛ն մեծ եղելութեան եւ է՛ն մեծ թւականին առջեւ ենք:
Սուգ մը չէ այս մահը. Աւելի մեծ բան մը որ անուն չունի,– ծերունի եւ դողդոջուն Արեւելքի վերջին մարող լոյսը:
Մեծ Անհատները. Ռ. Զարդարեան
ԵՓՐԵՄ (Մահւան Քսանամեակի Առթիւ) (1912-1932)
Ասպետ, այո՛, բայց բախտախնդի՞ր: Ո՛չ, եւ հազար անգամ ո՛չ:
Մեռնող կտրիճը իր զէնքը չծախեց Զօրաւորին, ոչ ալ իր խիղճն ու արիւնը՝ ո՛եւէ Իշխանի, ո՛եւէ գահակալի,– որպէսզի դիակներու սանդուխով ան բարձրանայ դէպի փառքի բարձունքը:
Դէպի Իրանի Պանթէոնը. Է. Ակնունի
ԵՓՐԵՄ (Մահւան Քսանամմեակի Առթիւ) (1912-1932)
Որքա՛ն լեցուն էր այդ կեանքը:
Հազիւ աղուամազ բուսած երեսին, 22 տարի առաջ, երբ Տանջանքի վաթանից «հաւարը» հնչեց, նա էլ, թոթովախօս մի յեղափոխական, այնտեղ վազեց, Կուկունեանի խմբի հետ:
Ընկած Զինւորի Յիշատակին. Ս. Զաւարեան
ԵՓՐԵՄ (Մահւան Քսանամմեակի Առթիւ) (1912-1932)
Իրանի խորքերէն է, որ այս անգամ կուգայ կսկծեցուցիչ լուրը:
«Սահմանադրական բանակը յաղթական. հրամանատարը սպանւած»:
Հերիք չէին Մայր-Երկրի, հայ-թրքական ընդհարումների և այլ բազմաթիւ զոհերը, այժմ էլ հայ արիւնը կը թափւի հեռաւոր Պարսկաստանի մէջ: Կարծես քիչ էին մեր ներքին, ազգային ցաւերը, այժմ էլ հայ ուսի վրա կը ծանրանայ դրացի ժողովուրդի ապագայի հոգսը...