Showing posts with label Բանաստեղծութիւններ. Show all posts
Showing posts with label Բանաստեղծութիւններ. Show all posts

22 August, 2025

Կախաղաններու Կատարէն. Սիամանթօ


Gloria Victis...

Մահակիր սիւները մթնշաղին մէջէն եղեռնաբար կը բարձրանան,
Պայծառ, սրտոտ եւ նուիրական որդիներուն համար տրտմաթախիծ Հայրենիքին,
Կարինէն Գաղատիա եւ Մարզուան եւ Պօլիսէն Իզմիր եւ Երիզա...
Եւ ամէն անգամ որ արեւակերպ հերոսի մը հռնդիւնը հովերուն մէջ մեռաւ,
Հեթանոս խուժանը կատաղօրէն վարն էր, հրապարակին վրայ, ցեխին մէջ եւ ցեխը ապականելով...
Եւ ցնծութենէ կ'ոռնար Ալլահին հրաւէրէն եւ ատելութեան ծափերէն մոլեգին:

11 March, 2025

Քրիստափորը Բանաստեղծ

Հ. Յ. Դաշնակցութեան Դիւանի պատմական նիւթերի մէջ պահւած է Քրիստափորի ձեռքով գրւած հետեւեալ երկու ոտանաւորը: Առաջինը, թւում է թէ, Քրիստափորի իր յօրինածն է եւ այնպէս հարազատօրէն յատկանշում է մեր մեծ վարպետի հոգին: Երկրորդը Քրիստափորի կատարած թարգմանութիւնն է ռուս բանաստեղծ Պ. Վէյնբերգից: Այս թանկագին նշխարները ներկայացնում ենք ընկերներին, իբրեւ անակնկալ նւէր Հ.Յ.Դ. Օրւայ առթիւ:

26 October, 2024

Զաւարեանի Հոգին. Սիամանթօ

Ահաւասիկ մօրդ արցունքն իմ ճակտիս,
Եւ իր աղերսն ու հեծեծանքը աչքերուս մէջ.
Ահաւասի՛կ զաւկիդ զարմանքն ու զարհուրանքը հոգիիս հետ՝
Եւ քե՛զ կուգամ քու մաքուր մահդ ողջունելո՜ւ...

24 October, 2024

Աղբիւր Սերոբ Վարդանեան. Սիամանթօ


Ո՜Վ ՄԱՏՆՉՈՒՄՆԵՐՈՒ եւ զօրութեան արքայակերպ հսկայ,
Ներէ որ ակնածութեամբ եւ եղբօր մը պէս դէպի քեզ յառաջանամ,
Եւ իմ տառապողի եւ տարփաւորի կարմիր քնարովս այս իրիկուն,
Քու ջատագովանքդ ու փառաւորումդ երգեմ քեզ պաշտողներուն համար:

23 March, 2024

Դաւաճաններ. Սիամանթօ

Մեռելներ կան որ պէ՜տք է
անգամ մը եւս մեռցնել...

Ահաւասիկ հրէշածին հայ Յուդայ մը եւս որ նողկանքի օր մը ծնեցաւ...:
Բայց ո՜վ գիտէ, ո՞ր խաւարչտին, ո՞ր զզուելի եւ ո՞ր խուժանամատոյց աղիճին արգանդէն,
Եւ ի՜նչ անէծքի, ի՜նչ դժնէ վարութեան, ի՜նչ քսմնտելի գիշերուան մը գարշանքին մէջ,
Իր դժխեմ հայրը, կարողացաւ, չարաշուքօրէն այդ գեհենի որդին սաղմնաւորել:

29 November, 2023

Խրիմեան Հայրիկ. Սիամանթօ

Ռուսահայաստանի Նահատակներու Յիշատակին

Եւ արիւնոտ Արարատին կատարներուն ստորոտէն,
Անոր ըմբոստացողի մրրկոտ շունչը, այսօր նորէն կը հնչէ:

29 September, 2023

Ջնջուած Յիշատակ

Բոցիկու սարին սեւ ամպն է չոքել
Հովն է հեծեծում Բասենայ դաշտում.–
Ոսկի երգերդ իմ ազիզ ընկեր,
Էն հովն է երգում Բասենայ դաշտում:

20 April, 2023

«Ցեղին Սիրտը». Նեմեսիս. Դանիէլ Վարուժան

Քերթողն հսկայ մրրըկավարս, հրաչուի,
Նըւիրական արուեստանոցն իր մըտաւ,
Եւ փակեց լայն պողպատ դռներն հապշտապ,
Փակեց փեղկերն երկնքին դէմ, որոնց նեղ
Ճեղքերուն մէջ մընացին
Արեգակին մազերն ոսկի, սանտըրուած:

02 April, 2023

Արգելափակ Անմահը

Ցեղիս մեծ զաւկին՝ Սողոմոն Թէհլիրեանին

...Ու գիշերը դարձեալ եկա՜ն, եկա՜ն, դժնէ մղձաւանջները անհատուցում վրէժին
Ու դուն ընդոստ ծնար չարչարանքի անկողնէդ, որպէս շանթը մրրկահար ամպրոպներէն
Այն առաւօտ ծագող արեւը եղերական քու կեսարական հոգիիդ պատգամեց,
Երբ հեթանոս Քուրմի մը պէս, Գերագոյն բաժակդ էիր իրեն ամբարձուցած...

23 March, 2023

Մատնիչը. Դանիէլ Վարուժան

Բաւակա՛ն է.– գընդակ մ'առած կը մեռնի,
Դէմքը գետնին, իբրև հողին սըրբութեան
Ներքև թաղել ջանար իր մեղքն հոլանի,
Իբրև ճընշէր մեծ դատաւորն իր վըրան:

15 March, 2023

Դիատապալ Մեծ Ոսոխը

Թալէաթին՝ ցեղիս դահճապետին

Ո՜վ անճառելի պահ երանութեան, անվերարտադրելի բերկրանք անխառն,
Քնաբեր աւետիսը մեռելներուն անքուն եւ խրախճանքը ողջերուն սգաւոր,
Մահապատգամը անտեսուած Իրաւունքին եւ պատասխանը անպաշտպան կարծեցեալ Նահատակութեան.
Հրեղէն բռունցքը սատակեցնող եւ մահաշեփորումը բոլոր Ոսոխներուն...

05 December, 2022

Փա՜ռք Ահաբեկիչներուն. Սիամանթօ

Եւ այսպէս, ձեր արդարակշիռ եւ երկաթեղէն ձեռքերն անպարելի,
Ձեր զինավառ ու կրակոտ կուրծքերէն կատաղաբար մեկնելով՝
Դաւադրութիւնն ու Ոճիրը անողորմ հարւածով մը դէպի հողը կը մխրճեն...

30 September, 2022

ՄԵՆԱԿ. Գէորգ Առստամեանց

Նկարները՝ ՀՅԴ Պատմութեան Թանգարան-Հիմնադրամին

Մանուկ հասակից նա սիրեց ազատութիւնը եւ իր նահատակւած ու կենդանի ընկերների հետ փարեց «Մահ կամ ազատութիւն» նշանաբանին:

22 October, 2021

Սերոբի Յիշատակին. Հայ-Գուսան

...«Այսպէս վերջացաւ մեծ հիացում
Ու մեծ սարսափ ներշնչող Սերոբ-փաշան,
Ազատութեան ծարաւի, իդէալով տոգոր-
ւած, միշտ լաւին ձգտող մի բնաւորութիւն»...
Դ.-ը Վ. ԲէԼՔ 

Ոսկէ գագաթը բանձրիկ Նէմրութայ
Վա՛ռ-վառ կը շողայ մէջ Վանայ ծովուն.
Ազիզ անունդ, քաջ Սերոբ-փաշայ,
Ալմաստով փէլուն մէջ մեր սրտերուն.
Թո՛ղ արարքներուդ արժանի գովքն էլ՝
Խղճուկ գուսանիս անզարդ երգերում
Ջինջ աղբիւրի պէս գլայ, գլգլայ...

31 August, 2021

Անդրանիկ. Սիամանթօ


ԻՆՔՆ էր որ Երազիս, մարմարեայ եզերքներուն վրայ, այս գիշեր,
Ապառաժի մը նման անյաղթելիօրէն ոտքի,
Իր ըմբոստացողի հրեղէն գլուխն աստղերուն մէջ մխրճելէն,
Ու իր ձեռքը ատելութեան սուրերովը զինած,
Հոգին փրկութեանը սիրովը հրաշացած եղբօր մը նման,
Որ եղբօր մը օտարացումէն իր հոգին կ'արիւնի,
Խօսեցաւ ինծի Ան, և իր բառերը իրարու ետևէ, և կարգ առ կարգ,
Խիստ էին և քաղցր և ճշմարիտ և քինայոյզ և առնական...

31 May, 2021

Ներբող. Սրտանց՝ Զօրավար Դրոյին

Ողջոյն արեւի՛դ, անառիկ գագաթ,
Աննկուն ասպետ,
Քեզ հազար ողջո՛յն, անխոնջ, խանդակաթ*
Կոչնակի գմբէթ...
Փառքիդ ազդակի յոյզերով լցուած,
Գրում եմ ահա
Փոքրագոյն մի ձօն, ո՛վ դարիս սիրուած,
Անյաղթ աժդահա:

24 October, 2019

Աղբիւր - Ժողովրդական Երգ

Խլաթի գաւառ,
Սոխորդ գեղ ըսւած,
Իրեն բնակիչ՝
Աղբիւր ջան
Բարիքով լցւած:

Պօղոս, Գրիգոր՝
Թիւրքին սիրական
Կ'ուզեն վերջացնել,
Աղբիւր ջան,
Ամբողջ Հայաստան:

18 October, 2019

ՔՐԻՍՏԱՓՈՐԻՆ


Դու անցար, հերոս, դէ՜հ հանգի՜ստ քեզ քուն.
Դու լուսադէմին մեռար լիայոյս,
Դու ճամբորդ էիր դէպ ազատութիւն,
Երբ դեռ հեռո՜ւ էր, հեռո՜ւ՝ արշալույս: