Ոչ պաշտօնական. Այստեղ կը հրապարակուին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան պաշտօնաթերթ «ԴՐՕՇԱԿ»-ի, եւ տարբեր երկիրներու մէջ, տարբեր ժամանակներու հրատարակուած Հ. Յ. Դաշնակցութեան պատկանող պաշտօնական կամ ոչ-պաշտօնական մամուլէն պատմական եւ կարեւոր լուրեր, յօդուածներ, տեղեկութիւններ:
11 December, 2024
Միքայէլ Թիւնիբէկեան
22 November, 2023
Վերջ Խարդախութեան
Ճիշտ հինգ տարի առաջ Պ. Վարդօ, խմբագիր «Շարժում»ի, իր թերթին միջոցաւ հանգանակութիւն բացաւ ու հաւաքեց հայ հասարակութիւնից մի կլորիկ գումար – 800 լէվ – պատրուակով որ այդ գումարը պիտի ծառայէր մի բարի գործի համար, ինչպէս ինքն էր յայտարարել, այսինքն ողբացեալ եղբօրս՝ Պետրոս Սիրէմճեանի ձեռագիրները ու կենսագրութիւնը տպագրելու, ամփոփելով զանոնք մի գրքի մէջ ու դրա հասոյթը պիտի յատկացուէր Հայ բանտարկեալներուն: Բայց մինչև հիմա ոչ մի բան չերևնալով մէջտեղ, հայրս դիմեց իրեն՝ հետևեալ նամակով և պահանջեց որ գէթ իր որդւոյն յիշատակները ետ վերադարձնէ:
20 November, 2023
Տերրօր. Վարդօի Խնդիրը
Ընդհանուր Ժողովը ապրիլի 28-ի նիստի մէջ, լսելով Վարդօի գործին համար կազմւած Դատական յանձնաժողովի մանրամասն զեկուցումը՝ եկաւ հետեւեալ եզրակացութեան.
23 March, 2023
Մատնիչը. Դանիէլ Վարուժան
01 January, 2023
Յարութիւն Միրաքեան
25 November, 2022
Սեւ-Քարեցի Սագօի Յիշատակին
![]() |
Նկարները՝ ՀՅԴ Պատմութեան Թանգարան-Հիմնադրամին |
Գըզըլ-Աղաճ գիւղի պետ եւ նշանաւոր վաշխառու Ճէզայիր աղան, իր երկու ծառաներուն հետ, երբ կը շրջագայէր, իր սրատես աչքերէն չի վրիպեցան երկու հայ, որոնք հեռուէն իրենց կը մօտենային: Անոնցմէ մին միջահասակ, թիկնեղ, խոշոր ու կլոր երեսով, սեւ եւ անոյշ աչքերով, լայն ճակատով մարդ մըն էր: Աղան, հետաքրքրութենէ մղուած, անմիջապէս մօտեցաւ անոնց եւ հարցուց առինքնող հայուն: