19 April, 2024

Յուշ Մը Դանիէլ Վարուժանէն

Օսմանեան Սահմանադրութենէն (1908) վերջ, դպրոցական արձակուրդներուն, ծննդավայրս՝ Պարտիզակ ժամադրավայր եղած էր հայ մտաւորական ընտրանիին: Բոլոր անոնք, որ անգամ մը եկած այցելածծ էին այդ գեղեցիկ գիւղաքաղաքը, շինուած՝ լերան մը ստորոտը, բլուրի մը կողին, չէին մոռնար հմայքը «Ս. Մինաս»ի բարձունքին եւ իր սառնորակ վճիտ ջուրին, համայնապատկերը Վերի Արտերէն երեւցող սքանչելի վերջալոյսին, Լուսաղբիւրին, Դեղնութեան աղբիւրին, Ցատքան ջուրին (պզտիկ ջրվէժ մը), Պզուկ անտառին, հանրային պարտէզին, որոնց առինքնող գեղեցկութիւնները աւելի գերազանց ու բնական կը գտնէր փրոֆ. Աբրահամ Տէր Յակոբեան, քան Զւիցերիոյ նմանօրինակ տեսարանները, անոնցմէ շատերը արուեստական նկատելով: Անոնց կախարդիչ հրապոյրը կը պարտադրէր այցելուները՝ յաջորդ տարին եւս ժամադրուելու հոն, իբրեւ հիանալի ամարանոց, մտաւորական հաւաքավայր եւ հոգեպարար ուխտատեղի:

Պարտիզակի երիտասարդութիւնը, սնած ու մեծցած Դուրեան Սրբազանի շունչով, աւելի գրական հակումներ ունէր, քան գիտական: Համոզուած, որ միջավայրը խորապէս կ'ազդէ մարդոց նկարագրին վրայ, ես կը խորհիմ, թէ Պարտիզակի տեսարանները իրենց եզական գեղեցկութիւնով դիւթած էին երիտասարդներու հոգին, աւելի եւս զօրացնելով անոնց մէջ սէրը դէպի գիրն ու գրականութիւնը, դէպի բանաստեղծն ու արուեստագէտը:

Այս սիրոյն մէջ պէտք է փնտռել նաեւ գաղտնիքը այն սիրալիր ասպնջականութեան, զոր կ'ընծայէին անոնք իրենց մտաւորականներուն, լայնօրէն բանալով անոնց առջեւ դռները իրենց տնակին կամ հիւղակին:

* * *

Պարտիզակի մէջ ամէն ընտանիք իր սեփական տունը ունէր. այդ թուականներու գրեթէ ամէն տան բանալի իր դրան վրայ կը տնուէր, բացի գիշերներէն, երբ ընտանիքի անդամներէն վերջին եկողը բանալին կը հանէր վրայէն, կախելու համար զայն դրան ետեւ յատկապէս գամուած գամին վրայ: Ցերեկին այցելող ազգական, բարեկամ կամ հիւր, առանց զանգահարելու, իրենց իսկ ձեռքով կը դարձնէին բանալին ու կ'ելլէին վեր, երբեմն անակնկալի բերելով տան տէրերը:

* * *

Ամրան տաք եղանակին՝ տան բակերը շատ զով ըլլալուն, ուրիշ շատերու պէս մենք ալ մեր բակը կը նստէինք: Մեր տան գլխաւոր դռնէն զատ, արեւմուտքէն, ունէին երկրորդ փոքրիկ դուժ մը, որ կը բացուէր Վենետիկի Մխիթարեան Հայրերէն պարտիզակցի բանասէր Հայր Մկրտիչ Պոտուրեանի մօր՝ Վարդուհի մայրիկի բնակարանի ճիշդ դիմացը: Վարդուհի մայրիկը կատակասէր ու շէնշող կին մըն էր, սիրելի բոլորին՝ իր պարզ ու բարի բնաւորութիւնով:

Որքան կը յիշեմ, 1910-1911-ին Կ. Պոլսոյ հայ թերթերէն՝ «Ազատամարտ» իր էջերը կը զարդարէր գրագէտներու եւ բանաստեղծներու կուռ եւ գեղեցիկ գրութիւններով: Վարուժանի եւ Սիամանթոյի հոյակապ քերթուածները կը փայլէին թերթին առաջին էջին վրայ՝ Աւետիս Ահարոնեանի նկարին հետ: «Ազատութեան Ճանապարհին»ի հեղինակը, Վարուժանի եւ Սիամանթոյի հետ, պաշտամունքի կուռք էին դարձած հայ մտաւորականութեան: Մեր երիտասարդութիւնը ձեռքէ ձեռք կը խլէր թերթը. անոնց յօդուածները կը կարդացուէին հեւի հեւ, անհուն հրճուանքով:

Կիրակնօրեայ լսարաններու եւ հանդէսներու մէջ – կրթական կամ ազգային – արտասանութիւններու նիւթ էին դարձած. ի՜նչ խանդավառութիւն այդ օրերուն, անվերապահ ի՜նչ յարգանք ու անկեղծ սէր դէպի այն աննման գրագէտները, որոնց հայրենաշունչ եւ առաջնորդող գրութիւնները, իրենց կեանքին իբր ուղեգիծ, իբր «հաւատոյ հանգանակ» ընդունեցին: Այդ սքանչելի սերունդի առաջնորդները ափսո՜ս որ դժբախտ զոհերը եղան ապրիլեան ահաւո՜ր սպանդին...

Մեր տունը կը գտնուէր Ս. Մինաս եւ Վերին Արտեր տանող քովնտի փողոցին մէջ: Ամառ էր եւ հիւրեր լեցուած էին ամէն կողմէ:

Օր մը մեր փողոցին մէջ հանդիպեցայ խումբ մը երիտասարդներու, որոնք Վերի Արտեր կ'երթային. երիտասարդ ուսուցիչ մը՝ Մելքոն Յովսէփեան, զատուելով անոնցմէ, ձեռքով նշան ըրաւ ինծի, որ իրեն մօտենամ: Ցոյց տալով հեռացող խումբին մէջ մեր բարեկամ Յ. Խաշմանեանը, ըսաւ. «Հրանուշ, կը տեսնե՞ս Յակոբի քովի սա երիտասարդը, Դանիէլ Վարուժանն է»: «Ի՞՜նչ կ'ըսես», ըսի զարմանքէ ապուշ կտրած: «Այո, ըսաւ, համեստ երեւոյթով այդ պատուական երիտասարդն է հեղինակը «Հեթանոս Երգեր»ուն, «Ցեղին Սիրտը»ին: Խումբը կը հեռանար արդէն, եւ Յովսէփեան կ'աճապարէր անոր միանալ, իսկ ես իմ զարմանումիս մէջ հազիւ թէ կրցայ նշմարել Վարուժանի կիսադէմքը:

Այդ հանդիպումէն 3-4 օր ետք, իրիկնադէմին, մեր տան գլխաւոր դռնէն ներս մտան երկու երիտասարդներ, առաջինը Մելքոն Յովսէփեանն էր, որ ներկայացուց իր ընկերը՝ Դանիէլ Վարուժանը:

Ի՜նչ, Դանիէլ Վարուժա՜ն... Այդ հանճարեղ բանաստղեծը մեր համեստ բնակարանին մէ՜ջ... որքա՜ն հպարտ զգացի ինքզինքս. եկած էր մեզի՝ ապա երթալ տեսնելու համար նաեւ մայրը Հայր Մ. Պոտուրեանի, որուն հետ միասին եղած էին Վենետիկ, Մուրատ,Րաֆայէլեան վարժարանին մէջ:

Հետաքրքրուեցաւ երեխայովս, որ կը խաղար բակին մէջ փայտէ  ձիու մը վրայ նստած. ըսաւ թէ խելացի եւ արտայայտիչ աչքեր ունի եւ ապագայ խոստացող տղայ մը նէ: Երիտասարդ մօր սիրտս խայտաց ուրախութենէ: Պատուասիրեցի զինք լեմոնէ օշարակով. շատ ախորժահամ գտաւ զայն ու հարցուց թէ ե՞ս էի պատրաստած. Հաստատական պատասխանիս վրայ՝ յարեց. «Հայ կինը շատ նուրբ ճաշակ ունի, զոր կը յայտնաբերէ ամենուրեք, նոյնիսկ իր առտնին շատ պարզ գործերուն մէջ»: Յետոյ յանկարծ աւելցուց. «Բարեկամներս կ'ըսեն, թէ Պարտիզակի մէջ միակ կինն էք, որ գրականութիւնով կը հետաքրքրուիք. կը գրէ՞ք, տիկին, երբեմն»:

Որքան փայփայիչ, նոյնքան եւ աւելի անսպասելի այս հարցումը անակնկալի բերաւ զիս, սիրտս սկսաւ տրոփել ուժգին. շուարած ու շփոթած՝ դպրոցական աշակերտի մը պէս, որ քննութեան կը կանչուի իր չպատաստած դասին համար, յուզումս մատնող ձայնով մը ըսի. «Բայց, Պ. Վարուժան, գրականութիւնը սիրելի կամ անոնվ հետաքրքրուիլը տարբեր բան է, գրելը տարբեր. ես ի՞նչպէս կրնամ գրել...»:

«Գրեցէ՛ք, տիկին, գրեցէ՛ք», ըսաւ այնքան քաղցր ու վճռական շեշտով մը, որ կարծես դեռ ականջիս մէջ կը հնչէ իր մեղմ, բայց ազդու ձայնը: «Հայ կինը եթէ գրէ, շատ գեղեցիկ կը գրէ. դուք կը կարծէք, որ մենք՝ գրագէտներս՝ շատ դիւրի՞ն կը գրենք: Հաւատացէք, տիկին, որ ես գիշերներ լուսուցած եմ բառի մը համար, գիշերներ ամբողջ մինչեւ լոյս անքուն եմ մնացած փնտռելու եւ գտնելու համրա բառ մը, միակ բառ մը, որ ճիշտ իմ ուզած իմաստս տայ, առանց խաթարելու ոճին գեղեցկութիւնը: Քանի՜ քանի՜ անգամներ գրած ու սրբագրած եմ, մինչեւ որ գտած եմ յարմարագոյն եւ արտայայտիչ բառը: Գրեցէք, տիկին, գրեցէք»:

Այս խօսքերէն յետոյ հրաժեշտ առին մեզմէ եւ անցնելով մեր փոքրիկ դռնէն, գացին տեսնելու Հայր Մ. Պոտուրեանի մայրը:

Քանի մը օր վերջ պատեհութիւնը ունեցայ անգամ մը եւս տեսնելու Վարուժանը մեր ազգային վարժարանի հանդիսասրահին մէջ: Եկած էր ներկայ ըլլալու հայ Երժաշտասիրաց Միւոեթան կողմէ տրուած նուագահանդէսի մը, որուն կը նախագահէր Պարտիզակի Ամերիկեան Բարձրագոյն Վարժարանի տնօրէն մեծանուն հայասէր Տոքթ. Չէյմպըրս: Ան ներկայացուց  բանաստեղծը, որ դեռ նոր աւարտած էր Կանտի համալսարանը, եւ հրաւիրեց զայն, որ բանախօսէ: Վարուժան չմերժեց հրաւէրը եւ խօսեցաւ՝ իրեն նիւթ առնելով «Հերոս»ը, զոր պանծացուց խանդավառ զգացումով, իր շուրջ ստեծելով համակրանքի լայն ալիք մը: Այս աբանխօսութիւնը նոյն թուականին հրատարակուեցաւ «Ազատամարտ»ի գրական բաժնին մէջ:

* * *

Դժբախտաբար անցնող 37 տարիները շատ բան փոխեցին մեր ազգային նկարագրէն, խաթարելով հոգեկան մեր բարձր ընդունակութիւնները: Ջարդն ու աքսորը, հալածանքն ու գոյութեան կռիւը առիթ չտուին հայ կնոջ, որ արժեցնէ իր կարողութիւնները: Պէտք է դառնանք դէպի ետ, մինչեւ կէս դար, եւ պիտի տեսնենք, որ այդ շրջանի հայ կինը կը գտնուի պատնէշին վրայ, մշակ ու պահակ՝ ազգային արժէքներու: Երեսուն եւ եօթը տարիէ ի վեր մեր գրական աշխարհը տուաւ անշուշտ շնորհալի, գրող հայուհիներ, բայց կարծեմ չունեցանք կին գրողներ, որոնք կարենային հասնիլ մեր արժանաւոր գրագիտուհիներուն՝ Սրբուհի Տիւսարի, Զապէլ Ասատուրի եւ Զապէլ Եսայեանի տաղանդի բարձրութեան:

...Իսկ մեր ներկայ դարուն մէջ, ուր ամէն բանէ գերիվեր նիւթին ու նորոյթին սէրն է, որ կը տիրապետէ կնոջ զգացումներուն վրայ, եւ անոնց հասնելու կարելիութիւններն են միայն, որ երջանիկ կ'ընեն զինք, ո՞վ քաջութիւնը պիտի ունենայ զրկել ինքզինք թատրոնի եւ շարժանկարի սրահներէն, պարէն ու պարահանդէսէն, «փոքեր»ի սեղաններէն, արդիական երեւնալու բոլոր սնոտի ծայրայեղութիւններէն, որպէսզի կարենայ պահիկ մը գոնէ յատկացնել կարդալու անփոխարինելի հաճոքյին, կարդալով զարգանալու, մշակուելու, ազնուանալու եւ հայ կնոջ պատուաբեր անունին արժանի ըլլալու համար:

Այո՛, սիրելի Վարուժան, «հայ կինը շատ գեղեցիկ պիտի գրէր», եթէ սակայն սիրէր կարդալ, կարդար մանաւանդ իր մայրենի սքանչելի լեզուով գրուած դաստիարակիչ եւ հոգիները բարձրացնող գրական երկեր:

Հրանուշ Վարդերեսեան
«Հայրենիք», Պոսթոն
50րդ Տարի, Թիւ 11,196
Կիրակի, Փետրուար 20, 1949