Նիկոլ Դուման (Մահւան 15 ամեակին առիթով)
Ժողովրդականութիւն վայելող մեր ականաւոր ընկեր Ռուբէնը իր «Հայ յեղափոխականի մը յիշատակները» գրւածքում «Հայրենիք» ամսագրի մէջ այսպէ՛ս է արտայայտւում Նիկօլ-Դումանի մասին - « Դումանը քաջածանօթ անձնաւորութիւն մըն է. անոր կեանքն այնքան հարուստ է արկածներով եւ անոր դերը մեր յեղափոխական շարժման մէջ այնքան մեծ է ու բազմակողմանի, որ պէտք էր ամբողջ առանձին հատոր մը նւիրել զինքը եւ իր գործը ներկայացնելու համար: Այստեղ կը բաւականանք միայն ըսելով, որ Դումանը Դաշնակցութեան ամենահին մրաւորական ֆէդային էր: Ան հեղինակութիւն էր մեր բոլոր ֆէդայինեուն համար, ամենահամեստ զինւորէն սկսած մինչեւ Հրայրը, Գէորգ Չաւուշն ու Անդրանիկը, բոլորն ալ հաւասար սիրով պատրաստ էին ենթարկւելու այդ Ղարաբաղցի լեռնականին պողպատէ կամքին »: